«Ֆրանսայի հայ նախկին ռազմիկներու միութիւնը որոշած է իր զօրակցութիւնը բերել թրքական պետութեան վարած քաղաքականութեան դէմ՝ Սթրազպուրկի մէջ հացադուլի դիմած Քիւրտերուն»,- գրում է «Նոր Յառաջ»-ը և հավելում. «Հայ նախկին ռազմիկներու միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ «թրքական պետութեան կեցուածքին դէմ պայքարը ըլլալով նաեւ մե՛րը, շարժման կոչեցինք տեղական (Սթրազպուրկէն - «ՆՅ») հայկական միութիւն մը, որպէսզի կապի մէջ մտնէ անոնց հետ եւ յայտնէ մեր զօրակցութիւնը»: Հայկական այդ միութիւնը՝ «Արեգ»ը, եւ իր նախագահը՝ Շահէն Նաճարեան փութացած են տեղւոյն վրայ: Խորհրդակցութիւններէ ի յայտ եկած է, որ ներկայիս կայ ցուցարարներու բողոքին՝ մամուլի ճամբով լայն արձագանգ հանդիսանալու լուրջ հարց: Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ Սարսէլի քաղաքապետ Ֆրանսուա Փուփոնի եւս կը ծրագրէ յառաջիկայ օրերուն երթալ Սթրազպուրկ եւ ցուցարար Քիւրտերուն յայտնել իր զօրակցութիւնը: Համոզում կը յայտնուի որ թրքական լուծէն տուժած եւ տուժող բոլոր փոքրամասնութիւնները պէտք է միասնական պայքար մղեն. կ՚ըսուի թէ այդ ուղղութեամբ շարժում մը ծայր առած է: Հաղորդագրութիւնը կ՚աւարտի սապէս. «Հաստատումը պարզ է. բոլոր այս փոքրամասնութիւնները կ՚ողբան զանազան աղէտներ, որոնց հեղինակը նոյնն է: Եւ ան բնաւ նպատակ չունի սրբագրելու այդ կացութիւնը. ընդհակառակն՝ ժխտողականութիւնը կը սաստկանայ»»:
Saturday, April 21, 2012
Subscribe to:
Post Comments (Atom)


Tehran Time
Yerevan Time

No comments:
Post a Comment