ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԽՆԴՐԵԼ ՈՒՐԻՇ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱԼ 1915-ն Ալ Ցանկին Մաս Կը Կազմէ
«Մարմարա» օրաթերթ, Ստամբուլ, 25,11,2011: Վարչապետ Էրտողանի կողմէ պետութեան անունով Տէրսիմի համար խնդրուած ներողութիւնը շարժման անցուցած է նաեւ Մարդու Իրաւունքներու Միութիւնը: Միութեան վարչութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով ըսաւ որ ներողութիւն խնդրելու այս նախաձեռնութիւնը առաջին քայլ մըն է« ասիկա Թուրքիոյ մէջ ալ նորութիւն մըն է« Էրտողանը շնորհաւորելի է« բայց հիմա պէտք է հիմնուի Ճշմարտութիւններու Յանձնախումբ մը:
Միութեան անունով խօսեցաւ Էօզթիւրք Թիւրքտողան« որ ըսաւ որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին Ճշմարտութեան Յանձնախումբեր որոնց աշխատանքը միասնութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ« ո՛չ թէ անջատումի ու պառակտումի մթնոլորտ: Հիմա Թուրքիոյ մէջ կան տակաւին հարցեր որոնց մասին ալ քննութիւններ ու հրապարակումներ պէտք է կատարուին:
Այս խնդիրներու կարգին է նաեւ 1915-ին Հայերու դէմ գործուած անմարդկային յանցանքներու խնդիրը ու գործուած ցեղասպանութեան յանցագործները երեւան հանելու հրամայականը:
Ուրիշ խնդիրներու կարգին են Քրտական հարցի մէջ գործադրուած ձուլման քաղաքականութիւնը« փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած յանցագործութիւնները« զինուորական հարուածներու ընթացքին գործուած յանցագործութիւնները« բանտերու մէջ գործուած յանցանքները« պետական շարքերէ ներս Քոնթրկէրիլլայի կամ ԺԻԹԷՄի նման ապօրէն կազմակերպութիւններու գոյութեան խնդիրը« Տէրսիմի մէջ Քիւրտերու ու Ալէվիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները:
Էնկին Արտըչի Յօդուածը
ՏԷՐՍԻՄԻ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ՄԷՋ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐ
«Մարմարա» օրաթերթ, Ստամբուլ, 25,11,2011: «Սապահ»-ի քրոնիկագիր Էնկին Արտըչ այսօր Տէրսիմի մասին խնդրուած ներողութենէն մեկնելով կþանդրադառնայ նաեւ հայկական ցեղասպանութեան հարցին ու կը հարցնէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ հատուցում վճարելու հարց մը ծագի հայկական խնդրի կապակցութեամբ եւս: Արտըչի մեկնակէտը այն է թէ Վարչապետին ներողութիւն խնդրելէն վերջ հիմա կարգ մը փաստաբաններ արթնցեր են ու սկսեր են մտածել Տէրսիմի համար դատ բանալու ու հատուցում պահանջելու մասին: Որո՞ւ դէմ դատ պիտի բանաք« կը հարցնէ Արտըչ« Աթաթիւրքի՞ն դէմ« Ինէօնի՞ին դէմ« Սապիհա Հանըմի՞ն դէմ: Մինչդեռ դուռը բաց է ուղղակի Պետութեան դէմ դատ բանալու խնդրին մէջ« բայց ոեւէ մէկը պիտի մտածէ՞ ընել այսպիսի բան մը: Արտըչ ապա կը յիշեցնէ որ նմանօրինակ նեղութիւն մը կայ նաեւ հայկական կոտորածի խնդրին մէջ: Հոս Արտըչ հետաքրքրական յիշեցումներ ունի©
«Դուք մի նայիք այն աճպարարներուն որոնք «այս խնդիրը պատմաբաններու ձգենք» ըսելով գնդակը դաշտէն դուրս կը ղրկեն: Անոնք ալ արդէն հարցը պատմաբաններուն չեն ձգեր« պարզապէս ձգել կը ձեւացնեն: Դուք ասոր ցեղասպանութիւն ըսէք կամ ուրիշ բառ մը գործածեցէք« այսօր ամէնէն կատաղի ֆաշիսթն անգամ կþընդունի որ այդ թուականին ջարդ մը գործադրուեցաւ: Այս ֆաշիսթներն ալ հիմա կը ջանան գնդակը նետել դաշտէն դուրս:
Բայց այսօրուան ղեկավարները ինչո՞ւ իրենք զիրենք ստիպուած կը նկատեն պաշտպանելու հարիւր տոկոս Իթթիհատականներու կողմէ գործուած այս յանցագործութիւնը« հակառակ որ իրենք իշխանութեան գլուխ եկած են հակադրուելով Իթթիհատական հոսանքին: Ինչո՞ւ: Բանակին հետ գէշ մարդ չըլլալո՞ւ համար: Բայց բանակը յանցանք մը չունէր այդ խնդրին մէջ« յանցաւորները այդ շրջանի կառավարութիւնն ու անոր անիշխանական գործակիցներն էին: Ինչո՞ւ: Արդեօք անոր համար որ դեռ ժամանակը չէ՞ եկած: Կամ անոր համար որ այս խնդրին մէջ յանցաւոր են այն բարեկեցիկ դասակարգի մարդիկը որոնք այդ շրջանին թէ՛ ջարդեցին հայերը« թէ՛ նստան անոնց ապրանքներուն վրայ: Եթէ անոնց անցեալը գրգռէք« անպայման հայու արիւն ու հայու ապրանք կþելլէ« ատո՞ր համար է որ լռութիւն կը պահուի: Չէ՞ որ դրամի հարց կայ: Եթէ ցեղասպանութիւնը ընդունուի« անոր ետեւէն հատուցումի խնդիրը կուգայ: Պետութիւնը կը ստիպուի վճարել միլիոնաւոր տոլարներ: Սա շրջանին երբ քրտական ապստամբութեան համար 200 միլիառ ծախսուած է« մէկ մըն ալ հայո՞ց համար դրամ պիտի վճարէ պետութիւնը: Խնդիրը այս է ահաւասիկ: Բայց հիմնական հարցում մը կայ: Պետութեան մէջ հետեւողականութեան կամ շարունակականութեան սկզբունք կա՞յ թէ չկայ: Եթէ չկայ« ինչո՞ւ Տէրսիմի համար ներողութիւն կը խնդրէք: Իսկ եթէ կայ« ինչո՞ւ 1915-ը այս նիւթէն դուրս կը թողուք:

Tehran Time
Yerevan Time

No comments:
Post a Comment