
Բանակը որեւէ սպառնական յայտարարութիւն հրապարակած ըլլար Սուրիահայերուն դէմ: Էլ Արապիյյա հեռուստակայանին տրուած յայտարարութեան մը մէջ, Էլ Շէյխ Սուրիոյ վարչակարգը ամբաստանեց Ազատ Բանակի ստորագրութեամբ կեղծ յայտարարութիւն տարածելու յանձանքով: Ընդդիմադիր զօրավարին համաձայն, Սուրիոյ վարչակարգի գաղտնի սպասարկութիւնները վերջին օրերուն աշխատանք կը տանին լարուածութիւն յառաջացնելու Սիրիական որոշ համայնքներու եւ ընդդիմութեան միջեւ, մասնաւորաբար Հալէպի մէջ: «Այդ նպատակով է որ վարչակարգի սպասարկութիւնները նման յայտարարութիւն տարածեցին՝ Հալէպի եւ այլ շրջաններու մէջ ապրող Հայերուն դէմ», նշեց Սուրիացի ընդդիմադիր ղեկավարը, աւելցնելով, որ վարչակարգը բոլոր միջոցներուն կը դիմէ բախում յառաջացնելու Սիրիական համայնքներուն միջեւ՝ քողարկելու սպանդները, խուսափելու պատասխանատւութենէ եւ ինքզինք փրկելու հաստատ տապալում է: Նախապէս, Սուրիական լրատուամիջոցներ տարածած էին հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազատ Բանակը Սիրիահայերը կը զգուշացնէ վարչակարգին հետ գործակցելու հետեւանքներէն: Ընդդիմադիր բանակի զինուորական խորհուրդի ղեկավարը յիշեցուց, որ Սուրիոյ մէջ Հայերը կ'ապրին եւ կը գործեն մի քանի տասնեակ տարիներէ ի վեր եւ այդ ժամանակաշրջանին ոչ մէկ խնդիր յառաջացած է Հայերուն հետ: «Սուրիոյ մէջ ժողովուրդը ոչ մէկ հարց ունի Հայերու, Քրիստոնեաներու, Թուրքմէններու եւ այլ համայնքներու հետ: Իսկական խնդիրը բռնատիրական վարչակարգին եւ Ալավի համայնքի մէկ շատ փոքր հատուածին հետ է, որ մենատիրական իշխանութիւն հաստատած է երկրին մէջ», ըսաւ Զօրավար Մուսթաֆա Էլ Շէյխ, որ կը խօսէր Թրքական հողերէն, Սուրիոյ հետ սահմաններուն մօտ: Անոր խօսքով, անկարելի է որ «Ազատ Բանակ»ը եւ յեղափոխութիւնը դիմած ըլլան սպառնողական այդպիսի յայտարարութիւն մը հրապարակելու քայլին, որովհետեւ Սուրիոյ համայն ժողովուրդը միակամ է պայքարելու փտած եւ ապօրինի իշխանութիւններուն դէմ: «Մենք իբր զինուորականներ ոչ հիմա, ոչ ալ ապագային որեւէ մտադրութիւն չունինք յարձակում գործելու Հայերուն կամ Սուրիոյ ժողովուրդի որեւէ այլ հատուածի դէմ», եզրափակեց Սուրիոյ Ազատ Բանակի զինուորական խորհուրդի նախագահը: Ռադիո Սեւան, Բեյրութ
No comments:
Post a Comment