Այսու կը ծանուցանենք թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Տնօրէն Ժողովը իր 38-րդ նիստին մէջ, գումարուած 8 Նոյեմբեր, 2012-ին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռիս Պատրիարքական Տեղապահ՝ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի, որոշեց ընդհանուր Միաբանական Ժողով գումարել 2013 թուականի Յունուար 23, 24 եւ 25 օրերուն, ընտրելու համար նոր Պատրիարք մը, որպէս յաջորդ հոգելոյս Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանին, որուն վախճանումով Ս. Աթոռը թափուր մնացած է:
Կը յուսանք որ ընտրութեան աշխատանքները յաջողութեամբ կ’ընթանան եւ Երուսաղէմի Ս. Աթոռը կ’ունենայ իր արժանընտիր գահակալը: Առ այդ աղօթող ենք որ Աստուած բարին տնօրինէ:
Երուսաղեմի պատրիարքարանի մամուլի դիվան
Saturday, November 10, 2012
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment