Thursday, April 26, 2012

Թուրքայի ԱԳ նախարարի հայտարարությունը ապրիլի 24-ի կապակցությամբ

Past.am. 25-4-2012- Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու տարօրինակ արտայայտութիւն
մը ունեցաւ երբ իրեն հարցուեցաւ 24 Ապրիլի կապակցութեամբ Նախագահ Օպամայի յայտարարութեան եւ յարակից հարցերու մասին։ Տավուտօղլու սապէս ըսաւ. «Մեզի համար 23 Ապրիլը եւ 24 Ապրիլը նոյն նշանակութւնն ունին, իսկ այսօր 25 Ապրիլ է եւ շնորհաւոր ըլլայ»։ Ահմէտ Տավուտօղլուի այս քիչ մը տարօրինակ եւ անսովոր յայտարարութիւնը համացանցի էջերուն վրայ ենթարկուեցաւ բուռն քննադատութիւններու, շատեր կը հարցնէին որ նախ ի՞նչպէս կըլլայ որ 23 Ապրիլը եւ 24 Ապրիլը նոյն նշանակութիւնը կունենային, չէ՞ որ 23 Ապրիլը տօնական օր էր Թուրքիոյ համար, ապա կը հարցնէին նաեւ թէ Տավուտօղլու կը ծաղրէ՞ր արդեօք հայերու ողբերգական պատմութիւնը եւ Օպամայի կեցուածքը։ Իր այդ արտայայտութիւնը արդի՞ւնք մըն էր այն գոհունակութեան, զոր ան կը զգար երբ կը տեսնէր որ Օպամա այս տարի ալ չէր արտասանած «ցեղասպանութիւն» բառը։ Մինչ Թուրքիոյ ղեկավար տարրերը գոհ են որ Օպամա չարտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը, Արտաքին Նախարարութիւնը մեկնաբանեց Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական պնդումներու կապակցութեամբ եղած յայտարարութիւնները։ Ամերիկայի Նախագահ Օպամայի խօսքերուն համար Նախարարութիւնը պնդեց որ Օպամա հայկական տեսակէտները ցոլացնող անհիմն մերձեցում մը ցուցաբերած է։ Գալով Ֆրանսայի Նախագահ Սարքոզիի եւ նախագահական թեկնածու Հոլանտի յայտարարութիւններուն, ըսաւ որ այս բոլորը ընտրական հաշիւներու նախանիւթեր են։

No comments: