Սեպտեմբերի 3-ին մի խումբ ֆրանսահայեր Փարիզում բողոքի ցույց են արել, ի պաշտպանություն հայալեզու կրթության, եւ համապատասխան նամակ հանձնել Ֆրանսիայում ՀՀ դեսպան Վիգեն Չիտեչյանի, որը ներկայացնում ենք ստորեւ.
Այս բաց նամակով կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան յանձնել Հայաստանի մէջ օտարալեզու դպրոցներ բանալու ծրագրին պատճառած խոր մտահոգութիւնը որ կու գայ աւելնալու նախապէս գոյութիւն ունեցող այլ մտահոգութիւններու:
Քաջատեղեակ էք թէ ի՛նչ աստիճանի զգայուն ենք հայերէնին սպառնացող վտանգներուն. լեզու, որուն վերապրումը առընչուած է Հայու մեր գոյութեան յաւերժացման: Իսկ վտանգները, որոնք դիմագրաւելու պարտադրանքին կը բախի արեւմտահայերէնը, դժբախտաբար, ամէնօրեայ փորձառութիւն են մեզի համար: Ուստի, մեր նախաձեռնութիւնը չի կրնար զարմացնել ձեզ: Սփիւռքի Հայը խորապէս գիտակից է թէ այդ լեզուն անհետացման վտանգին ենթակայ է եւ թէ որքա՛ն կը տառապի ան, քանի' սպառնալիքի ենթակայ կենդանի լեզուները եւս կը տառապին, ինչպէս անհատները. փաստ որ կենդանի են տակաւին:
Այս նոյն սպառնալիքը կը նշմարենք Հայաստանի խորհրդարանին օրակարգին առնուած օրինագիծին մէջ: Չենք փափաքիր որ հայերէնին Սփիւռքի մէջ վիճակած տառապանքը բաժինը ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ գործածուած լեզուին:
Ընդհակառակը, 2015-ի ճակատագրական հարիւրամեակի շեմին, այսօր, կը մաղթենք որ ամբողջ հայ աշխարհը վերածնունդ մը ապրի, հիմնաքար առած' Մաշտոցի լեզուն:
Կիրակի, սեպտեմբերի 5-ին Հայաստանի մէջ ցուցարարներ կը դիմէին Օշական, որպէս պաշտպանութիւն հայերէնին, Հայաստանի ու Հայերու ապագային: Անոնք այդ կերպով
կը բողոքէին օտարալեզու դպրոցներու օրինագիծին դէմ որ կառավարութեան օրակարգին վրայ է. անոր պատճառաբանութիւնը այն է որ գիտութիւնը հարկ է օտար լեզուներով ուսուցուի, քանի որ հայերէնը ատակ չէ Հայաստանը առաջնորդելու դէպի արդի աշխարհը, մոռնալով թէ հայութիւնը ամէն տարի կը տօնակատարէ իր Թարգմանիչներուն սրբազան յիշատակը... Ուրեմն, ինչո՞ւ ջանքերը չկեդրոնացնել արդիականացումի առումով ամենակարեւոր բնագիրներու թարգմանութեան վրայ, զանոնք մատչելի դարձնելով առաւելագոյն թիւով անհատներու: Ինչո՞ւ առաջնային չընել օտար լեզուներու ուսուցումը հայկական վարժարաններու մէջ:
Ճիշդ հակառակն է որ կը սպառնայ պատահիլ. օտարալեզու դպրոցները, ինչպէս պարագան էր անցեալին, պիտի վիճակին «ընտրանի»ի զաւակներուն, աւելի խորացնելով խրամատը հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ, մանաւանդ որ երկրին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կազմեն այս վերջինները: Ոչ ոքի գաղտնիք է թէ հայերէնին այս արժեզրկումը ա՛լ աւելի պիտի հարստացնէ հարուստներու դասը որ պիտի գիտնայ շահագործել այդ դպրոցներուն քաշողականութիւնը: Հայալեզու Դպրոցները պիտի նկատուին ցած մակարդակով հաստատութիւններ, իսկ հայերէնը' ոչ թելադրելի, լուսանցքային, լքուած, անհաղորդ' աշխարհի ընթացքին: Եւ ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը, այլ խօսքով' գոյութիւնը, եւ անոր երկրին անկախութիւնը:
Ուստի, հայ ժողովուրդը թիրախ կ'առնուի ծանրակշիռ իրողութեան մը, որուն դէմ չենք կրնար անտարբեր մնալ:
Ինչպէս տեղւոյն վրայ պայքարող մեր եղբայրներն ու քոյրերը, կը դիմենք Հայաստանի կառավարութեան, որպէսզի օրակարգէն վերցնէ այս օրինագիծը: Ատիկա չըլլալու պարագային, կը դիմենք երեսփոխաններուն, որպէսզի անոր ի նպաստ չքուէարկեն:
Պիտի ուզէինք որ կառավարութիւնը ընդարձակ վիճարկում մը կազմակերպէր Հայաստանի մէջ ուսուցումին, անոր պայմաններուն, կազմակերպումին նիւթով, ընդգրկելով ստալինեան բռնակալութեան օրով ոտնակոխուած ուղղագրութեան վերադարձի հարցը:
Ո՛չ, չենք կրնար անտարբեր մնալ: Ամբողջ սրտով զօրակից ենք Հայաստանի մէջ պայքարի ելած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Այն յոյսով որ լսելի կ'ըլլայ մեր ձայնը, յարգարժան Պարոն դեսպան, ձեզի կը հղենք մեր հարգանքին հաւաստիքը:
2015-եան վերածնունդի խումբ

No comments:
Post a Comment