ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»
Վերջերս Ռուսիոյ հզօր զինեալ ուժերուն մեծածաւալ հակադարձութիւնը գրգռած Վրաստանի ղեկավարին ռազմավարական սխալ հաշիւին պատճառով հազարաւոր անմեղ հարաւային օսեր, ինչպէս նաեւ վրացիներ եւ ռուսեր կորսնցուցին իրենց կեանքը:2004-ին իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետք Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշւիլի անջատողական շրջաններ Աճարիան, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան ի պահանջեալ հարկին բռնի ուժով վրացական իշխանութեան վերադարձնելու իր մտադրութիւնը չծածկեց: Աւելի'ն. ան ջանաց իր երկիրը դուրս բերել ռուսական ազդեցութեան ոլորտէն` Վրաստանը դիրքաւորելով Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի կողքին: 2004-ի գարնան նախագահ Սահակաշւիլի յաջողեցաւ, առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու, Աճարիոյ ինքնավար շրջանը վերամիացնել Վրաստանի Հանրապետութեան: Այդ օրուընէ ի վեր ան փորձած է մնացեալ շրջաններ` Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան ներառել իր կառավարութեան վերահսկողութեան տակ:Ռուսական ղեկավարութիւնը դժգոհ էր իր զինուորական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները Մոսկուայէն հեռու դիրքաւորելու Վրաստանի փորձերէն: Սպասելի էր, որ ուշ կամ կանուխ Ռուսիա առիթ մը օգտագործէր Վրաստանը իր գիրկը վերադարձնելու կամ առնուազն երկրին մէջ Միացեալ Նահանգներու, ՕԹԱՆ-ի ազդեցութիւնը նուազեցնել փորձելու:Ըստ իմ դատողութեանս, նախագահ Սահակաշւիլի Արեւմուտքէն եթէ ոչ զինուորական, այլ գոնէ քաղաքական զօրակցութիւն նախատեսելով, Ռուսիոյ ուժեղ հակազդեցութեան վերաբերեալ մեծապէս սխալ նախատեսութիւն կատարեց, երբ անցեալ շաբաթ ձեռնարկեց Հարաւային Օսեթիոյ վրայ անակնկալ յարձակումի մը: Այս անջատողական շրջանը ոչ միայն Ռուսիոյ սահմանակից է, այլ նաեւ Ռուսիոյ քաղաքացի բնակչութիւն ունի, ինչ որ Կրեմլինին բաւարար պատճառ կը տրամադրէ միջամտելու եւ Վրաստանի նախագահը «պատժելու» Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետւետեւի յայտարարած նպատակը իրագործելու:Երբ վրացական ուժերը սկսան Հարաւային Օսեթիոյ մայրաքաղաքը ռմբակոծել եւ պատճառ դարձան ոչ միայն աւելի քան 1000 անմեղ քաղաքացիներու, այլ նաեւ հոն տեղակայուած շուրջ տասնեակ մը ռուս խաղաղապահներու սպանութեան. Մոսկուա զգաց, որ պէտք է արագ եւ բիրտ կերպով շարժի: Անտեսելով իր հակայարձակողականին արեւմտեան դատապարտումները` ռուսական բանակը ձեռնարկեց պատերազմի ճակատէն բաւական հեռու գտնուող Վրաստանի օդակայաններուն եւ նաւահանգիստներուն լայնատարած ռմբակոծումին: Տագնապը կրնայ յաւելեալ մագլցում արձանագրել, եթէ ռուսական օդուժը ռմբակոծէ վերջերս ամբողջացած ազրպէյճանեան քարիւղն ու կազը Վրաստանի եւ Թուրքիոյ ճամբով Արեւմտեան Եւրոպա փոխադրելու համար Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարը: Ռուսերը կրնան որոշած ըլլալ ուժի մեծ ցուցադրութիւն մը կատարել ոչ միայն վրացական յարձակումը ետ մղելու, այլ նաեւ Վրաստանէն Հարաւային Օսեթիոյ իրողական անկախութիւնը ամրապնդելու: Աւելի'ն. Ռուսիա կրնայ նաեւ նոյնպիսի քայլերու դիմել` ապահովելու համար, որ Վրաստան հրաժարի ինքնին մէկ այլ ինքնահռչակ անկախ պետութիւն` Աբխազիան իր վերահսկողութեան ենթարկելու որեւէ ծրագրէ:Հակառակ քանի մը օրերու վրայ երկարող արտակարգ նիստերուն` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անկարող եղաւ տագնապին բոլորին կողմէ ընդունելի որոշում մը հրապարակել: Իբրեւ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ` Ռուսիա կրնայ վեթոյի ենթարկել Միացեալ Նահանգներու կողմէ անոր վրացի դաշնակիցին խնդրանքով որեւէ անբարենպաստ որոշում: Միացեալ Նահանգներ, որոնք արդէն իսկ Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ մխրճուած է եւ ողիմպիական խաղերը դիտելու համար Չինաստան մեկնած ընթացաւարտ նախագահի մը կողմէ ղեկավարուած է, ի դժբախտութիւն նախագահ Սահակաշւիլիի, չի թուիր Ռուսիոյ վրայ բաւարար ազդեցութիւն ունենալ: Սպիտակ տան համար հարցերը առաւել եւս վատթարացնելով` Վրաստան Իրաքէն հեռացուց ամերիկեան եւ բրիտանական ուժերէն ետք մեծագոյն օտար ուժը եղող իր 2000 զինուորները` իրենց երկրին մէջ դէմ դնելու համար ռուսական բանակին:Մինչ այդ, այս օրերը Վրաստանի հարաւային դրացի Հայաստանի համար մտահոգութիւն պատճառող օրեր են: Նկատի ունենալով, թէ' Ռուսիոյ եւ թէ' Վրաստանի հետ Հայաստանի սերտ յարաբերութիւնները` հայաստանցի պաշտօնատարները պարզապէս կոչ ուղղած են արիւնահեղութեան արագ դադրեցման: Հայաստան ո'չ կ’ուզէ թշնամանալ իր երկարատեւ դաշնակից Ռուսիոյ հետ եւ ո'չ ալ Վրաստանի սեւծովեան նաւահանգիստներէն իր կենսական ներածումներուն ընդհատման վտանգը դիմագրաւել: Ռուսերը արդէն իսկ ռմբակոծած են վրացական ծովափը եւ արգելք հանդիսացած, որ նաւերը պարպեն իրենց բեռցուցած ապրանքները, որոնց մէկ մասը Հայաստան ուղարկուելու համար էին: Վրաստանի նաւահանգիստներու երկարատեւ փակում մը կրնայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ աղէտալի ազդեցութիւն ունենալ:Աշխարհասփիւռ հայութեան համար մէկ այլ մտահոգութիւն մըն է Վրաստան բնակող հազարաւոր ազգակիցներու ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը: Առ այժմ այս տագնապին մէջ հայ զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան: Վրաստանի հարաւային շրջանին մէջ եւ Հայաստանի սահմանին հիւսիսը գտնուող Ջաւախքի սովորաբար ըմբոստ հայ բնակչութիւնը, որ վրացական իշխանութիւններու կողմէ խտրական վերաբերմունքի ենթարկուած է, ներկայ պատերազմին ընթացքին հանդարտ մնաց: Մինչ այդ, Հայաստանի կառավարութիւնը ապահով կերպով հեռացուցած է Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք Վրաստանի ծովեզերեայ շրջանին մէջ կ’անցընէին իրենց արձակուրդը:Բայց եւ այնպէս Հայաստանի համար ամէնէն լուրջ մտահոգութիւնը այն է, որ դրացի Ատրպէյճան Հարաւային Օսեթիոյ վրայ Վրաստանի անակնկալ յարձակումէն սխալ եզրակացութիւն քաղելով` կրնայ որոշել Արցախ ներխուժել: Այդպիսի յարձակում մը ամբողջ Կովկասի շրջանը ներգրաւելով` կրնայ բոլոր կողմերէն մարդկային մեծ զոհեր պատճառել, ե'ւ Հայաստանէն, ե'ւ Արցախէն հարուածելի հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պաքու-Ճէյհան խողովակաշարի միջոցով քարիւղի եւ կազի դէպի Եւրոպա հոսքը կասեցնելու վտանգը յառաջացնել:Բայց եւ այնպէս, ներկայիս ամէնէն կարեւոր հարցը ո'չ քարիւղի մատակարարումն է եւ ո'չ ալ քաղաքական հաշիւները, այլ` ռուսական-վրացական-օսական տագնապի առնչակից բոլոր կողմերէն հազարաւոր քաղաքացիներու կեանքերը պաշտպանելը եւ տագնապին դէպի մօտակայ պետութիւններ ընդլայնումը կանխարգիլելը:
Tuesday, August 19, 2008
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment