2005 Մայիսէն 2006 Հոկտեմբեր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը նախաձեռնեց Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ որոշեց զայն վերածել թանգարանի: Բռնագրաւեալ հողերու տարածքին առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիա կը ձեռնարկէր նման աշխատանքի մը: Նկատի ունենալով որ ցարդ ան կը շարունակէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իրագործելով հայկական մշակութային հետքերու անհետացումը, պայթեցնելով ու քանդելով մասնաւորաբար հայկական Եկեղեցիները, մշակութային բոլոր կոթողները՝ վերջապէս ամբողջական փաստերու անհետացումը: Թուրքիա աշխարհի երեսէն կ’անհետացնէ պատ-մութեան խորագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը հասած հայութեան գոյութեան փաստը:
Ի՞նչ փոխուած էր Թուրքիոյ մէջ, որպէսզի այս վերանորոգութիւնը կատարուէր:
Մեր կարծիքով տակաւին ոչինչ փոխուած է Հայերու նկատմամբ Թուրքիոյ վերաբերումէն: Այս առիթով կը կատարենք հետեւեալ հաստատումները.
Ա) Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը չէ կատարուած հայկական եկեղեցիներու ոճային ու կրօնական հնագիտական հասկացողութեամբ. հոն չեն յարգուած անհրաժեշտ հասկացողութիւնները: Նուազագոյն օրինակ մըն է խաչքարի մը ընկողմանած տեղադրումը եկեղեցւոյ պատերէն մէկուն մէջ իբրեւ այդ պատին բնական մէկ բաղկացուցիչը:
Բ) Հայկական Եկեղեցի մը կարելի չէ երեւակայել առանց խաչի, ինչպէս մզկիթ մը առանց մահիկի: Թրքական կողմը կը մերժէ Եկեղեցւոյ գմբէթի գագաթին զետեղել Խաչը, տալով զանազան անհիմն բացատրութիւններ:
Գ) Զբօսաշրջիկներուն Եկեղեցւոյ կառոյցին մասին կը ներկայացուին անճիշդ տեղեկութիւններ եւ կարծիքներ, թէ այն ազդեցութիւնը կը կրէ Օմայատներու եւ մոնկոլ թաթարական ցեղերու ճարտարապետութեան, ինչպէս երկար տարիներէ ի վեր կը պատահի Անիի աւերակներուն պարագային:
Դ) Վերանորոգութենէն ետք, 2007 Մարտին կատարուած բացումը քաղաքական աքթի վերածուեցաւ հայ-թուրք երկխօսութեան ծիրին մէջ, երբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի ներկայացուցիչը ներկայ գտնուեցաւ այդ արարողութեան:
Ե) Թրքական կողմը յարմար չի գտներ կրօնական թանգարանի մը վրայ խաչ դնելը եւ հոն պատարագ մատուցանելը: Հետեւաբար վերանորոգութիւնը կը միտի եկեղեցւոյ կառոյցը վերածել միմիայն թանգարանի:
Զ) Թրքական կողմը այս ոճրային բարենորոգման համար ծախսած է 1.4 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այդ գումարը տակաւին կարելի չէ եղած վերադարձնել մշակոյթի նախարարութեան գանձը, նկատի ունենալով որ անհրաժեշտ թիւով այցելուներ չէ ունեցած եւ հետեւաբար վերջին նախաձեռնութիւնը եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու կը միտի նաեւ անոր:
Է) Հիմնականօրէն, Թուրքիա Աղթամարի Սուրբ Խաչ կղզին վերածած է քաղաքական խաղաքարտի: Մէկ կողմէն Եւրոմիութեան անդամակցելու իսկ միւս կողմէն Հայաստան-Թուրքիա կապ հաստատելու, շրջանցելով Հայոց դէմ իր կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
Արդ, որպէս Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդ, Սեպտեմբեր 19-ին Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք «պատարագին» առիթով, կու գանք ընդգծելու հետեւեալները.
1. Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի անձին եւ ուսուցումներուն վրայ եւ ոչ թէ՝ քաղաքական ու դիւանագիտական խարթախութիւն-ներու վրայ. ինչ որ բացայայտ դիտաւորութիւնն է Ս. Խաչ եկեղեցին «վերակառուցողներուն»:
2. Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբեթին վրայ խաչ չզետեղելը ոչ ճարտարապետական հարց է եւ ոչ իսկ՝ մետաղեայ առարկայի մասին է. այլ՝ խաչի նշանով խորհրդանշուող՝ Աստուածային սէրը, ներողամտութիւնը եւ մարդկութիւնը փրկելու եւ իրեն վերադարձնելու Քրիստոսի զոհաբերումը անտեսելու արտայայտութիւն է:
«Դուք ձեզ մի՛ խաբեք. Կարելի չէ Աստուծոյ քթին խնդալ» (Աստուածաշունչ, Գաղատացիներու նամակ 6.7):
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդ
15 Սեպտեմբեր, 2010

Tehran Time
Yerevan Time

No comments:
Post a Comment