Tuesday, December 1, 2009

ՎԵՐՋ ԴՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆՆԵՐՈՒՆ ԱՂԱՒԱՂՄԱՆ

Անուն կայ, որ վարդի բոյր է, Կայ, որ սարի պաղ աղբիւր է, Կայ, որ քեզ տուն կանչող քոյր է, Կայ որ անուշ մօր համբոյր է…. Հայ անունըª պատիւը մեր` Միշտ լաւ գործի ծնունդ անմեռ: Յ.Շիրազ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ անհամբեր կը սպասէր Հայաստանի մէջ ՙԵրկքաղաքացիութեան մասին՚ օրէնքի ընդունման, որովհետեւ ան ունէր բարոյական մեծ նշանակութիւն` Հայկական Սփիւռքը ոչ թէ արտագաղթի արդիւնքով յառաջացաւ, այլ Ցեղասպանութեան հետեւանքով: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը զրկուեցաւ իր հայրենիքի քաղաքացին ըլլալու իրաւունքէն եւ Հայոց Մեծ Եղեռնէն 93 տարի ետք միայն վերականգնուեցաւ այդ իրաւունքը… Երկու տարի առաջ ՙԵրկքաղաքացիութեան մասին՚ օրէնքը գործողութեան մէջ դրուեցաւ, բայց պէտք է վկայել, որ ՀՀ քաղաքացիութեան դիմող սփիւռքահայերու թափը չէր համապաստասխաներ իրենց անհամբերութեան. ՙԱնձնագրերու եւ վիզաներու վարչութեան՚ տրամադրած տուեալներուն համաձայն, առ այսօր ՀՀ քաղաքացիութեան դիմած է ընդամէնը 4910 քաղաքացի, որոնք առաւելաբար վերջին տարիներուն որեւէ ձեւով կապ ունեցած են Հայաստանի հետ: Բնականաբար այս երեւոյթը ունի տարբեր պատճառներ: Յիշեալ օրէնքը բացեր ունենալու մասին կը վկայեն շատ շատեր, նոյնիս կառավարութեան անդամները: ՀՀ նախագահը յանձնարարած էր արտաքին գործերու եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան` համատեղ քննարկել խնդիրները եւ լուծում տալ անոնց: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ներկայացուած նախագծի համաձայն, 26-11-2009 թուականին կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին, գործադիրը քննարկեց ՀՀ քաղաքացիութեան դիմողներու անուն-ազգանունները անգլերէնէն ուղղակի տառադարձելու խնդիրը, որուն պատճառով անունները այնքան կ՛աղաւաղուէին, որ ենթական կը հրաժարէր անձնագիրը ստանալ (Սեւակը կը դառնար Սիֆաք, Յակոբը` Հագոպ, Վարդուհին` ֆարթուհի, եւ այլն): Առ այդ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը առաջարկած է փոփոխութիւն, որուն համաձայն անունի եւ ազգանունի անգլերէնէն հայերէն տառադարձումը պիտի կատարուի գրական հայերէնով (դասական կամ նոր ուղղագրութեամբ): ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած ազգութեամբ հայ օտարերկրեայ քաղաքացիի միջնորդութեան պարագային, անոր անունի եւ ազգանունի հայերէն տառադարձումը կրնայ կատարուիլ իր` սփիւռքահայու նախընտրած տարբերակով, այսինք` այնպէս ինչպէս ենթական կը գրէ իր անունը, իսկ տառադարձման կանոններով չկարգաւորուող, առանձնակի դժուարութիւններ ներկայացնող պարագաներուն` պէտք է հիմք ընդունուի ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան լեզուի պետական տեսչութեան կողմէն տրուած տեղեկանքը: Նոյն հիմքը ընդունուած է նաեւ տաս տարուան յատուկ կեցութեան կարգավիճակի անձնագրերու համար: Երկքաղաքացիութեան դիմողները մեծ թիւ չեն կազմեր` նաեւ այն պատճառով, որ պահանջուած թուղթերը երկար ժամանակ կը խլեն դիմորդէն: Անոնց զգալի մասը իրենց փաստաթուղթերը պատրաստելու համար յաճախ գործ կ՛ունենայ երեք երկիրներու պետական կառոյցներու հետ` այն երկիրը ուր ծնած են, այն երկիրը ուր կ՛ապրին, այն երկիրը ուր պիտի դիմեն երկքաղաքացիութիւն ընդունելու: Այդ պատճառով ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ ներկայումս պարզեցւում են կառուցակարգերը: Կայ նաեւ այլ պատճառ£ 20-27 տարեկան սփիւռքահայերէն ոմանք երկքաղաքացիութիւն ստանալ չեն ուզեր` ՀՀ բանակին չծառայելու համար: Ինչքան ալ մեծ ըլլան դժուարութիւնները, այնուամենայնիւ յաղթահարելի են: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է տէր դառնայ իրեն շնորհուած իրաւունքին` դիմում ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու համար եւ վայելէ այդ երանելի պահը ապրելու բերկրանքը: Ի վերջոյ երբ Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը աճի, երկրի դիրքը կ՛ամրապնդուի, որովհետեւ միջազգային ասպարէզի մէջ, երեք միլիոն կազմող երկիրը եւ հինգ միլիոն քաղաքացի ունեցող երկիրը տարբեր կշիռներ ունին: Այսինքն` աշխարհի մէջ մեր թուաքանակը համապատասխան զօրութիւն պէտք է ունենայ: Նայիրի Մկրտիչեան-Տաղլեան

No comments: