Tuesday, November 17, 2009

«Տինքը նախատող զօրավարը դատապարտուած»

Կ. Պոլսում հրատարակվող, մեր պաշտոնակից «Ակօս», երկլեզու՝ հայերեն, թրքերեն, շաբաթաթերթը, իր վերջին՝ 13 նոյեմբերի 2009թ. համարում, «Տինքը նախատող զօրավարը դատապարտուած» խորագրի տակ գրում է. «Կիրէսունի Ոստիկան-զօրաց նախկին հրամանատար, զօրավար Տուրսուն Ալի Գարատուման 2000 ԹԼ. (թուրքական լիրա) հատուցման դատապարտուեցաւ, Հրանդ Տինքը նախատած ըլլալուն համար: Զօրավարը 2007-ի Ապրիլին ներկայ գտնուած էր նահատակ զինուորի մը թաղման ծէսին, որու ընթացքին ելոյթ ունեցած ու նախատած էր «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի յիշատակը: Տինքի ընտանիքը իսկոյն բողոք ներկայացուց զօրավարին դէմ եւ դատը աւարտեցաւ ի նպաստ Տինք ընտանիքի: Զօրավար Գարատուման իր պաշտպանութեան աղերսագրին մէջ եւս շարունակեց նախատինքի խօսքեր փոխանցել Հրանդ Տինքին, ընտանիքին, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետության ուղղեալ: Ան, իր թրքութեան բնական դրսեւորումը կը համարէր հայատեացութիւնը ու կըսէր. «Հայաստանը իմ ու ազգիս թշնամին է: Նոյնիսկ պատերազմ չըլլայ, թշնամիին հետ թշնամաբար կը վերաբերուինք»: Տինք ընտանիքի փաստաբանը՝ Ֆէթհիյէ Չէթին «Ակօս»ին յայտնեց, թէ հատուցման քանակը խորհրդանշական է: «Մենք դատ բացինք, որպէսզի իրաւական գետնի վրայ հաստատենք թէ զօրավարին խօսքերը թշնամութիւն ստեղծող եւ գրգռիչ են: Հատուցումը պիտի նուիրենք վերջին ջրհեղեղէն վնասուած Ազիզ Նէսին հիմնարկին», ըսաւ Ֆէթհիյէ Չէթին»:

No comments: