«ԱԶԳ», 29-03-2011- Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախ անցեալ շաբթուն երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը, նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի: Նստաշրջանին մասնակցեցաւ նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան: Ամիսներ առաջ արդէն յայտնի դարձաւ, որ այս վերջին նստաշրջանին ժամանակ օրակարգի վրայ պիտի գային Պոլսոյ աթոռին վերաբերեալ հարցեր: Աւելի ճիշդՙ այդ հարցերուն օրակարգի վրայ գալը անխուսափելի դարձաւ նոյնինքն պատրիարքարանին կողմէ առնուած քայլերուն պատճառաւ: Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսացման համար կատարուած դիմումը գետին պատրաստեց այս երեւոյթին: Առանց պատրիարքի մը գոյութեան կատարուած դիմումը յառաջացուց շփոթութիւն: Մայր աթոռի հետ առանց կանխաւ համաձայնեցնելու կատարուած դիմումը կացութիւնը բարդացուց: Պատրիարքարանը իրերայաջորդ առաւ հակասական քայլեր: Աւելի՛ն, իրերամերժ քայլերուն մէջ կասկածի տակ մը մնային ազնուութիւնը, անկեղծութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը:
Վերջապէս, յարմար նկատուեցաւ ԳՀԽ-ի ժողովներու շրջանին շօշափել խնդիրը: Բնականաբար, Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսացման հարցը այստեղ միայն շարժառիթ մըն էր: Բուն խնդիրը պատրիարքական ընտրութեան, անոր յապաղման հարցն էր: Արդարեւ, Գարեգին Բ կաթողիկոսն ալ նախօրոք զանազան առիթներով յստակօրէն յայտնած էր, որ պէտք չէ երկար թափուր մնար աթոռը: Այն, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը «թափուր» որակած է աթոռը, արդէն յաւելեալ գործօն մըն է, որ լրջօրէն վիճելի կը դարձնէ Կրօնական ժողովին մօտեցումը, ըստ որու աթոռը թափուր չէ:
***
Այստեղ միջանկեալ անդրադառնանք նաեւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին նախորդած քանի մը իրադարձութիւններու: Թէեւ քիչ մը երկարաշունչ փակագիծ մը պիտի ըլլայ այս մէկը, սակայն կան կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնց ուշադիր դիտարկումը, հանրագումարը կրնան ազդանշանային իմաստ ունենալ այս գործընթացի շարունակութեան տեսակէտէ: Ուրեմն...
ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ճիշդ նախօրեակին Իսթանպուլ այցելեց Հիւսային Ամերիկայի Արեւելյան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ մասնակցեցաւ միջազգային խորհրդաժողովի մը: Պաշտօնապէս Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն շրջագծով Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալուեցաւ Արեւելեան թեմի առաջնորդը: Անուն մը, որ կշիռ ու հեղինակութիւն ունի Հայոց եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Խաժակ արք. Պարսամեան Իսթանպուլ եկաւ Փարիզի վրայով, ուր մնաց երեք օր: Նոյն օրերուն հայրապետական այցելութեամբ Փարիզ կը գտնուէր նաեւ Գարեգին Բ կաթողիկոսը: Անշուշտ, որ անոնք հանդիպեցան այնտեղ:
Միեւնոյն ժամանակ, նոյնպէս Փարիզի մէջ էր, որ անցեալ տարեվերջին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ զրուցած էր Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու: Այդ հանդիպման ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլուն յայտնած էր, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ հոգեւորականներու առընթեր պէտք է լսել նաեւ աշխարհականներուն ալ կարծիքը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին քիչ թէ շատ ուշադիր, գիտեն, որ ամէն տարի մարտին Մեծ պահոց շրջանին, եթէ բացառութիւն մը չըլլայ, Մայր աթոռի մէջ կը գումարուին ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նիստերը: Վստահաբար Խաժակ արք. Պարսամեանի Իսթանպուլի մէջ մասնակցած միջազգային խորհրդաժողովին թուականն ալ չէր ճշդուած վերջին պահուն: Չէ՞ որ երբեմն պէտք է հաւատալ զուգադիպութիւններու: Նիւ Եորքէն Իսթանպուլ հասնելու ճանապարհին Խաժակ արք. Պարսամեան կանգ առաւ Փարիզ, ուր տեսակցեցաւ կաթողիկոսին հետ: Ապա անցաւ Իսթանպուլ, ուր Արամ արք. Աթեշեանի առընթեր մէկտեղուեցաւ հինգ ազդու համայքային գործիչներուՙ Արէտ Երկանեանի, Հայկ Ասլանեանի, Պետրոս Շիրինօղլուի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Մելքոն Գարաքէօսէի հետ: Յետոյ ալ Արամ արք. Աթեշեան եւ Խաժակ արք. Պարսամեան միասնաբար ուղեւորուեցան Երեւանՙ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցելու համար ԳՀԽ-ի նստաշրջանին, որուն օրակարգին վրայ էին նաեւ Պոլսոյ աթոռին վերաբերեալ հարցեր:
Այս յաջորդականութիւնը արդէն ինքնին ուշադրութեան առարկայ է եւ անխուսափելիորեն տպաւորութիւն կը ստեղծէ (կամ ակամայ մտածել կու տայ), որ անգամ մը եւս գետի նման վարարած է մեր պատրիարքութեան վերաբերեալ գործընթացը:
Մինչ այդ, անուշադրութեան պէտք չէ մատնուի Իսթանպուլի մէջ արտաքին գործոց նախարար Ահմէդ Դավութօղլուի եւ Խաժակ արք. Պարսամեանի միջեւ կայացած հանդիպումը: Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հեռանկարներով, ներկայիս ժողովուրդներու տրամադրութիւնը նախապատրաստելու առումով կարեւոր դեր կը վերապահուի նաեւ հոգեւոր առաջնորդներուն: Տրամաբանական ուղիղ համեմատութեան մէջ, յիշեալ ակնկալութեան արդարացման տեսակէտէ կարելի է իմաստաւորել նաեւ Խաժակ արք. Պարսամեանի տեսակցութիւնը Թուրքիոյ կրօնից տեսուչին հետ: Նախարար Դավութօղլուի եւ Խաժակ արք. Պարսամեանի միջեւ կայացած դռնփակ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ կան սահմանափակ, մակերեսային տեղեկութիւններ: Յամենայնդէպս, սակաւ տեղեկատուութիւնը արգելք մը չէ խորհրդանշական մակարդակի վրայ հետեւութիւններ ընելու համար: Ակնյայտ է, որ Հայոց պատրիարքը կարեւոր կերպար մըն է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ: Մեր աթոռին գահակալը անփոխարինելու դերակատարութիւն մը ունի, եւ եթէ կողմերը ըլլան փոխադարձաբար պատրաստակամ, ապա դրական նպատակներու հասնելու ճանապարհին կրնայ դառնալ լուրջ գործոն մը: Մանաւանդ բնականոնացման դժուարին գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, Պատրիարքական աթոռի պարագային յառաջացած հեղինակութեան պարապութիւնը լրջօրէն ափսոսալի երեւոյթ է: Պատրիարքը թէեւ քաղաքական անձ մը չէ, սակայն աթոռին թափուր ըլլալու հանգամանքը բնականոնացման գործընթացը առնուազն կը զրկէ դրական խթանէ մը: Աւելորդ է ըսել, որ այդ քաջալերականը էական նշանակութիւն ունի գործընթացը ժողովուրդի խղճին մօտ արդարացնելու տեսակէտէ:
Հաշուի պէտք է առնել նաեւ ուրիշ հանգամանք մը: Կառավարութիւնը բարեփոխումներու շրջանի մը ծնունդ տուած է Թուրքիոյ մէջ, սակայն փոքրամասնութիւններու պարագային առնուած քայլերու արդիւնքը լիարժէք չ’անդրադառնար, չի ցոլանար հայ համայնքի կեանքին վրայ, որովհետեւ առկայ է պատրիարքարան իշխանութեան պարապութիւն: Վերադառնանք բուն նիւթին. եթէ Տավուտօղլու Խաժակ արք. Պարսամեանի Իսնթապուլ գտնուելու առիթը բաց չէ թողած ու տեսակցած է անոր հետ, որպէս հայ բարձրաստիճան հոգեւորական, այս շրջանին նիւթերուն շուրջ, ապա մեծ գուշակութիւն մը չ’ըլլար մտածելը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետականութեան տեսակէտէ ալ աւելի ձեռնտու պիտի ըլլար այս շրջանին պատրիարքական աթոռին թափուր չըլլալը: Նախարար Դավութօղլուի եւ Պարսամեան արքեպիսկոպոսի շփումը, որպէս երեւոյթ, մեզի կ’առաջնորդէ մտածել, թէ պետութիւնն ալ կը զգայ, աստիճանաբար կ’անդրադառնայ, որ այժմ կատարուած կարգադրութիւնները չեն համարուիր «լաւագոյն» կամ «յարմարագոյն» այլընտրանքներէ բխած արդիւնքներ:
***
Ըստ երեւոյթին, այս ֆոնին վրայ պէտք է ընկալել ընդհանուր իրավիճակը: Թէ ինչպէ՞ս անդրադարձած են այժմու հաւասարակշռութիւնները ԳՀԽ-ի նստաշրջանին վրայ, յայտնի պիտի դառնան աստիճանաբար: Ժողովին յաջորդած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը բովանդակէ որոշ բանալիներՙ ըսուածներով ու չըսուածներով: Զեկոյցէն ամէն ինչը անմիջապէս հասկնալ անկարելի է, այլապէս ան արդէն չէր կրնար ըլլալ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը...
Երկու հանգամանք կայ, որ լաւատեսութիւն կրնայ ստեղծել պատրիարքարանի տեսակէտէն: Այդ լաւատեսութիւնը երկար շրջանի վրայ կրնայ տարածուիլ, եթէ լաւ օգտագործուի, նպատակասլաց արժեւորուի ժամանակը:
ԳՀԽ-ի վերջին ժողովէն առաջ Գարեգին Բ կաթողիկոսը մատնանշած էր, որ պատրիարքական ընտրական գործընթացը պէտք չէ ձգձգուի: Սա կարելի է այնպէս մեկնաբանել, որ իր ամբողջին մէջ Հայց. առաքելական եկեղեցին այլեւս կը դժուարանայ հանդուրժել ընդհանուր փոխանորդի միջանկեալ դրութեան: Այս բոլորով հանդերձ, ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն վերջ հրապարակուած հաղորդագրութեան ոճը շատ ուշագրաւ է: Այժմ ամէն ինչ դարձեալ կը տարուի հանբերութեան ոգիով: Պատրիարքական աթոռին վարկն ու կայունութիւնը կը գերադասուի: Հաղորդագրութիւնը այնպէս մը շարադրուած է, որ արտայայտութիւնները չափուած-կշռուած են պատշաճութեան սահմաններու մէջ: Հանրութենէն բան չի թաքցուիր, բայց խուսափումներ կան չափազանցութիւններէ: Տպաւորութիւն չի ստեղծուիր, որ ճնշումներ կը բանեցուին պատրիարքարանի վրայ: Շինիչ զօրակցութիւն մը կը նկատուի այնտեղ: Ի վերջոյ բոլոր մակարդակներու վրայ ակնյայտ է, որ առանց պատրիարքական աթոռի կամքին ու հաւանութեան, անկարելի է ապահովել ընտրութեան մը կատարուիլը:
Պատրիարքարանի հեղինակութեան նկատմամբ նախաձեռնութեան ուրիշ երեւույթ մըն ալ Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսացման նիւթին ժողովներու բուն օրակարգին վրայ տեղ չառնելն է: Յայտնի է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը այստեղ գործած է շատ նրբանկատ: Արամ արք. Աթեշեանի կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններով, այդ նիւթը շոշափուած է կաթողիկոսին եւ իր միջեւ: Մայր աթոռը այնպէս մը ըրած է, որ ընդունելու կամ մերժելու եւ կամ այլ տեսակի միանշանակ քայլերու սուր ստիպողութիւնը բացառած է: Որպէս թեկնածու, Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանի վարկը խնայելէ վերջ, Սուրբ Էջմիածինը ճանապարհ մը գտած է նաեւ անոր միջնորդած Արամ արք. Աթեշեանն ալ չմաշեցնելու ուղղութեամբ: Մայր աթոռի եւ Պոլսոյ միջեւ չարաշահումներու շատ բաց խնդրի մը ծագիլը կանխուած է վարպետօրէն: Յստակօրէն հաշուի առնուած է նաեւ այն վերապահութիւնը, որ ծնունդ առած է ապագայ պատրիարքի իշխանութիւնը ակամայ տկարացնելու «ռիսք»էն. շնորհիւ Գարեգին Բ կաթողիկոսի հեռատեսութեան: Թէեւ պաշտօնապէս ոչինչ ըսուած է, սակայն անոնք, որոնք կը զգան գործընթացին բազկերակը, կ’ըմբռնեն, որ այս խնդիրը առանց անտեղիօրէն խորանալու փակուած է տեսանելի ապագայի համար: Կը մնայ ակնկալել, որ պատրիարքարանը նոր տեսլական մը հանդէս բերէ, թօթափած ըլլալով այս նիւթին ծանրութիւնը: Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շարունակութիւնը, ներկայ պայմաններով, յղի կրնայ ըլլալ նոր զարգացումներու կամ խմորումներու: Լրագրական հոտառութիւնը երբեմն ցոյց կու տայ, որ հրապարակուած տուեալները որքան սակաւ ըլլան, ապագայի վերաբերեալ հաւանականութիւնները կրնան այնքան աւելնալ: Անշուշտ, այդ հոտառութիւնը ոչինչի համար ապացոյց մը կամ հիմնաւորում մը կրնայ ըլլալ:
Այս հանգրուանին վերաբերեալ մեր դիտարկումները եզրափակենք մեզի համար քիչ մըն ալ «զուարճալի» մանրամասնութիւնով մը: Ըստ Արամ արք. Աթեշեանի կողմէ մեզի փոխանցուածին, ան ԳՀԽ-ի ժողովին ընթացքին տեղեկութիւններ տուած է Մութաֆեան պատրիարքի կացութեան եւ համայնքի ընդհանուր վիճակին շուրջ: Այսինքն, բացատրած է անցումային, ժամանակաւոր շրջանի ներկայ փուլը եւ վէճէ դուրս է, որ այդ անցումային շրջանը անխուսափելիօէն ենթադրել կու տայ ընտրութիւն մը, ինքնաբերաբար կ’ուրուագծէ այդ հեռանկարըՙ ուշ կամ կանուխ: Եկուր տե՛ս, որ Մայր աթոռի հաղորդագրութեան մէջ Արամ արք. Աթեշեանի բացատրած նիւթերը որակուած են «ընթացիկ»: Սա իսկապէս «իրոնիք» բնորոշում մըն է: Չենք ուզեր ըսել, որ խմբագրման թերացում մը կայ այստեղ: Պարագան հետեւալն է. Պոլիսը այնպիսի վիճակի մը հասած է, որ ժամանակաւոր հանգամանքները սկսած են աստիճանաբար ընկալուիլ ընթացիկ: Այսքանէն վերջ, կ’երեւի, անիմաստ ըլլայ բան մը աւելցնելը:
Ուրեմն, շարունակենք համբերել...
ԱՐԱ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ, Պոլսո «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Երեւան

Tehran Time
Yerevan Time

No comments:
Post a Comment