28 մայիս, 2008-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին Լառնաքայի հին նաւահանգիստի մուտքին (Մարինա) հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ հայ գաղթականներուն եւ Մեծ եղեռնի նահատակներուն ի յիշատակ կառուցուած յուշակոթողին, ձեռամբ Կիպրոսի Հանրապետության նախագահ Դիմիթրիս Խրիսթոֆիասի:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան եւ Կիլիկիոյ աղէտէն ետք, հայ բազմահազար գաղթականներ, թուրքին եաթաղանէն մազապուրծ, իրենց փրկութիւնը կը գտնէին Կիպրոսի հիւրընկալ կղզիին վրայ, հանգրուանելով ճիշդ այն վայրը, ուր այսօր կառուցուած է յուշարձանը: Յուշակոթողը մտայղացումն էր արժանահիշատակ Պետրոս Գալայճեանի, որ իրագործուեցաւ շնորհիւ Կիպրոսի եւ Հայաստանի զոյգ պետութիւններու համագործակցութեան: Անոր հեղինակն է հանրաճանաչ ճարտարապետ Անկելոս Տիմիթրիուն, իրեն օգնական ունենալով Միխալիս Թրասուն: Քանդակագործն է յունաստանցի Եորղոս Կալաքալլասը:
Կոթողը ունի 2,5 մետր բարձրութիւն, վերացական ոճով խորհրդանշելով Թեւաւոր յաղթանակը եւ շրջապատուած է նռնենիներու եւ եղեւնիներու պուրակով: Պատուանդանի գրանիթեայ սալերը՝ քառալեզու արձանագրութեամբ ընծայած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Նռնենիները ընտրուած են որպէս հայ ժողովրդի յաւերժութեան խորհրդանիշ, իսկ եղեւնին՝ որպէս կիպրացի ժողովուրդի երկարակեցութեան խորհրդանիշ: Երկու ծառերը միասնաբար կը նշանաւորեն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմական միեւնոյն ճակատագիրը: «Թեւաւոր յաղթանակը» պերճախօս արտայայտութիւն է հայ ժողովուրդին վերապրելու, տեւելու եւ տոկալու աննկուն կամքին:
Նշենք, որ յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուած էր շուրջ երկու տարի առաջ՝ 24 նոյ. 2006-ին, ձեռամբ ՀՀ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի:
Կառուցման աշխատանքներուն մօտէն հսկեցին Լառնաքայի քաղաքապետը՝ Անդրէաս Մոյիսէոս, կրթական նախարարութեան կողմէ՝ Պետրոս Դիմիոտիս, Վասոս Եորկիու՝ խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ, կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, իսկ Տիգրան Գալայճեան՝ Գալայճեան հիմնարկին կողմէ, ՀՀ դեսպան Վահրամ Կաժոյեան եւ ճարտարապետը:
Ընդհանուր ծախսը եղած է 200.000 եւրօ, զոր հոգացած է գլխաւորաբար Կիպրոսի կառավարութիւնը: Իրենց մասնաւոր նիւթական մասնակցութիւնը ունեցան նաեւ Հայաստանը եւ Գալայճեան հիմնարկը:
Բացման հանդիսութեան քաղաքապետը յատկապէս շեշտեց, որ ծովեզերքի այս իւրահատուկ վայրը բացառիկ կարգով կը շնորհուի հայութեան որպէս յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, ինչպէս նաեւ վերապրողներուն: Ան աւելցուց, որ երբ յուշակոթողին գաղափարը ներկայացուեցաւ ողբ. Պետրոս Գալայճեանի կողմէ, քաղաքապետարանը, խախտելով վայրին անձեռնմխելիութեան սկզբունքը, զօրավիգ եղաւ անոր կառուցման: Արդարեւ, ըսաւ ան. «Այս վայրին վրայ առաջին անգամ ոտք դրին հայ գաղթականները 1923-ին եւ ջերմօրէն ընդունուեցան Կիպրոսի յոյն ժողովուրդին կողմէ: Ահա թէ ինչու յուշակոթողը կը խորհրդանշէ յատկապէս հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը»:
Իսկ դեսպան Վ. Կաժոյեանը նշեց, որ 93 տարի առաջ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ եղեռնը, սակայն անկէ երեք տարի ետք, ճիշդ այս օրը՝ մայիսի 28-ին, ան վերածնունդ ապրեցաւ եւ հիմնեց իր անկախ պետականութիւնը: Հայ ժողովուրդը միշտ ալ կրցած է յարութիւն առնել եւ վերսկսիլ իր կեանքը շնորհիւ նաեւ իր բարեկամներուն, որոնց մէջ է մասնաւորաբար Կիպրոսի ժողովուրդը: Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Խրիսթոֆիաս ողջունեց ներկաները այս պատմական առիթով եւ ընդգծեց Կիպրոսի հիւրընկալ, սրտաբաց վերաբերմունքը հանդէպ հայ ժողովուրդին Եղեռնէն անմիջապէս ետք եւ մինչեւ այսօր:
Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ կիպրահայութիւնն ալ իր տաղանդով եւ աշխատասիրութեամբ մեծ ներդրում ունեցաւ երկրի զարգացման ու վերելքին, նուաճելով Կիպրոսի եւ անոր ժողովուրդին ջերմ համակրանքը, յարգանքն ու սէրը: Հպարտութեամբ ան յիշատակեց, որ 1982-ին՝ Կիպրոս իր հոգիի պարտքը համարեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւրոպական առաջին պետութիւնն ըլլալով:
Միջերկրականի գեղածիծաղ ափերուն վրայ բարձրացած այս յուշակոթողը լուռ այլեւ պերճախօս վկան է մեր պատմական տխուր անցեալին, այլեւ մանաւանդ՝ պատմական աննահանջ երթի մեր աննկուն կորովին:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ,
Նիկոսիա, Կիպրոս, «Ազատ ձայնի» խմբագիր

No comments:
Post a Comment