Saturday, June 23, 2012

Հայերը կը շարունակեն մնալ թրքական մամուլի գլխաւոր թիրախը. Նոր Յառաջ

«Հրանդ Տինք» հիմնադրամին վերջերս պատրաստած տեղեկագրին համաձայն՝ Հայերը կը շարունակեն մնալ թրքական մամուլի՝ ատելութիւն սերմանող, վիրաւորական հրապարակումներուն գլխաւոր թիրախը: Հիմնադրամին մասնագէտները, դիտարկելով թրքական մամուլի 17 անուններու մէջ տեղ գտած հրապարակումները, նկատած են, որ վերջին ամիսներուն ազգամիջեան եւ կրօնական ատելութիւն, անհանդուրժողութիւն սերմանող հրապարակումներու թիւը զգալի կերպով մեծցած է թրքական տպագիր մամուլին մէջ: Այս տարուան միայն առաջին չորս ամիսներուն, խտրականութիւն քարոզող՝ աւելի մեծ թիւով հրապարակումներ լոյս տեսած են թրքական մամուլին մէջ, քան անցեալ տարուան ամբողջ ընթացքին: Արդարեւ, 2012 Յունուարէն Ապրիլ այդ բնոյթի հրապարակումներու թիւը հասած է 115ի: «Ատելութեան տարրեր պարունակող հրապարակումները ամենէն շատ ուղղուած են Հայերուն, անոնց կը հետեւին քրիստոնեաները ընդհանրապէս, ապա՝ Հրեաներն ու Յոյները», նշուած է տեղեկագրին մէջ: «Սեւ ցուցակ»ի հինգերորդ տեղը կը գրաւեն Ֆրանսացիները: Այս պարագան անմիջականօրէն առընչուած է հայկական խնդիրներուն, քանի որ դիտարկուած ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի պատժելիութեան օրէնքին քննարկումներուն: Ուշագրաւ է, որ թրքական պետութեան դէմ զինեալ պայքար մղող Քիւրտերը, թրքական մամուլին կողմէ շատ աւելի քիչ վիրաւորանքի «կ՚արժանանան», քան օրինակ՝ Հայերը կամ Յոյները: Այսպէս, ըստ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի հրապարակած ցուցակին, Քիւրտերը կը գրաւեն եօթներորդ տեղը: Հիմնադրամի մասնագէտները կ՚ըսեն, թէ բացասական այս հրապարակումները ուղղակի ազդեցութիւն կը գործեն փոքրամասնութիւններու ամէնօրեայ կեանքին վրայ:

No comments: