Friday, June 19, 2009

ՀՅԴ-ն կ’ամբաստանուէ անձնագիրերու կեղծման մէջ

«Առավոտ» 18-6-2009- Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ բուռն քննարկումները կը շարունակուին երկրի քաղաքական շրջանակներուն մօտ եւ մամուլի կողմէ: Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմի ամենէն ազդեցիկ դէմքերէն նկատուող երեսփոխան Միշէլ Մըր, որ աւելի քան 50 տարուայ դաշնակիցը եղած է ՀՅԴ-ի, երեքշաբթի հունիս 16-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, կասկածի տակ առաւ Պուրճ Համուտի քուէատուփերու արդիւնքները, ամբաստանելով հայկական կուսակցութիւնը կեղծ անձնագիրերու օգտագործման մէջ: «Հարց կու տամ, ուրկէ՞ եկան յաւելեալ 4000 հայ քուէարկողները: Արդեօ՞ք անոնք օգտագործեցին այն կեղծ անձնագիրերը, որոնք յայտնաբերուած էին ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ»,- յայտարարեց Միշէլ Մըր լրագրողներու ներկայութեան: Լիբանանի նախկին փոխվարչապետը բացայայտեց, որ առաւելագոյնը 9300 հայեր պէտք է մասնակցած ըլլային Մէթնի շրջանի ընտրութիւններուն, սակայն անոնց թիւը եղած է 13700, ինչ որ կասկածի առիթ կու տայ: Միշէլ Մըր յայտնեց, որ համապատասխան փաստաթուղթերը պատրաստելէ ետք, պիտի դիմուի Սահմանադրական Խորհուրդին՝ տուեալ ընտրաշրջանի արդիւնքները չեղեալ յայտարարելու համար: ՀՅԴ-ն Լիբանանի բոլոր ընտրութիւններուն միշտ ալ ամբաստանուած է հայկական քուէներ կեղծելու մէջ, օգտագործելով մեծ թիւով լիբանանահայերու երկրէն գաղթած ըլլալու պարագան եւ շատերու՝ արաբերէն լեզուին չտիրապետելու հանգամանքը: Միշէլ Մըր վերջերս դուրս գալով «Մարտի 8»-ի դաշինքէն, որպէս անկախ թեկնածու գլխաւորեց «Մարտի 14»-ի Լեռնալիբանանի ընտրական ցանկը: Երկարամեայ գործակցութեան պատճառով, ան դաշնակցութեան հետ համաձայնութեան եկաւ ընտրաշրջանէն ներս գտնուող հայկական միակ աթոռը բաց ձգելու՝ այդ կուսակցութեան թեկնածուին համար: Փոխարէնը, ՀՅԴ խոստացաւ իր ձայները տալ Միշէլ Մըրին: Սակայն, ըստ քուէարկութեան արդիւնքներու, դաշնակցութիւնը իր թեկնածուի ընտրութիւնը ապահովել է, ետք դրժած է իր համաձայնութիւնը, խաբելով իր նախկին դաշնակիցին: Յայտնենք, որ Միշէլ Մըր թէեւ ինք անձնապէս ընտրուեցաւ, սակայն իր ցուցակի միւս 7 անդամներէն 6-ը ձախողեցան 2-3 հազար ձայնի տարբերութեամբ: «Մասիս» շաբաթաթերթ

No comments: