Saturday, April 24, 2010

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹՅԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆ

ԽՕՍՔ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95 ԱՄԵԱԿԻ ԵՒ Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 35 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրական պայքարը, որ գործնական թափ ստացաւ երեսունհինգ տարի առաջ` եօթանասունական թուականներու սփիւռքահայ սերնդի կողմէ, անցած է տարբեր փուլերէ` հայութեանն հասցնելով ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին: Այս տարիներու ընթացքին, հայութիւնը թօթափեց իր վրայէն ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակներու ջլատող ազդեցութիւնը, յեղաշրջուեց մթնոլորտը, վերագտնուեց անհետացած ինքնավստահութիւնը, իրաւուքներուն վերատիրանալու վճռականութիւնը: Պատմական այդ թուականէն առաջ, մոռցուած եւ անտեսուած էր ոչ միայն Հայ Դատը, այլեւ Հայութիւնը: Թուրք պետութիւնը, յաջողած եւ փակած էր պատմութեան այդ էջը, նկատի առնելով, որ տարանջատուած էր հայ ժողովուրդը, եւ իր կուսակցութիւններու ճամարտակութեամբ հանդերձ, անդամալուծուած ու կորսնցուցած էր գրեթէ իր պայքարելու կամքը, իսկ Խորհրդային Միութեան մէջ, որու տասնհինգ հանրապետութիւններէն մէկն էր Խ.Հայաստանը, ան յաջողեցաւ իր կշիռը բարձրացնել այդ թուականէն ետք միայն: Փաստորէն այն ինչ անկարելի եւ անհաւանական կը թուէր տեղի ունեցաւ. 1975-ին նորագոյն ազատագրական պայքարն սկիզբ առաւ, երբ խօսքին միացաւ գործը: Գործ, որ խօսքէ աւելի յանձնառութիւն էր եւ զոհաբերութիւն: Անակնկալ, ուժգին եւ յաճախակի գրոհները խուճապի եւ ապա սարսափի մատնեցին թուրք պետութիւնը` անոր պարտադրելով վերատեսութեան ենթարկել Հայութեան անտեսման իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ան ականատես կըլլար, որ մահուան դատապարտուած ժողովրդի զաւակները հանդգնած էին խօսիլ նոյն լեզուով, այսինքն` ուժի լեզուով, որու գործածելու մենաշնորհը ժամանակին կը համարէր ինքզինք: Եւ այսպէս, աշխարհն ու մարդկութիւնը անդրադարձան յանկարծ, թէ Հայութիւնն աւելի քան կենդանի է տակաւին, եւ սեփականատէրն իր իրաւունքներուն: Յիրաւի, վերընձիւղած հաւատքով տոգորուած երիտասարդ սերունդ մը, երբեմն նոյնիսկ պատանի տղաք, ճիշտ ժամանակին ստանձնեցին յանձնառութիւնը` իրականութեան մէջ յապաղումով, նկատելով, որ վաթսուն թանկագին տարիներ մսխած էինք արդեն, անտեղիտալի վճռականութեամբ նետուեցաւ մահու եւ կենաց գուպարին մէջ: Հաւատաւոր այս սերունդը զոհեց ամէն ինչ` ընտանեկան յարկի եւ հօրեկան տան ջերմութիւն ու ապահովութիւն, հանգիստ, ուսում, ապագայ եւ նոյնիսկ իրենց մատղաշ կեանքը, իսկ ոմանք` տարիներ տառապեցան օտար բանտերու մէջ առանց ընկճուելու, նոյն անխախտ հաւատքով եւ վճականութեամբ: Հայութեան սրբազնագոյն առաքելութեանն ի սպաս իրենց հերոսական պայքարի եւ իրենց կեանքը զոհաբերած ըլլալու համար մեր երանաշնորհ նահատակներն արժանացան զիրենք ծնանող ազգի պաշտամունքին ու երախտագիտութեան: Համոզումն ու վճռականութիւնն է, որ մեզ հասցուցած է եւ կրնայ հասցնել դրական արդիւնքներու, մեծ յաջողութիւններու, այլապես` կեանքում բառացի առումով հրաշքներ չեն պատահիր: Ուժի գործածութիւնը, սակայն, թէ’ Սփիւռքի եւ թէ’ աւելի ուշ, Արցախի մէջ, Հայութեան ռազմապաշտութեան արդիւնքը չէր, այլ ընդհակառակը` ան Հայութեան պարտադրուած իրողութիւն մըն էր: Երկու պարագաներուն ալ, երբ արդարութիւն հաստատելու իր երկար տարիներու բոլոր խաղաղ ջանքերը ապարդիւն անցան, Հայութիւնը հարկադրուած դիմեց ուժի գործածութեան կամ ինքնապաշտպանութեան: Պատմական 1975-էն երեսունհինգ տարի հետո, տարբեր է ներկայ իրականութեան պատկերը: Յաղաթանակներ արձանագրուած են, նուաճումներ իրագործուած են, վերահաստատուել են որոշ ճշմարտութիւններ եւ հայութիւնը յաջողած է աշխարհին ընդունել տալ իր իրաւունքներու եւ հողային դատի անժամանցելիութիւնը: Աշխարհի մեծ ու փոքր պետութիւնները, այսօր, կամայ թէ ակամայ, կը յիշեն ու կ’ընդունին բարբարոսաբար ջարդուած եւ իրազրկուած հայ ժողովրդի մարդկային իրաւունքները, որը միակողմանի չեղեալ յայտարարած էր թուրք պետութիւնը: Այս լուսարձակի տակ պէտք է նկատի առնել նաեւ անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան ընծայուած մասնաւոր ուշադրութիւնն ու վերաբեմունքը: Ցեղասպանութեան 95-ամեակի եւ ՀԱՀԳԲ-ի հիմնադրման երեսունհինգ ամեակի առիթով, անհրաժեշտութիւն կը համարենք, նոր իրադրութիւններու, մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւերներու լոյսին տակ ընդգծել եւ յստակացնել շարք մը իրողութիւններ: 1. Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան ռազմավարական նպատակի հետապնդումը պարտադիր անհրաժեշտութիւն է ո’չ միայն, որպես մեր ժողովրդի բազմադարեայ բնօրրանի եւ Հայութեան դէմ իրագործուած պատմական արդարութիւնը սրբագրելու դիտանկիւնէն, այլեւ` կենսական է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգ եւ բնականոն գոյատեւման եւ զարգացման առումով: Հայութիւնը պէտք չէ հրաժարուի միջազգային պայմանագրով ճանաչուած եւ երաշխաւորուած իր այս իրաւունքէն: ՀՀ-ի աշխարհաքաղաքական խոցելի դիրքը, ապագային կրնայ ալ աւելի խոցելի դառնալ, դէպի արեւմուտք եւ հարաւ նայող փան-ադրբէջանական ծաւալապաշտական նկրտումներու հետեւանքով: 2. Թուրք պետութիւնը, որքան որ հզօր կը թուայ, նիւնքան ալ խոցելի է ու տկար: Ազգային խտրականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող Թուրքիա կոչուած հանրապետութեան մասնատումը կնկատենք շատ հաւանական եւ նոյնիսկ անխուսափելի: Այս իրողութեան լոյսին տակ, նոյնքան հնարաւոր է Հայութեան իրաւունքներու վերականգնումը: 3. Հայաստանի եւ Սփիւռքի ընկալումներն ու ըմբռնումները պէտք է մօտենան միմիանց: Այդ պէտք է կատարուի թէ կառոյցների ու մտաւորականութեան եւ թէ մասսայական մակարդակով: Այդ պատճառով, անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է Սփիւռքի արդիականացումը, ոչ միայն կառոյցներու, այլեւ ընկալումներու եւ մտայնութեան առումով: Սփիւռքի մէջ պէտք է արմատաւորուի, որ առանց արդիական կազմակերպուածութեան, առանց հզօր Հայաստանի առկայութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանն ինքնաբերաբար պիտի չհետեւի իրաւունքներու վերականգնումը, այլ ան միայն պիտի սահմանափակուի որպէս համերաշխութեան արտայայտութեան եւ որպես մխիթարանքի: Միւս կողմէ` Թուրքիայի փոքր քաղաքի մը բնակչութիւնը ունեցող ՀՀ-ը նոյնպես պարտաւորուած է կերտել որակեալ եւ արդիական պետականութիւն: Նման պետութիւն մը կրնայ ապահովել ՀՀ-ի անվտանգութիւնը եւ բնականոն զարգացումը եւ որը հպարտութեան եւ պաշտամունքի արժանի պիտի դառնայ, մանաուանդ Սփիւռքի մէջ ներշնչման աղբիւր դառնալով հատկապես Սփիւռքահայ երիտասարդ սերնդի համար` ապահովելով նրանց անվերապահ նուիրումը Հայաստանին: Սակայն Հայաստանի մէջ ցանկացած քաղաքական փոփոխութիւն կամ թեկուզ իշխանափոխութիւն, եթէ ան չի հիմնաւորուած նման տեսլականի վրայ, չի կրնար երաշխաւորել եւ իրականացնել այդ ցանկութիւնը: 4. Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ առընթեր կազմակերպուած խորհրդաժողովներն անհրաժեշտ են եւ կենսական: Սակայն իրենց աղմկարար երեւոյթով հանդերձ, մինչ օրս կազմակերպուած խորհրդաժողովները թէ ծրագրային եւ թէ կառոյցներու առումով եղել են անարգասիք: Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրումը դրական եւ նախնական քայլ կրնայ համարուիլ, որու աշխատանքի յաջողութեան հիմնական նախապայմանը շահարկումներէ զերծ ու նպատակային գործունէութիւնն է: 5. Հայաստանի որեւէ տարածք, բնականաբար, բոլոր հայերու հայրենիքն է: Այնուամենայնիւ, Սփիւռքը ՀՀ-ի նկատմամբ իր մտահոգութիւններու եւ ցանկութիւններու արտայայտութեան մէջ պէտք է հանդէս գայ նրբանկատութեամբ եւ զուսպ, որովհետեւ ՀՀ-ին վերաբերող քաղաքականութեան մշակումը, առաջին հերթին, հայրենաբնակ Հայութեան իրաւունքն է: Բայց եւ Սփիւռքի առաքելութիւնը սահմանափակել միայն ՀՀ-ին օժանդակութեամբ, կնշանակէ, Սփիւռքը դարձնել ՙարտերկիր՚` աղաւաղելով անոր դէմ իրականացած բռնի տեղահանիւթիւնն ու պատմական ոճիրը եւ, բնականաբար, այդ անարդարութեան դէմ անոր պայքարը: ՀՀ-ը, նիւնպես, բարոյական առումով Սփիւռքին սատարելու եւ զօրակցելու իրաւունքն ունենլով հանդերձ, իրաւականօրէն չի կրնար ներկայացնել Սփիւռքահայութիւնը, հանդէս գալ անոր անունով կամ պատասխանատու համարուիլ անոր գործունէութեան համար: Այս պարզ տրամաբանութենէն ելլելով, հայկական այն կուսակցութիւնները, որոնք թէ’ Հայաստանի եւ թէ’ Սփիւռքի տարածքին միաժամանակ գործունէութիւն ծաւալած եւ կառոյցներ հինած են, մէկ կողմէ` ՀՀ-ի մէջ իրենց յանձնառութիւններու եւ պարտաւորութիւններու պատճառով կրնան արգելակել եւ խոչնդոտել Սփիւռքի պահանջատիրական պայքարը, իսկ միւս կողմէ` Սփիւռքի մէջ իրենց յայտարարութիւններու եւ ստանձնած պատասխանատուութիւններու պատճառով եւ հետեւանքով արկածախնդրութեան մղել ՀՀ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը: 6. Սփիւռքը վերակազմակեպուելով միջազգային ատեաններերէ ներս եւ ամէնուրեք, պէտք է հանդէս գայ ինքզինք ներկայացնող կառոյցներով եւ ներկայացուցիչներով: Ինքնակոչ եւ ոչ ընտրեալ կազմակերպութիւնները չեն կրնար ունենալ ազդեցիկ ներկայացուցչական հանգամանք, որովհետեւ չեն ներկայացնէր Սփիւռքահայութիւնը եւ բնականաբար իրաւունք չունին խօսիլ անոր անունով: Այդ գծով կ’ողջունենք եւ կը զօրակցինք Սփիւռքահայութեան վերակազմակերպման ուղղութեամբ կատարուող ջանքերն ու փորձերը: 7. Հայաստան-Թուրքիա առնչութիւններու վերաբերեալ նշենք հետեւեալը: Ինչպես սեփական փորձն անգամ մը եւս ապացուցեց, Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվստահելի, անկանխատեսելի եւ անկառավարելի իշխանութիւն մը, որու մօտ ծաուալապաշտական ձգտումներն անչափ ուժեղ են: Եթէ այսօր տարածաշրջանային եւ միջազյային հանգամանքներն անոր չեն արտօներ Կովկասի տարածքին կրկնել հիւսիսային Իրաք ներխուժելու, Սուրիայի սահմանին ուժ կուտակելու եւ Կիպրոսի բռնագրաուման փորձը, սակայն աշխարհն ականատես դարձաւ Թուրքիայի Կրթական նախարարութեան կողմէ պատրաստուած եւ տարածուած քարտէզները, որտեղ ՀՀ-ը մաս կը կազմէ ՙնոր օտոմանեան՚ Թուրքիային: Ասոնք ոչ թէ պատմական քարտէզներ են, այլ ապագային միտուած …: Տնտեսական, սոցիալ-մշակութային եւ քաղաքական լծակներով Անկարայի` Կովկասի նկատմամբ մօտեցումը, նոյն նպատակը հետապնդող միջօցների փոխընտրութիւն կարելի է համարել: ՀՀ-ը Թուրքիայի վերաբերեալ իր մշակած քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն կ’արձանագրի, եթե ռազմավարական նշանակութեամբ հարցերուն չմօտենայ պահի եւ մարտավարական թելադրանքներէ մեկնած: 8. Արցախեան Հարցը բարենպաստ աւարտի հասցնելը, Հայութեան եւ ՀՀ-ի ներկայի ամենամեծ առաքելութիւնն է: Բանակցութիւններ վարելու դիտանկիւնէ ՀՀ-ը ունի քաղաքական դիրքերու շօշափելի առաուելութիւններ: Բանակցային փուլէն առկայ չէ խնդրի կարգաւորման գործընթացի մասին յստակ պատկերացում, չնայած իշխանութիւններու ներկայացուած հայանպաստ դիրքորոշումներուն, անորոշ են այն զիջումները, որոնք կրնան թոյլատրելի համարուիլ եւ չվտանգիլ հայկական պետականութեան ամրապնդման գործընթացը, ինչպէս Հայաստանի, այնպես էլ` Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններում: Արցախեան խնդրի բարենպաստ լուծում կը համարենք, եթէ ան ապահոուի, Արցախի ինքնորոշման ճանաչում, արցախահայութեան ֆիզիկական անվտանգութիւն, ՀՀ-ի ապագային աշխարհաքաղաքական դիրքի չթուլացում, անվտանութեան գոտիներու ապահովւում եւ անվտանգութեան գօտիներում հայկական շահերին հակասող խաղարարար ուժերի տեղակայման բացառում: Համոզուած ենք, որ Հայկական պետութեան ռազմավարութիւնը պէտք է յանդիսանայ Հայաստանի տարածքային եւ պետական ամբողջականութեան ապահովման անսասան գրաւականը: Եւ այս գործընթացի աննախադէպ խթան կը հանդիսանայ Արցախեան հարցի հայանպաստ լուծումը, որի համար համայն Հայութիւնը պէտք է դրսեւորի յաղթանակի կամք եւ իմաստութիւն: 9. ՀԱՀԳԲ-ը հայտարարած է, եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէ ներս, ոչ մէկ պաշտօնական ներկայութիւն ունի: Ոչ մէկ համակիր, նախկին անդամ կամ զօրակցող կազմակերպութիւն կներկայացնէ ՀԱՀԳԲ-ը եւ իրաւասու չէ խօսելու կամ յանձնառութիւններ վերցնելու անոր անունով: Ցեղասպանութեան 95-ամեակի եւՀԱՀԳԲ-ի հիմնադրման երեսունհինգ ամեակի առիթով կը խոնարհինք մեկուկես միլիոն անշիրիմ նահատակներու, նորագոյն ազատագրական պայքարի եւ Արցախեան հերոսամարտի բոլոր նահատակներու հիշատակին առջեւ, սրտաբուխ եւ ամենաջերմ ողջոյնի խօսք կուղղենք հայ ժողովրդի լաւագոյն զաւակներուն, որ տարիներ տառապեցան ազատազրկման մէջ եւ անխտիր բոլոր այն մարտնչողներուն ու համակիրներուն եւ անոնց բոլորի ընտանիքներուն, որ առանց անոնց ներդրման եւ զոհաբերութեան անկարելի պիտի ըլլար կերտել հերոսական այս պայքարը: Յաղթանակը մերն է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ 24.04.2010

No comments: