Saturday, September 20, 2008

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՂԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ, ՍԱԿԱՅՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԿ ՇԱՀԵՑԱՒ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»
Անցեալ շաբաթ, երբ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի նախագահի հրաւէրով, 2010-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկու երկիրներուն ֆութպոլի ազգային խումբերուն խաղը դիտելու համար Հայաստան այցելեց, ես պատմութեան կերտումին ականատես դարձայ: Նախքան խաղը` կարգ մը հայեր ազգայնասիրական մեծ խանդավառութեամբ Հայաստանի համար կտրուկ յաղթանակ կը նախատեսէին, մինչ ուրիշներ վստահ էին, որ քաղաքական համերաշխութեան մթնոլորտին իբրեւ յարիր ելք, մրցումը հաւասարութեամբ պիտի աւարտի: Հայեր յանդիմանեցին տողերուս հեղինակը, երբ ան նշեց, որ թրքական զօրեղ խումբը շատ հաւանաբար յաղթէ եւ ֆութպոլի խաղերու` պետականութիւններու կողմէ կանխորոշուելու երեւոյթը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք դադրած էր գոյութիւն ունենալէ: Նախատեսութեանս համեմատ, Հայաստանի խումբը փայլքէ զուրկ եղող մրցումին ընթացքին աւելի ուժեղ, սակայն մեծ զգուշաւորութիւն ցոյց տուող թրքական խումբէն 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց: Երբ Թուրքիոյ նախագահին օդանաւը անցեալ շաբաթ օր Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը էջք կատարեց, ան դիմաւորուեցաւ պետական պատշաճ ընդունելութեամբ եւ հարիւրաւոր ցուցարարներու կողմէ: Հետագային, երբ ան Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպում ունենալու համար նախագահական պալատ ժամանեց, տեղի ունեցան յաւելեալ ցոյցեր, որոնք իրեն կամ իր այցելութեան դէմ չէին, այլ` Հայոց ցեղասպանութեան թրքական պետութեան մերժումին դէմ: Թրքական եւ հայկական մամուլները լայնօրէն քննարկեցին այդպիսի ցոյցերու պատշաճութիւնը: Կը հաւատամ, որ մեծապէս զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժել շարունակող թրքական պետութեան ղեկավարը Հայաստան այցելէր եւ ոչ մէկ հայ անոր յիշեցնէր, որ շարունակուող անարդարութիւն մը եւ երկու երկիրներուն միջեւ դեռ չկարգաւորուած խնդիրներ գոյութիւն ունին: Այդ ցոյցերու բացակայութեան Թուրքիոյ նախագահը կրնար այն սխալ եզրակացութեան յանգիլ, որ հայաստանցիները Թուրքիոյ հետ հարցեր չունին, եւ թէ` Ցեղասպանութեան հարցը միայն սփիւռքահայերու կողմէ կ’արծարծուի, մանաւանդ որ հաղորդուեցաւ, թէ Ցեղասպանութեան հարցը երկու ղեկավարներուն կողմէ երբեք չէ քննարկուած: Նախագահ Կիւլի ուշադրութիւնը այս կարեւոր հարցին հրաւիրելու համար ՀՅԴ-ի անդամները մրցումին ընթացքին մեծ պաստառ մը բացին, որուն վրայ նշուած էր` «Ճանաչում եւ փոխհատուցում»: Բազմաթիւ հայեր դժգոհ էին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշած է Արարատ լերան նկարը հայ ֆութպոլիստներու տարազին վրայէն հանել: Անոնք այս քայլը Թուրքիոյ հաճոյալի թուելու անբաղձալի փորձ մը նկատեցին: Բայց եւ այնպէս, ֆութպոլի մրցումը նախագահ Սարգսեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին իւրայատուկ առիթ մը ընծայեց Երեւանի մէջ իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպում ունենալով` Արցախի տագնապը, երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը եւ Կովկասի կայունութեան եւ համագործակցութեան ուխտի թրքական նախաձեռնութիւնը քննարկելու: Արտաքին գործոց երկու նախարարները կէս գիշերէն ետք երկար ժամերով քննարկումներ կատարելէ ետք որոշեցին իրենց քննարկումները շարունակել այս ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութեան ընթացքին: Մինչ այդ նախագահ Կիւլ հայաստանցի իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց 14 հոկտեմբեր 2009-ին Պոլիս գալով միասնաբար երկու խումբերուն միջեւ դարձի մրցումը դիտելու:Յստակ չէ, թէ անցեալ շաբաթ օրուան քննարկումներուն ընթացքին բաւարար յառաջդիմութիւն արձանագրուաշծ է: Երկու կողմերն ալ իրենց հանդիպումներէն ետք լաւատեսութիւն յայտնեցին: Բայց եւ այնպէս, կ’արժէ շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ շարք մը խորհրդածութիւններ կատարել. - Թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ կողմէ դիւանագիտական մեծ ճնշումներու ենթարկուած են իրենց երկարատեւ հարցերը լուծելու, բան մը, որ այդ օտար պետութիւնները կարող պիտի դարձնէ Կասպից ծովէն իրենց ուժանիւթի մատակարարումը ապահովելու եւ ներկայիս փակ սահմաններէ անցնող երկաթուղիներու ճամբով ապրանքներու փոխանակում կատարելու: - Վրացական-օսական-ռուսական տագնապը բարձրացուցած է Հայաստանի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը` ի վնաս Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի:- Թուրք պաշտօնատարներ, կը թուի, այսուհետեւ Արցախի տագնապի լուծումը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու նախապայման չեն նկատեր: - Նկատի ունենալով, որ նախագահ Կիւլ իր երկրին ընդդիմադիրներուն, իր վարչակազմին մէջ կարծր դիրքորոշման տէր կողմերու, ինչպէս նաեւ ազերի պաշտօնատարներու կողմէ Հայաստան չերթալու բուռն կոչեր դիմագրաւած էր, երեւակայեցէք, թէ որքա՛ն աւելի ճնշումներու պիտի ենթարկուի, եթէ մօտիկ ապագային որոշէ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել եւ Հայաստանի հետ փակ սահմանը բանալ: Վերջապէս, իւրայատուկ թուրքի մը եւ իւրայատուկ հայու մը միջեւ պատմական հաշտութիւն գոյացնելու շօշափելի քայլ մը արդէն իսկ յաջողած է: Հայոց ցեղասպանութիւնը մտայղացած երեք անձերէն մէկը եղող Ճեմալ փաշայի թոռնիկը` «Միլլիյէթ»ի լրագրող Հասան Ճեմալ այս շաբթուան սկիզբը Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ 1922-ին Թիֆլիսի մէջ իր մեծ հայրը ահաբեկողին թոռնիկին հետ: Հասան Ճեմալ քանի մը օր առաջ այցելեց Երեւան գտնուող ցեղասպանութեան յուշակոթող եւ հայ զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղեց:

No comments: