«Ազգ» 27-5-2009- Պատմութեան մէջ ահա՛ երկրորդ անգամ ըլլալով համայն հայութիւնը կ,ունենայ իր յուսախաբութիւնը. առաջինը` անցեալ դարու քսանականներուն, երբ «ասպետական» Ֆրանսան կամովին լքեց Կիլիկիան` յանձնելով զայն քեմալական Թուրքիոյ: Այնպէս ալ 21-րդ դարու այս օրերուն, նոյն յուսախաբութեան օրերը կ,ապրինք, այս անգամ` երբ մարդկային արդարադատութեան ջահակիրը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, բազում խոստումներէ ետք չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, տուրք տալով իր դաշնակիցին` նոյն Թուրքիոյ, ձգելով մեզ մեր ճակատագրին հետ:
Կարծէք չէր բաւեր ապրիլ ամսուն դրժումը Օբամայի խոստումին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ահա՛ այս մայիսին նորընտիր նախագահին կառավարութիւնը 2010 թուականի համար 38 տոկոսով (մօտ 18 միլիոն դոլարով) հրաման կու տար կրճատել իր կառավարութեան օժանդակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան, երբ մեր դրացին` Ադրբեջանը, պիտի ստանայ 20 տոկոսի յաւելում, լաւ գիտնալով որ ան հարուստ է իր քարիւղի առատ արտադրութեամբ: Մինչ ընդհանրապէս այլ երկիրներ պիտի ստանան նուազագոյն 9 տոկոսի յաւելեալ նիւթական օժանդակութիւն Ամերիկայէն: Միացեալ Նահանգները ինքզինք կը դնէ ամբողջութեամբ անբացատրելի արտաքին քաղաքական դիւանագիտութեան մը դէմ յանդիման: Ու դեռ այս օրերուն, երբ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ու Ամերիկայի իր գործընկեր տիկին Հիլրի Քլինթըն տարածաշրջանի համար սակարկութեան աթոռ նստած են հարթելու համար Հայաստան-Թուրքիա սահմանային հարցեր եւ հայ-ադրբէյջանական կնճիռը:
Այս նոյն նախագահը, երբ տակաւին ծերակուտականն էր Իլլինոյս նահանգին, անցեալ տարի` 2008-ին կը յայտարարէր, թե նախագահ դառնալու պարագային ինք օգտակար պիտի դառնար Հայաստանին ու մանաւանդ անոր ժողովուրդին համար ապահովութեան լուծումներ պիտի գտնէր թուրք-ազերական սահմանային շրջափակումներու վերացումով ու Ղարաբաղին ալ շնորհելով տեւական խաղաղութիւն: Ու դեռ աւելի յառաջ երթալով ան կը խոստանար տնտեսական մասնաւոր օժանդակութիւն բերել Հայաստանին: Ու այսպէս... խոստումներ ու խոստումներ:
Երբ Ամերիկայի Կոնգրեսը կը քուէարկէր 2009 թուականի համար Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրելու 8 միլիոն դոլարի նիւթական օժանդակութիւն մը, այդ եւս յետս կը կոչէր պարոն Օբաման: Ու դեռ շարունակելով, Ամերիկայի այս կառավարութիւնը կը ներկայացնէ երեք միլիոնի արտաքին զինուորական օգնութիւն մը մեր հայրենիքին, մինչ այդ գումարը Ադրբեջանի համար կը բարձրանայ չորս միլիոնի: Զինուորական դաստիարակութեան համար Ադրբեջան պիտի ստանայ 900 հազար դոլար, իսկ մենք` այդ գումարին ճիշդ կէսը:
Ամերիկահայերու այսքա՛ն Օբամայի ի նպաստ դիրքաւորումին համար Հանրապետական կուսակցութեան պատասխանատուներ կը զարմանային հայկական կազմակերպութիւններու միամտութեան վրայ: Կը զարմանային, թէ ընտրական օրերու խոստումներով հայերս երազային աշխարհի մը բնակիչները եղած ըլլայինք: Ու այդ օրերու ամերիկահայ ու կանադահայ մե՜ծ «դիւանագէտ», չըսելու համար «քաղաքագէտ» գրչակներ կ՛աղմկէին մեր մամուլը Ամերիկաներէն մինչեւ Ֆրանսա ու Լիբանան, մարգարէութիւններ հիւսելով Օբամայի մարդասիրական նկարագրին շուրջ, մնայուն կերպով ապակողմնորոշելով ոչ միայն սփիւռքահայութիւնը, այլեւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, քիչ մը եւս ջանալով հեռացնել եղբայրական կապերը Ռուսաստանէն:
Հիմա մեզի իրաւո՛ւնք կը տրուի պահանջելու հաշուեցոյցը ընտրական օրերու այն բոլոր նուիրատուութիւններուն, որոնք կատարուեցան Օբամայի ի նպաստ, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին (ANC), Ամերիկայի հայկական համագումարին (AAA) եւ Armenian American Action Comittee (ARAMAC) կազմակերպութիւններուն միջոցով: Ամերիկայի մէջ այս կազմակերպութիւնները, որոնք տրազերծ են, պարտաւոր են հանրութեան տրամադրութեան յանձնել իրենց նիւթական ելեւմուտքը: Եվ հոն է, որ իրականութիւնը պիտի բացայայտուի կարդալով այն մեծագումար նուիրատուութիւններուն մասին, որոնք միլիոններու հասնող գումարներով յանձնուեցան Օբամայի նախընտրական արշաւին:
Ու ահա՛ այս օրերուն, վերեւ յիշուած կազմակերպութիւնները դարձեալ կոչ կ՛ուղղեն ամերիկահայութեան շարունակել բերելու նիւթական օժանդակութիւնը իրենց, այս անգամ պայքարելու նոյն ինքն նախագահ... Օբամայի դէմ: Իրենց կրպակները լայն բացած Հայ դատին համար իբր թէ աշխատանք տանող այս մարդիկ վստահ կրնաք ըլլալ, որ եկած այդ գումարներէն մաս մը վար կը պահեն կազմակերպական ծախսերու համար ու մեծ մաս մըն ալ զիրենք հովանաւորող (յատկապէս` ՀՅԴ պարագային) կուսակցութեան Հայաստանի թէ Լիբանանի ընտրական աշխատանքներուն ու իրենց քարոզչութեանը ծառայեցնելու համար: Ու միամտաբար, տակաւին ամերիկահայեր կը շարունակեն տալ նուէրներ այս անգամ Օբաման քարկոծելու...
Ահա՛ այսպիսի երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուի ամերիկահայութիւնը այս օրերուն, ընդմիշտ կորսնցուցած ըլլալով Հանրապետական կուսակցութենէն երբեմնի բարեկամներ, ներառեալ նախագահ Բուշը եւ միւս կողմէ, աւելի վտանգաւոր` անվստահութիւն մը ցուցաբերելով Դեմոկրատ կուսակցութեան նկատմամբ:
Ի վերջոյ, օր մը ազգովին պիտի հասկնանք, որ անցեալ դարու գերհզօր Ֆրանսայի ու այս օրերու Ամերիկայի համար իրենց պետութեանց գերագոյն շահերը գերիվեր են ամէն ասպետակա՜ն ու մարդկայի՜ն սկզբունքներէ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք
Thursday, May 28, 2009
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment