Tuesday, April 3, 2012

«Երիտասարդ Հայ»ի Ոդիսականը

Սոյն ակնարկը լոյս տեսած էր շուրջ տասնհինգ տարի առաջ Քալիֆորնիոյ “Նոր Օր”ի մէջ. իր այժմէականութեան համար, շատ չնչին փոփոխութիւններէ եւ վերատեսութենէ ետք, կրկին կը յանձնենք ընթերցողներու ուշադրութեան եւ կը խնդրենք որ անիկա թարգմանուի նաեւ անգլերէնի, ֆրանսերէնի ու սպաներէնի՝ ի պէտս աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան, իմանալու համար թէ ինչպիսի սխրանք մը գործած են իրենց հայրերը ոչ հեռաւոր անցեալին եւ թէ որքան բան կայ սորվելիք այդ փորձառութենէն: Մ.Գ. Արեւմտեան Պէյրութի մարդաշատ ու գերազանցապէս մահմետական համայնքով բնակեցուած շրջաններէն մէկուն մէջ, որ ոչինչով կը տարբերէր քաղաքի այլ շրջաններու խայտաբղէտ ու աղմկոտ թաղերէն, հին, քարաշէն ու փլփլկան տան մը յարկին տակ խումբ մը հայ տղաներ խմբագրատուն մը հաստատեր էին, ընդամէնը ունենալով երկար սեղան մը, տասնեակ մը աթոռներ, որոնցմէ քանի մը հատին վրայ դիզուած էին թուղթեր, նամակներ ու յօդուածներ: Վերջիններս կը սպասէին խմբագրական կազմի հերթական ժողովի որոշումներուն: Առաջին յարկի պատուհան կոչուած բացուածքները կը հաւասարէին եռուզեռով լեցուն փողոցին ու նեղլիկ մայթերուն: Պատուհանին առջեւէն հերթականօրէն կ’անցնէին բանջառավաճառներու եւ պտղավաճառներու եռանիւ կառքեր, որոնց տէրերը յատուկ եղանակներով բարձրաձայն կը ծանուցանէին իրենց ապրանքները՝ հրաւիրելով տանտիկինները ճանճի պէս հաւաքուելու թարմ ուտելիքներու շուրջ: Քիչ ետք կ’անցնէին նաեւ պատանիներ, որոնց ցնցոտիներուն տակէն կ’երեւային մերկ զիստերն ու ծունկերը: Այդ պահուն հայ տղոցմէ ոմանք տխուր հայեացք մը նետելով հեգ պատանիներուն վրայ՝ իրենց հոգեկան խռովքը կ’արտայայտէին լռութեամբ, երբեմն ալ դուրս գալով խմբագրատունէն քանի մը հրուշակ (քէղքէ) կը գնէին: Քիչ ետք գլխին շալ կապած աղջնակ մը պատուհանին մօտենալով մատներով ապակին չխչխկացնելով ցոյց կու տար “չիքլեց” ծամօնները: Խմբագրական կազմի տղաներէն մէկը հինգ հատ գնելէ եւ մեզի բաժնելէ ետք կ’ըսէր. “Այս աղջիկը մեր ուղուրն է (բախտը)”: 1970 թուի Յունուարն էր, ցուրտ ու խոնաւ օր մը, երբ առաջին անգամ հիւրաբար կը գտնուէի նոր հրապարակ իջած եւ արդէն մեծ աղմուկ հանած “Երիտասարդ Հայ”ի խմբագրատունը՝ բարեկամիս՝ Ժիրայր Դանիէլեանի հրաւէրով: Այդ անկիւնադարձ մը եղաւ կեանքիս մէջ: Ա.- 60-70-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԸ Հիփփիական շարժումը մարելու վրայ էր Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ: Պիթըլզները իրենց գագաթնակէտին հասնելէ ետք կեանքի բնական օրէնքով իրենց տեղը կը զիջէին աւելի բուռն ու կատաղի բոբ ու մեթալիքա նուագախումբերու ղժժոցներուն, իսկ ԱՄՆ տակաւին չէր կրնար հաշտուիլ Վիէթնամի քայքայիչ ու բարոյալքող պատերազմէն ետ կենալու գաղափարին հետ, հոս ու հոն տակաւ սաստկացող հակապատերազմական ցոյցերն ու դրօշներ այրելն ալ չէին օգներ: Միջին Արեւելքը ոչ միայն չէր մոռցած 1967-ի արաբօ–իսրայէլեան պատերազմին արաբներու կրած ռազմական պարտութիւնը, այլեւ պաղեստինցին անցեր էր դիմադրական գործողութիւններու: Ամէնէն շատ լսուող բառն էր “ֆետայի”ն: Այդ օրերուն, տակաւին տարի մը առաջ լոկ երազ թուացող Երեւան–Պէյրութ օդային գիծը նոր էր բացուած եւ շաբաթը երեք չորս անգամ չուերթ կար: Գիծը դարձեր էր առեւտուրի բանուկ ճամբայ մը տարբեր տեսակի արկածախնդիր ու բախտախնդիր մարդոց համար: Երեւան–Պէյրութը մշակութային ու մարզական աշխոյժ կամուրջէ մը անդին երթալով դարձեր էր գայթակղութիւններով լեցուն շղթայ մը: Ըստ էութեան այնքան իւղոտ պատառներ կը խլէին “տուրիստները”, որուն պատճառով գրեթէ միշտ միայն քանի մը աթոռ կը մնար մշակութային նպատակներով արտասահման մեկնող հայաստանցիներու կամ հայրենիք ուխտի գացող հայերու համար…: Հայաստանցիին համար “Պէյրութը” միայն արաբական երկրի մը մայրաքաղաքը չէր, ուր կ’ապրէր 300,000 հայ, այլ առատութեան ոսկեհորթի խորհրդանիշը: Պէյրութը իրաւամբ կոչուեր էր արեւելքի Փարիզը, սակայն շատ աւելի աղմկոտ, նուազ դասական, աւելի քաղքենի, շուայտ, ցուցամոլ, պոռոտ: Լիբանանահայ երիտասարդութեան մէջ, եթէ մէկ կողմէն կը կազմակերպուէին ազգապահպանման ազնիւ մղումներէ տարուած մշակութային հոյակապ ձեռնարկներ, միւս կողմէն իրարու հետ կը մրցէին “հայը հայուն քով” բերելու նպատակէն մղուած “ֆուլկերոյթ-հաւկերոյթներուն” ծանուցումները հայ մամուլին մէջ: Այս բոլորին կողքին հասակ առած էր ու իր ձայնը կամաց կամաց լսելի սկսած էր դարձնել երիտասարդութիւն մը, որ իր արդար տեղը կը պահանջէր սփիւռքահայ կառոյցներուն մէջ, կամ մերժելով եղածը, կը պահանջէր վերատեսութիւն ու վերակառուցում: Հրապարակ իջած էր ընկերա-քաղաքականօրէն բաւական հասունցած հարցադրող սերունդ մը: Սերունդը կը հարցնէր ո՞վ էր ինք, ի՞նչ էր իր նպատակը, ո՞վ էր որոշելու իր դերը հասարակութեան ու հայ դատի հետապնդման մէջ: Իսկ ինչո՞ւ “ուրիշ մը” պիտի որոշէր իր ընելիքը, մի՞թէ այդ “ուրիշը” ատակ էր կամ որակաւորուած էր կատարելու այդ դերը…: Ո՞ւր էր սխալը հայկական հարցին առնչութեամբ չարձանագրուած որեւէ նշանակալից յաջողութեան: Ի վերջոյ ո՞րն էր առաքելութիւնը սփիւռքահայ կառոյցներուն: Քանի մը տարի առաջ էր միայն, երբ 1968- ին, Փարիզի ուսանողական ընդվզումներուն, ցուցարար ուսանողներու կողմէ գրաւուած Սորպոնի հինաւուրց շէնքին բակին մէջ, երեք լեզուով ու կարմիր գոյնով մեծկակ ցուցանակներու վրայ քիւրտ ուսանողներ գրած էին, “Կեցցէ՛ քիւրտ, պարսիկ, պաղեստինցի եւ հայ ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարը ինպերիալիզմի դէմ”: Զէնքի դիմած էին հայերէն բացի միւսները: Կային հայ երիտասարդներ, որոնք հարցումներ կու տային այս մասին, “Ո՞ւր ենք հայերս այս խճանկարին մէջ”, ու մատնացոյց ընելով կ’ըսէին կարծես. “Տեսէք, ուրիշներ զէնքը ձեռքին կը կռուին, բան մը կ’ընեն գոնէ, մենք ի՞նչ կ’ընենք: Թուրքիան, ԱՄՆ-ի շփացած ձագուկը, կ’օգտուի երկու գերհզօրներու մրցակցութենէն: Արեւմտեան Հայաստանը գրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, ուրեմն հայ, քիւրտ, պարսիկ ու պաղեստինցի ունին հասարակաց թշնամիներ, հետեւաբար պէտք է միանալ”: Հայ ղեկավարութեան պատասխանները, կցկտուր ու խուսափողական, չէին գոհացներ հարցադրողները: Ժամանակը հասունցած էր: Երիտասարդ սերունդ մը կար, որ կը սպասէր նոր խօսքի: Մթնոլորտը պատրաստ էր ընդունելու թարմ շունչ մը: Բ.- ԵՂԵՌՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԷՆ ԵՏՔ Եղեռնի յիսնամեակը Բ. աշխարհամարտին յաջորդած ներգաղթէն ետք առաջին ցնցող քաղաքական երեւոյթն էր ամբողջ հայութեան համար: 1965-ին հայրենիքի մէջ աննախընթաց խաղաղ երթերն ու ցոյցերը երիտասարդութեան ու մտաւորականութեան մէջ բորբոքեցին պահանջատիրութեան զգացումը՝ ներառեալ Արցախի ճակատագիրը, հայ դատի հետապնդման անժամանցելիութիւնն ու անոր միջազգայնականացման անհրաժեշտութիւնը: Յիսնամեակը առիթ տուաւ հայ պատմաբաններուն հրապարակ հանել արժեքաւոր հրատարակութիւններ՝ նուիրուած հայկական ցեղասպանութեան: Սփիւռքի մէջ նոյնպէս յիսնամեակը եղաւ անկիւնադարձային՝ նոր ճիգով մը հայկական հարցն ու ցեղասպանութիւնը միջազգային հասարակայնութեան ուշադրութեան յանձնելու ուղղութեամբ: Պարզուեցաւ նաեւ միաժամանակ որ միասնականութիւն մը մէջտեղ բերելու ճիգերուն մէջ հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները ունէին երկու տարբեր պատկերացումներ ու տակաւին կը շարունակուէին Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ ճգնաժամը պաղ պատերազմի գագաթնակէտային տարիներուն: Հայ երիտասարդներու կարծիքով սփիւռքը իր ցաք ու ցրիւ վիճակով, անկազմակերպ կամ աննպատակասլաց հոլովոյթով, այլեւ մանաւանդ ոտքին տակ պակսող հողին պատճառով, կը զգար պահանջը նոր մօտեցման ու նոր ուղիներու փնտռտուքի: Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի մէջ, երիտասարդութիւն մը հասակ առած էր, որուն մասին կը տիրէր այն տպաւորութիւնը թէ դարձեր է օտարամոլ, հեռացեր է ազգային մտահոգութիւններէ, անտարբեր է: Անշուշտ որոշ իրականութիւն մը կար այս տպաւորութեան մէջ, սակայն երիտասարդութեան կարեւոր մէկ տոկոսը չէր ընդուներ իր մասին տիրող այս հապճէպ կարծիքը, մանաւանդ եթէ անիկա կու գար “վերէն”, կարգ մը կուսակցապետերէ ու ամբոխավար աժան ճառախօսներէ: Ասոր պերճախօս ապացոյցն էր “ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ”ի պատրաստած 18-20 տարեկան երիտասարդներու ուղղուած հարցարանին գրանցած հետեւեալ արդիւնքը. “Հարցում.- Ի՞նչ բանը արգելք կը հանդիսանայ հայ կեանքէն ներս ձեր լման մասնակցութեան: Պատասխան.- 58% կուսակցական նեղմտութիւն, 12% ոչ մէկ արգելք, 12% անորոշ, 18% այլազան”: Գ.- ՆՈՐ ՈՒՂԻԻ ՈՐՈՆՈՒՄ Երիտասարդութեան մէջ դժգոհութիւնը ակնյայտ էր եւ համատարած: Յաճախակիօրէն, երբեմն տեղի անտեղի յիշուող “հայապահպանում”, “ձուլում”, “ազգային մշակոյթ”, “առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ” եւ նման բառեր ու արտայայտութիւններ այլեւս սկսեր էին ջղայնացնել երիտասարդութիւնը: Աշխարհի ընդհանուր հոսանքէն, յեղափոխական շարժումներէն, տնտեսական եւ մշակութային վերափոխութիւններէն հեռու մնալու վախ մը պարզապէս դժգոհութիւն մը կ’առաջացնէր հայ երիտասարդութեան մօտ: Եւ ահաւասիկ սփիռքահայութեան օրրան Պէյրութի մէջ “խումբ մը տղաք ճամբայ ելան…: Անոնք իրարու միացած էին հասարակաց երկու կէտերու շուրջ - դժգոհ էին ընդհանուր կացութենէն, պահանջը կը զգային նոր գիծի մը, նոր ուղղութեան մը, որ զարգացող ապագայի հեռանկարով դարբնէ ներկան”: (Խմբագրական “Երիտասարդ Հայ”ի, 25 Օգոստոս 1973) Սփիւռքի ու միջազգային կեանքի վերոյիշեալ պայմաններու մէջ հարիւրամեայ քարաշէն տան մը պատերէն ներս կը ծնէր “ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ”ը: Որո՞ նք էին “այս տղաքը”: Անոնք “50-ամեակի մեծ յուսախաբութենէն ծնած խումբ մը տխուր խենդեր” էին: Անոնք ամենատարբեր մասնագիտութիւններու մէջ համալսարանական կրթութիւնը նոր աւարտած երիտասարդներ էին, որոնք կը հաւատային թէ նոր հիմնադրուող թերթը “պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան հոգեկան միասնականութեան ազատ պատգամախօսը”, կ’ըսուէր անդրանիկ թիւին “Դաւանանք”ին մէջ: (27 Դեկտեմբեր 1969) Ընթերցողներուն համար անակնկալ մըն էր քաղաքական տարբեր միջավայրներէ ու դաստիարակութիւններէ սնունդ առած այս երիտասարդներու մէկտեղումը նպատակի մը շուրջ, որ սփիւռքի կուսակցականացած մթնոլորտին մէջ պիտի համարձակէր նոր թերթ մը հրատարակել: Յովսէփ Մելքոնեան՝ քաղտնտեսագէտ, թերթի ծրագրի յղացողն էր, որ ուսուցիչ էր Մխիթարեան Վարժարանի մէջ: Հետաքրքրական էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր սպասաւոր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գործօն մասնակցութիւնը, հոգեւորական մը, որ ինքզինք չէր սահմանափակեր եկեղեցական պարտականութեանց մէջ միայն: Ժիրայր Դանիէլեան, Հայկազեան Քոլէճի գրադարանավար, ազնիւ ու պրպտող երիտասարդ մը (յետագային’ 80-90-ականներուն ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեանի տնօրէն), Պետրոս Թերզեան, տնտեսագէտ ու քարիւղագէտ, զննող միտք մը, Լութֆի Թապագեան, Երեւանէն շրջանաւարտ որպէս բեմադրիչ ու դերասան. քիչ ետք կը միանար նաեւ գեղանկարիչ Պ. Ալեքսան: “Երիտասարդ Հայը նոր սփիւռքի խօսքն է. սփիւռք, որ յեղաշրջուող աշխարհի պահանջներուն համաձայն գիտական-քննական մօտեցումով ապագայի մը հեռանկարով կ’ուզէ դարբնել ներկան”, կըսուի “Դաւանանք”ին մէջ: Նորութեան մը ակնկալութիւնը ընդհանուր համատարած ցանկութիւն մըն էր այդ տարիներուն, որով ամէն խաւի ու ճաշակի անձեր անմիջապէս արձագանգեցին թերթին լոյս ընծայման առթիւ: Բանաստեղծ Վահէ Վահեան “փշոտ ճամբայ” ընտրած երիտասարդներուն սկիզբէն կը զգուշացնէր իր ողջոյնի խօսքին մէջ. “Անպայման պիտի հանդիպիք ուրացումներու, քննադատութիւններու, զրպարտութիւններու”: Լիբանանի ծրագրաւորման նախարար Մորիս Ժըմայէլ իր շնորհաւորական գիրին մէջ կ’ընդգծէր մամուլի գիտականութեան անհրաժեշտութիւնը, թերթը “կու գայ այնպիսի ժամանակներուն, ուր բացարձակապէս անհրաժեշտ դարձած է հրամցնել գիտական մակարդակով ծանուցումներ”: Նախարարը արդարացիօրէն կը մատնանշէր հայ մամուլի մէջ տիրող բաց մը, զոր “կու գայ լեցնելու այս հրատարակութիւնը”:Արմատական ու կռաքանդ Վահէ Օշական ուղղակի կ’ըսէր. “Ամէն բան քանդեցէ՛ք: Գրական ահաբեկչութիւն ըրէ՛ք”, ի մտի ունենալով անցեալի վերագնահատումներուն անհրաժեշտութիւնը, որուն մասին հիմնադիրները յատուկ կէտ մը մտցուցած էին “Դաւանանք”ին մէջ: Սփիւռքի կառոյցին հետեւանք եղող հայ քաղաքական մամուլի նեղ կուսակցականացումը պատճառ դարձած էր նիւթերու սահմանափակութեան, միտումնայնութեան, շատ յաճախ նաեւ ինքնագրաքննութեան: Հետեւաբար նոր սերունդը, յատկապէս ուսանած խաւը անոր՝ չգոհանալու, դժգոհ մնալու եւ հեռանալու պատճառներ ունէր: Ընթերցող մը կը գրէր՝ յստակօրէն դնելով իր ակնկալութիւնները, որ “Երիտասարդ Հայ”ը կրնայ “նոր լոյս մը” ծագեցնել “հայ մամուլի ներկայ մռայլ ու կաղապարուած իրականութեան վրայ…”: Դ.- ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Սփիւռքահայութեան կեանքին ղեկը կուսակցութիւններուն ձեռքը ըլլալով, հայ քաղաքական մամուլին սանձերն ալ ինքնաբերաբար կը գտնուէին անոնց հսկողութեան տակ: Կուսակցութեանց միմեանց հանդէպ ունեցած ամէն կեցուածք՝ գնահատում, քննադատութիւն, մեղադրանք, յստակօրէն կ’արտացոլար մամուլին մէջ: Ա՛յս էր որ շատ յաճախ կը նկատուէր անհանդուրժելի՝ երիտասարդութեան ընդվզած բայց գործօն տրամադրութիւններ ունեցող ստուար խաւի մը մօտ: Երիտասարդներ կային, որոնք յետադարձ ակնարկ մը նետելով անցեալի քաղաքական ու ազգային գործունէութեանց վրայ, հարցադրումներով կը խեղդէին ղեկավարները: “Ինչո՞ւ”ներ՝ անենուրէք. ինչո՞ւ հայկական թերթերը անորակ են, հնաբոյր, ոչ ներկայանալի, օտար մամուլին որակէն ու բովանդակութենէն զգալապէս ետ մնացած: Ինչո՞ ւ ազատ խօսքի տեղ չկայ, միակողմանի է ու այլամերժ: Ազատ մտածող կամ մտածել ուզող սերունդ մը կար, որ չէր գնահատուեր ու չէր հասկցուեր: Հետեւաբար, “Ե.Հ.”ի խմբագրականներէն մէկուն մէջ արտայայտուած սա միտքը շուտով տեղ կը հասնէր ու գետին կը գտնէր կուսակցական դաւանանքներէն (dogma) չկաշկանդուածներուն սիրտերուն մէջ. “Հայերէն կը խօսիք, մե՛նք չենք հասկնար ձեզ: Հայերէն կը խօսինք, դուք չէք հասկնար մեզ. որովհետեւ մենք կը խօսինք ձեր չկերտած բառերով, իսկ դուք կը խօսիք մեր մէկդի նետած բառերով: Համալսարանը մեզ կազմեց, օտարը մեզ կարծրացուց, սրեց: Հայ ենք, բայց ոչ հինի պէս: Մեր անմիջական մտահոգութիւնն է փաստել թէ այլասերող սերունդ չենք”, կըսուէր խմբագրականներէն մէկուն մէջ: Յետագային, հիմնադիրներէն Պետրոս Թերզեան թերթին տասնամեակին առթիւ, փակումէն հինգ տարի ետք, կը գրէր. “Դժգոհ էինք տիրող կացութենէն: Կ’ուզէինք գտնել նորը: Համոզուած էինք որ մեր տագնապը ամբողջ սերունդի մը տագնապն է”: “Երկարամազ-պեխաւորները”՝ նոր ու արդիական ինքնաշարժ ուզող, ժամանակակից կեանքէն ետ մնալ չուզող երիտասարդութիւնը, այն համոզումն ունէր որ չէր հասկցուեր շատ մը ղեկավարներու կողմէ: Ճեղքուածքը զգալի էր սերունդներուն միջեւ: Անվստահութիւն մը կար նորերուն հանդէպ, որ փոխադարձ էր: “Դուք տակաւին պզտիկ էք”, կըսուէր նորեկներուն երեսին, “շատ բաներ չէք հասկնար, փորձառութիւն չունիք”, մինչդեռ “նորեկներէն” շատեր որոնումի մէջ էին, աւելի լաւ կը խօսէին ու կը հասկնային իրենց ապրած երկիրներու լեզուն եւ, որ ամէնէն կարեւորներէն էր, փնտռտուքով համակուած էին շատերը: “Երիտասարդ Հայ”ի տղոց համար հիմնադրոյթային էր միշտ “որոնումի մէջ” գտնուելու ձգտումը, ամէն կերպ դուրս գալու փորձը նախկին կաղապարներէն, ինչպէս նաեւ “երիտասարդութեան մօտ ստեղծելու նոր ազգասիրութիւն, փոխադարձ զիջողութիւն համագործակցութեան հիման վրայ՝ դուրս գալու եսակեդրոն լճացումէն, փնտռելու այն ուղին, որ ճամբայ պիտի բանար յաջորդ համագործակցող սերունդին”, կըսուէր 16 Մայիս 1970-ի խմբագրականին մէջ: Հրապարակուած տեսակէտը ընդունելի էր մանաւանդ երիտասարդութեան կողմէ, որովհետեւ սրտին մօտ էր: “Անհամբեր կը սպասէինք “Երիտասարդ Հայ”ին, որ հասնէր Հալէպ, ուր հայ թերթի զգալի պահանջ մը կար”, կ’ըսէ այժմ Մոնրէալ հաստատուած գործարար Ասպետ Մարտիրոսեան, “տարբեր բան մըն էր թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ ձեւին մէջ, զգալի էր նորութիւնն ու մատուցման եղանակը, իսկ գաղափարներուն մեծ մասին հետ չէիր կրնար չհամաձայնիլ”: Արդարեւ, “Երիտասարդ Հայ” ասպարէզ կը կարդար մինչ այդ գոյութիւն ունեցող կառոյցներուն, որոնք իրենց տրամադրութեանց տակ ունէին դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ, մշակութային հիմնարկութիւններ, գործի ասպարէզ եւ համալսարանական կրթաթօշակներ ճարելու խոստումներ, աղբիւրներ ու միջոցներ: Անխորտակելի էր պարիսպը՝ թափանցել ուզող ազատամիտներու համար, մանաւանդ այնպիսիներուն, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կը նկատուէին այլախոհներ ու ոչ-իւրային: Հսկիչ-մենաշնորհեալները կամ ինքզինքնին այդպէս կարծողներ հաւատացած էին իրենց կարողութեան ու փորձին, սակայն առողջ քննադատութեան իսկական արժէչափերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ կացութիւնը մնացեր էր ու պիտի շարունակէր մնալ այդպիսիներու տնօրինութեան տակ: Դժգոհութիւնը այս երեւոյթին դէմ արդէն սկսեր էր մարմին առնել տակաւին 60 -ականներուն, երբ խումբ մը հարցադրող երիտասարդ մտաւորականներ եւ ուսանողներ ընդվզած ու հեռացած էին Լիբանանի համայնավար կուսակցութեան կարծր ու վերէն թելադրուած հնացած, ժամանակավրէպ դարձած եւ այլապէս ալ հակաժողովրդավարական գործելակերպէն՝ կազմելով շատ աւելի ժողովրդավարական, ազգային ձախ միութիւն մը: Արդար ըլլալու համար պէտք է հոս յիշել թէ “Երիտասարդ Հայ”ը իր մօտեցումներուն ու քննադատութեանց մէջ ընդհանրապէս բարեմիտ էր ու կառուցողական եւ գիտէր ինչպէս վարուիլ մէկ կողմէն ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի, հայ յառաջադէմ համայնավարներու եւ միւս կողմէն ՀՅԴ-ի հետ: Վերջինիս հանդէպ կը գործածէր աւելի խիստ լեզու՝ ուղղակի եւ անուղղակի քննադատութիւն, միշտ մնալով սահմաններուն մէջ պատշաճութեան, որ միշտ չէր հանդուրժուեր ՀՅԴ-ի “հսկողութեան” տակ գտնուող թաղերէն ու հաստատութիւններէն ներս…: Շատ հաւանաբար այս էր պատճառը որ ատեն մը ետք գրեթէ արգիլուեցաւ “Երիտասարդ Հայ”ի վաճառքը Պէյրութի Պուրճ-Համմուտ արուարձանի ու մերձակայ շրջաններու մէջ: Հետաքրքրական է նաեւ այն փաստը որ “Երիտասարդ Հայ”ի հրատարակութենէն ու անոր երիտասարդ ընթերցողներուն ցոյց տուած նախանձելի հետաքրքրութենէն ետք, յատկապէս ՀՅԴ-ի շրջանակէն, ՀՅԴ-ն սկսաւ հրատարակել ի՛ր պարբերաթերթը՝ “2001”-ը: Կը կարդանք 20 Դեկտեմբեր 1970– ի խմբագրականին մէջ. “Նկատեցինք եւ ըսինք թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կը տիրէր մեր ազգային կեանքէն ներս, թէ այդ դժգոհութիւնը ընդվզումի ու մանաւանդ հարցադրումի կը փոխուէր երիտասարդութեան մօտ”: Հետեւաբար հարց պիտի ծագէր այս վիճակը շրջելու, իսկ միտքերն արդէն պատրաստ էին, տրամադրութինները՝ հասունցած. “քաղաքական գետնի վրայ բոլոր անյաջողութիւններուն եւ տկարութիւններուն բուն պատճառը ազգային-կուսակցական բարձր մարմիններու ղեկավարումը միայն քաղքենի անդամներուն մենաշնորհը եղած ըլլալն է…”, կը գրէր Սարգիս Գալայճեան 28 Մայիս 1973-ի թիւին մէջ եւ կ’առաջարկէր որ ղեկավարումը “միայն մէկ տեսակէտի մարդոց ձեռքը պէտք չէ որ ձգուի”: Ամէն համակիր “Երիտասարդ Հայ”ի թերեւս համաձայն չըլլար արտայայտուած սուր տեսակէտին, բայց այսպէ՛ս մտածողներու եւ արտայայտուողներու թիւը այլեւս սկսեր էր մեծնալ քիչ մը ամէն տեղ սփիւռքի տարածքին: Սխալ էր կարգ մը կուսակցական ղեկավարներու եւ անոնց հետեւող կուսակցականներու այն պնդումը թէ “Երիտասարդ Հայ”ականները հակակուսակցական էին: Ո՛չ, ընդհակառակը, այս երիտասարդները կ’ուզէին բարեփոխութիւն տեսնել այդ կառոյցներուն մէջ: Ե.- ՈՉ-ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ Քաղաքական, ընկերային եւ ազգային հարցերու իւրովի ու անկախ գնահատումներուն, թելադրութիւններուն ու վերլուծումներուն զուգընթաց “Երիտասարդ Հայ”ը առատօրէն նիւթ կը հայթայթէր թատրոնի, շարժապատկերի, մարզական, ընկերային ու նորոյթի աշխարհներէն, միշտ որպէս սկզբունք ունենալով վերլուծական փորձի մօտեցումով ու քննադատական ոգիով հրամցնել այդ մասին եղած գրութիւնները: Այս բաժինը բծախնդրօրէն կը պատրաստէր գլխաւոր հիմնադիրներէն Լութֆի Թապագեան՝ շրջանաւարտ Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական Համալսարանէն: Ազգային-քաղաքական հարցերու քննարկման մէջ ճիգ կը նկատուէր անկախ դիրքերէ դիտել ու մեկնաբանել երեւոյթները: Անաչառ ըլլալու միտումին մէջ ոչ ոք կը խնայուէր, եթէ անհրաժեշտութենէ կը բխէր այդ: Այս իմաստով, օրինակի համար, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններն ու հայրենիքի ներքին կեանքը կը դիտուէր “Երիտասարդ Հայ”ի որդեգրած հայեցողութեամբ՝ միշտ առարկայական ու կառուցողական ակնոցով: Սկզբունքը հետեւեալն էր՝ “Եթէ սխալ է եւ ուղիէն շեղած, մեզի իրաւունք կը վերապահենք մեր տեսակէտները հրապարակել ու հրաւիրել հայրենիքի ղեկավարութեան ուշադրութիւնը”: “Երիտասարդ Հայ”ը ազգային կարգ մը հարցերու եւ խնդիրներու գնահատումներուն ու քննադատութիւններուն մէջ փորձեց չնմանիլ սփիւռքի հակադիր կուսակցութիւններու մօտեցումներուն: Այսպէս օրինակ, կային թապուներ կարգ մը թեմաներու շուրջ, ինչպէս՝ հայրենիքի մէջ նկատուող ժխտական երեւոյթներու մասին արտայայտուիլը: Անկեղծ ու կառուցողական միտումներէ մղուած քննադատութիւնները սովորաբար խորթ աչքով կը դիտուէին այսպէս կոչուած “հայաստանասէր” ղեկավարութեան ու համակիրներու կողմէ: Այս եւ նման նիւթերու մասին խօսիլն ու արտայայտուիլը բարդ կացութեան մը մէջ կը դնէր բարեմիտ դրդումներէ մղուած սրտցաւ սփիւռքահայ մտաւորականը, որովհետեւ “միւս կողմը”, իմա՝ ՀՅԴ-ը իր մենատիրութիւնը կը նկատէր այդ ասպարէզը՝ երբեմն իր “քննադատութիւնները” վերածելով ցեխարձակումներու: Խորհրդային Հայաստանի մէջ յաճախ չթաքցուող ժխտական երեւոյթներու քննադատութեամբ զբաղելու դերը կը կատարուէր կուսակցական քարոզչութեան ծառայեցնելու նկատառումներով: Հետեւաբար, անկախ կողմէ մը լսուած բարեմիտ, կառուցողական ու սրտցաւ քննադատութիւնները այդ հատուածին կողմէ կը նկատուէր “սեփական կալուածէն” ներս ներխուժում, իսկ միւս հատուածներուն կողմէ՝ “միւսներուն թմբուկը զարնող” դաւաճան կեցուածք: Բարդ էր վիճակը եւ լարուած: Կը տիրէր զգայուն ու ջղային վիճակ մը: Եթէ քննադատես, “անոնցմէ՞” ես արդեօք, եթէ “անոնցմէ” չես, հապա որո՞ւն կողմէն ես: “Երիտասարդ Հայ”ը նման հարցեր քննարկելու քաջութիւնը ունեցաւ առանց իյնալու մէկուն սեւացրէքեան տիղմին մէջ եւ ոչ ալ օրօրուելու միւսին վարդագոյն ակնոցներով դիտելու քաղաքականութեան “կառուսել”ին մէջ: Այս իմաստով հետաքրքրական էր “Սփիւռքահայ Ուսանողութեան Գայթակղութիւնը”(“) հետազօտական յօդուածին առթիւ ստեղծուած իրարանցումն ու հեղինակը փնտռելու տենդագին արշաւը, որ մի քանի տարի տեւեց: Գլխաւոր հեղինակին եւ գրութեան խմբագրման մասնակցած հեղինակակիցներուն հարցադրումներուն ու ախտորոշումներուն համաձայն գտնուողները, լաւագոյն պարագային, ծայրայեղ զգուշութեամբ կամ վախվխելով կը խօսէին անկիւններու մէջ, իսկ իր ինքնութիւնը յայտնել չուզող հեղինակը, հեղինակակիցներն ու “Երիտասարդ Հայ”ը մի քանի տարի հայհոյութեան արժանացան: Եղան սակայն արդարամիտներ ալ, որոնցմէ մին, այն ատենուան Երեւանի Բժշկական Համալսարանի ղեկավարներէն մին, ըսած էր. “Երիտասարդ Հայ”ի այդ յօդուածից յետոյ մենք չենք կարող անտարբեր լինել ուսման հետ կապ չունեցող եւ ուրիշների տեղերը զբաղեցրած “ուսանողների” հանդէպ”: “Երիտասարդ Հայ”ը ջնջեր էր թապուները: Զ.- ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐՆ ՈՒ “ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ”Ը 1967-ի արաբօ-իսրայէլեան պատերազմը, ու անկէ առաջ տակաւին 1 Յունուար 1965-ի “Պաղեստինեան Դիմադրութեան արձակած առաջին գնդակը սիոնական պետութեան դէմ” (“Ե.Հ.” թիւ 77, էջ1), անկիւնաքար մը եղաւ արաբական, յատկապէս պաղեստինեան ազատագրական պայքարի զարգացման մէջ: Պաղեստինցիները այլեւս վերջնականապէս որոշեր էին իրենց ձեռքը առնել իրենց ճակատագիրը: Սկսեր էին գաղտնի եւ բացայայտ զինական մարզումները պաղեստինեան ճամբարներու մէջ, Պէյրութի շուրջը գտնուող արուարձաններու եւ լեռնային վայրերու մէջ թէ այլուր: Պաղեստինեան շարժումը ամէն տեղ զգալի դարձուցեր էր իր ներկայութիւնը թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ զինեալ դիմադրութեան դաշտերէն ներս: Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ Լիբանանի տնտեսական բեւեռացումը. հարուստը աւելի հարստացաւ, աղքատն ու չքաւորը աւելի յուսահատ կացութեան մատնուեցան: Լիբանանի մէջ, որպէս արդիւնք տնտեսական անապահովուածութեան ու կեղեքման, բանուորական շարժման մէջ զգալի աշխուժացում մը նկատուեցաւ: Այլեւս սովորական երեւոյթներ դարձեր էին բանուորական ցոյցերն ու ընդվզումները Պէյրութ, Թրիփոլի, Սայտա եւ Սուր քաղաքներու մէջ: Ո՞ւր էր լիբանանահայը այս պատկերին մէջ: “Երիտասարդ Հայ” տուաւ առաջին ամբողջական ու համապարփակ դրական արձագանգը՝ իր ձայնը աւելցնելով հայ “յառաջդիմական” մամուլին արձագանգներուն վրայ, (իմա՝ “Մեր Նշանաբանն է Յառաջ” եւ “Յառաջ” շաբաթաթերթերը – Մ.Գ.): Հայ երիտասարդութեան զգալի մէկ տոկոսը անտարբեր էր, չըսելու համար հեգնական: ՀՅԴ-ի շուրջ գտնուող երիտասարդութիւնը առանց հրահանգի չէր կրնար դիրք որոշել, հետեւաբար կը նախընտրուէր լուռ մնալ, մանաւանդ որ կրնար մեղադրուիլ ձախակողմեան շարժումներու ի նպաստ գտնուելու յանցանքով: Պաղեստինեան շարժման գծով նոյնպէս կը տիրէր նուազագոյն խանդավառութիւնը այդ շրջանակին մէջ: Վիճակը շատ տարբեր չէր նաեւ միւս կազմակերպութիւններու պահպանողական տարրին կողմէ առաջնորդուած երիտասարդական շրջանակներուն մէջ: “Երիտասարդ Հայ”ը հայ երիտասարդութիւնը կը բաժնէր երեք խումբերու ՝ անտարբերներ, մակերեսայիններ եւ գործօն մասնակիցներ: Առաջին երկուքին ու պահպանողականութեան քննադատութեան բաժնին մէջ կ’ըսուի. “Տոկոս մը կայ, որ երբեք չի հետաքրքրուիր քաղաքական, ընկերային ուսանողական որեւէ գործունէութեամբ”, կամ “կը մասնակցի շատ սահմանափակ մտահորիզոնով ու տարողութեամբ”: “Երիտասարդ Հայ” քիչ մը աւելի առաջ երթալով ախտորոշում մըն ալ կը կատարէ՝ ըսելով որ կայ “անհոգ երիտասարդներու տոկոս մը”, որոնց տրուած է այնպիսի “դաստիարակութիւն մը”, ըստ որուն “անոր տեղը խոհանոցն է, քաղաքականութիւնը իր գործը չէ”: (“Ե.Հ.”, թիւ 4, էջ 4) Այսպէս կոչուած “հայաստանասէր” “ձախակողմեան – յառաջդիմական” կազմակերպութիւններու անկախ երիտասարդներու մօտ պատկերը քիչ մը աւելի թափանցիկ էր: “Երիտասարդ Հայ”ը կու գար դառնալու նոր սերունդի այս խումբին սրտի թարգմանը: 7 Փետրուար 1970–ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք. “Դժգոհ հայ երիտասարդութիւն մը իրականութիւն է այսօր: Այս իրականութեան հանդէպ՝ կը մնայ դիրքորոշուիլ: …Բայց անգիտակցօրէն դուք ձեզ (երէ՛ց բարեկամներ) կը դասէք այն միջազգային պահպանողականութեան մէջ, որ ամէնուր կ’արգելակէ վերանորոգումի ձգտումները”: Յստակ էր “Երիտասարդ Հայ”ի պատգամը՝ լիբանանահայութիւնը, բայց ի մասնաւորի հայ երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը պէտք չէ անտարբեր գտնուին իրենց շուրջը կատարուող կարեւոր իրադարձութիւններու հանդէպ, պէտք չէ մնան կրաւորական դիրքերու վրայ, այլ պէտք է մաս կազմեն ու իրենց խօսքը լսելի դարձնեն, եթէ չեն ուզեր լուսանցքուիլ եւ, անշուշտ, եթէ կ’ուզեն որ մեզ հիւրընկալող երկիրներու ժողովուրդները զբաղին ու թիկունք կենան Հայ Դատին: Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ հետաքրքրական էր դերը ՀԱՀԳԲ-ի (ASALA, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ գաղտնի Բանակ): Մեր նիւթի սահմաններէն դուրս կ'իյնայ անոր ծնունդն ու զարգացման պատմութիւնը հիւսելը, բայց մէկ բան յստակ է թէ ՀԱՀԳԲ-ը իր սխալներով հանդերձ, զգալի բեկում մտցուց Հայ Դատի հետապնդման ու ճանաչման գործընթացին մէջ, չըսելու համար որ անիկա արագացուց հարցին միջազգային ուշադրութեան արժանացումը: “Երիտասարդ Հայ” հոս նոյնպէս ունեցաւ խիզախութիւնը ըստ արժանւոյն ներկայացնելու եւ լուսարձակի տակ առնելու նորօրեայ այս հայ ֆետայիներու գաղափարախօսութիւնն ու գործունէութիւնը, առանց գովաբանելու կամ ներբողելու ահաբեկչութիւնը որպէս միակ միջոց Հայ Դատի լուծման: Է.- ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺՆ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԸ Երկշաբաթաթերթը մինչեւ վերջն ալ մնաց հաւատարիմ իր հիմնական ընթերցողներուն ՝ երիտասարդութեան: Տարեցներն արդէն կազմաւորուեր էին, իսկ երիտասարդութեան մօտ հողը պարարտ էր: Վերջինս, ինչպէս շատ ժողովուրդներու պարագային, միշտ նորութիւն փնտռող է եւ քիչ մը ըմբոստ: Սփիւռքի հայութեան կեդրոնը դարձած Պէյրութի քաղաքական ու ընկերային եռեւեփումներուն մէջ հասակ առած հայ երիտասարդութիւնը այլեւս բացէ ի բաց կը խօսէր կացութիւնը յեղաշրջելու մասին: “Ե. Հ.”ը այսպիսիներուն խօսնակը ըլլալու տուեալները ունէր. “Կասկած չկայ թէ պիտի փոխուին մտայնութիւնները: Փոխել մտայնութիւնը կը նշանակէ յեղաշրջել կացութիւնը: Յեղաշրջել կացութիւնը՝ իրազեկելու համար մենաշնորհեալները”, կը կարդանք “Ե.Հ.”ին մէջ: Պահպանողական ղեկավարութիւնը իր գոյութիւնը արդարացնելու եւ իր նմանին շարունակութիւնը ապահովելու համար բնականաբար պիտի աշխատէր մի քանի ուղղութեամբ: Ուրեմն հարկաւոր էր հլու-հնազանդ դաստիարակութեան մեթոտի կիրարկումը, ապա՝ պէտք է աչալրջօրէն հետեւէր որ ընդվզող, հարցադրող, ընդդիմադիր ու քննադատական ոգի ունեցող երիտասարդներ կա՛մ չմտնեն համակարգէն ներս, կա՛մ մեկուսացուին, իսկ լաւագոյն պարագային՝ պարունակի մէջ դրուին: Այս էր խաղի օրէնքը, զոր երիտասարդներէն շատեր չէին կրնար հալած իւղի տեղ ընդունիլ: Ուստի, երբոր հրապարակ իջաւ “Ե.Հ.”ը, առաջինը երիտասարդներն էին որ իրենց ուզածները փնտռեցին հոն: Թերթին “Պոռթկումը այնքան ինքնաբուխ էր եւ վարակիչ”, կըսէ երեսուն տարուայ հեռաւորութենէ մը ետք հիմնադիրներէն ու խմբագիրներէն Լութֆի Թապագեան, “որ “Ե.Հ.”ին շարքերուն միացան կամ զօրավիգ կանգնեցան որոշ թուով երիտասարդ կուսակցականներ՝ Տխրունիականներ (ՍԴՀԿ), Զաւարեանականներ (ՀՅԴ), Փորթուկալեանականներ (ՌԱԿ): “1968- ի Փարիզի ուսանողական-երիտասարդական ընդվզումներուն արձագանգները արագօրէն մեր մէջ ալ տարածուեցան”, կը գրէ Վահէ Մարգարեան, AUB-էն (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան), ճարտարագիտութեան ուսանող մը, այժմ հաստատուած Շուէտ, “Լիբանանի քաղաքականացած ուսանողութիւնը, հակառակ լիբանանեան բոլոր պահպանողական ուժերու բացայայտ ճնշումներուն, չկրցան համալսարանականները զսպել: Հայերէն ալ շատեր ազդուած էին դրապէս”: Կամաց կամաց ընդվզող հայ երիտասարդներուն թիւը կը բարձրանար, բայց տարերային էր ու տարտղնուած, թէեւ ղեկավարութիւն մը կար, որ սկսեր էր մտահոգուիլ՝ իր դէմ տեսնելով հաշուետուութեան կանչող երիտասարդներու զանգուած մը: Այս կացութեան մէջ հայ երիտասարդութենէն ներս կը տիրէր նաեւ շփոթ մը, տեսակ մը երկուութեան զգացում մը: Ո՞վ էր ինք, ի՞նչ պատկանելիութիւն ունէր, իր ապրած երկրին քաղաքացի՞ն էր, թէ ոչ. որքանո՞վ էր անոր քաղաքացին եւ ի՞նչ էին իր պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները, հետեւաբար նաեւ՝ ակնկալութիւնները: Ո՞ւր էր սահմանը իր ազգային պատկանելիութեան ու քաղաքացիութեան միջեւ: Տրուած պատասխանները անորոշ էին ու խուսափողական: Բայց պէտք էր դուրս գալ այս երկուութենէն: “Ե.Հ.”ը երեք թիւով կ’անդրադառնար այս խնդրին: “Սփիւռքահայը իր դիրքորոշումը կը հիմնէ բացարձակ չէզոքութեան ու կրաւորական դիրքի մը ըմբռնման վրայ, անհաղորդ իր շրջապատի հոսանքներուն”, կը գրէր “Ե.Հ.”ը (թիւ 14, 1970): Թերթը կը խոստանար մեղմել այդ երկուութիւնը՝ ստեղծելով “հասարակաց շահեր երկու հայրենիքներուն միջեւ”: Խոստումին կը յաջորդէր սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ այդ տարիներուն հազուադէպօրէն կատարուող սեմինար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրիայէն, Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եկած երտասարդներ, իսկ դասախօսելու համար կը հրաւիրուին երեք տարբեր գաղափարաբանութեան տէր անձինք, յանձինս Շաւարշ Թորիկեանի, Զաւէն Մըսրլեանի եւ Վահէ Օշականի: Սեմինարի աւարտին կ’որդեգրուի բանաձեւ մը, որուն մէջ կը գերիշխէ “յեղաշրջումը սփիւռքի կեանքը պայմանաւորող ազգային կառոյցներուն մէջ” մօտեցումը, առանց անտեսելու կամ ժխտելու դասական կուսակցութիւններու դերը: “Ե.Հ.”ը սփիւռք հասկացողութեան կու տար նոր բովանդակութիւն, կշիռք ու մանաւանդ առաքելութիւն: “Սփիւռքը պէտք է կերտուի իրեն յատուկ գաղափարախօսութեան կազմակերպութեան վրայ”, կ’ըսուի խմբագրականներէն մէկուն մէջ, իսկ ասիկա ամէն բանէ առաջ կը պարտադրէ հիմնուիլ տնտեսական ազդեցիկ ուժի մը վրայ: Հո՛ս է որ “Ե.Հ.”ը հանրութեան եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին կը հրամցնէր առարկայական մօտեցում մը՝ ստեղծել սփիւռքի քաղաքական ազգային մարմին մը, որ ունենայ “սփիւռքի տնտեսական կեդրոն, սփիւռքի կրթական կեդրոն, սփիւռքի լրագրական կեդրոն”: Զարմանալի պիտի թուայ թէ ինչո՞ւ համար երիտասարդ ընթերցողներ ունեցող երիտասարդներուն ուղղուած ամսագիր մը չվերածուեցաւ շարժումի: Հետաքրքրական էր եւ տրամաբանական տրուած պատասխանը՝ “հաւատարիմ մնալու համար իր սկզբունքին, “Ե.Հ.” մերժեց շարժում ըլլալ: Շարժումի վերածուիլ կը նշանակէր կրկնօրինակը դառնալ գործող ազգային կուսակցութեանց”, կ’ըսէ Լ. Թապագեան, որովհետեւ թերթին նպատակն էր “բռունցքի վերածել երիտասարդութիւնը եւ ցնցել հայ ազգային կեանքը”: Այս առումով հետաքրքրական է “Ե.Հ.”ի մասնակցութիւնը Եւրոպայի մէջ կայացած երիտասարդական հաւաքին, ապա հանդիպումները “ԳԱՐՈՒՆ” ամսագրի գործընկերներուն հետ: Երեւանի “ԳԱՐՈՒՆ”ը երիտասարդութեան ամէնէն սիրուած ամսագիրն էր Հայաստանի մէջ: Խօսակցութիւնները շինիչ էին եւ խանդավառութիւնը՝ փոխադարձ: Յետ “բանակցութեանց”, պատրաստակամութիւն յայտնուեր էր գրութիւններ փոխանակել ու կատարել արտատպումներ: Վստահաբար, եթէ վրայ չհասնէր Լիբանանի քաղաքացիական տագնապն ու անոր յաջորդող քայքայիչ պատերազմը, ստեղծուած առողջ տրամադրութիւնը կրնար վերածուիլ իւրայատուկ շարժումի մը՝ իր ետեւէն տանելով երիտասարդներու ստուար զանգուած մը: “Ե.Հ.”ի տղաքը յատուկ օրակարգով ու ծրագիրով մեկներ էին Հալէպ, ուր շուրջ յիսուն համալսարանաւարտներու եւ այլ երիտասարդներու հետ ունեցած էին խիստ շահեկան հանդիպումներ: Վստահաբար այս ճամբորդութիւններուն պիտի յաջորդէին նորերը՝ դէպի Իրաք, Պարսկաստան, Գահիրէ եւ այլուր, քանի որ ԻՍԿԱՊԷՍ ժամանակը հասունցեր էր կամրջելու սփիւռքի ու հայրենիքի երիտասարդութիւնը: “Ե.Հ.”ի սկսած այս նոր ռազմավարութիւնը նորութիւն մըն էր՝ լի խոստումներով, արդարեւ, քիչ ետք թերթի հովանիին տակ գլուխ գլխի պիտի գային աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած երիտասարդներ՝ “Երիտասարդական Հաւաք” անունին տակ: “Հաւաք”ին նպատակը պարզ էր, տիրող կացութենէն դժգոհ այս տղաքը կ’ուզէին որոնել նոր ուղիներ, որովհետեւ տագնապ մը կը միացնէր զանոնք ու այդ տագնապը ամբողջ սերունդի մը կը պատկանէր: Հակառակ կարգ մը պահպանողական ղեկավարներու եւ անոնց կառքին լծուած տարբեր տարիքի կողմնակիցներու հրապարակ նետած անհիմն տեղեկութեանց, նոր տղաքը բնա՛ւ նպատակ չունէին հինը քանդելու, այլ՝ անոր կողքին ստեղծել նորը: Ը.- ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Արտայայտուած գաղափարներէն շատեր անընդունելի էին առաջին հերթին քաղաքական կազմակերպութիւններու պահպանողական ղեկավարներուն եւ անոնց համակիրներուն կողմէ, հակառակ այն իրողութեան որ բոլոր շրջանակներու մէջ ալ “Ե.Հ.” կը վայելէր ե՛ւ թաքուն ե՛ւ բացայայտ համակրանք: Կարգ մը ղեկավարներու համար յանդգնութիւն էին այս “խենդ տղոց” գաղափարները: Քաղաքական անցեալ ու փորձ կուտակած կազմակերպութիւններուն տեսանկիւնէն “չափը անցուած” կը կարծուէր, որովհետեւ բացէ ի բաց կը հարուածուէին այն ինչ որ “Ե.Հ.”ի տղոց համար հակապատմական էին ու անիրապաշտ: Մոլեռանդ գրիչներու յարձակողականներն ու մեղադրանքները դաժան էին: Տակաւին առաջին իսկ թիւերուն հրատարակութեան զուգընթաց, ապա նաեւ մինչեւ թերթի փակումը, անսովոր չէր հանդիպիլ այսպիսի որակաւորումներու “Ե.Հ.”ի հասցէին. “տղայական լեզուագարութիւն”, “էգի տարազով արու”, “պորտաբոյծներու քաջալեր”. “միամիտ, սնանկացած, ամբարտաւան, գնդիկ խաղացող տղաք”, “անկոչ ոստիկան”, եւ այլն: Զարմանալի թող չթուան այս արտայայտութիւնները, որովհետեւ այդ օրերուն դժուար էր պատկերացնել եւ ընդունիլ հրատարակութիւն մը, որուն հեղինակները ուղղափառ համայնավար չէին, բայց ընկերվարութեան առաւելութիւնները չէին վարաներ բացատրել: Դաշնակցական չէին, բայց իրաւունք կու տային իրենք իրենց, որպէս ազատ ու անկախ մամուլ՝ քննադատել խորհրդային կարգերն ու միւս հայ կուսակցութիւնները: Հնչակեան չէին, Ռամկավար ալ չէին, թէեւ երբեմն այս վերջիններուս կարգ մը գաղափարները կը կիսէին: Չէզոք՝ բնա՛ւ չէին: Ի վերջոյ ի՞նչ էին այս համալսարանաւարտ ու համարձակ տղաքը, որոնք ոեւէ մէկուն կաղապարին մէջ չէին ուզեր տեղաւորուիլ: Եղան նոյնիսկ այսպիսի ծայրայեղ որակաւորումներ ու վերագրումներ, որ իբր ազատ որմնադիրներու, նոյնիսկ Սիոնիստներու կողմէ կը ֆինանսաւորուէին ու անոնց քաղաքական ջրաղացին վրայ ջուր կը լեցնէին…: Հակազդեցութիւնը այնտեղ հասաւ որ նոյնիսկ բացէիբաց արգիլուեցաւ անոր վաճառքը հայահոծ Պուրճ Համմուտի թաղերուն մէջ: Իսկ 1972-ի Լիբանանի Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը դատի կանչեց թերթը, որովհետեւ “Ե.Հ.”ը կը զբաղէր քաղաքականութեամբ, երբոր “Ե.Հ.”ը “հասարակական քաղաքական” թերթի մը արտօնութիւնը ունէր: Հասկնալի էր անշուշտ որ կարգ մը “կարծրներ ու բռնապետներ” աշխատեր էին այլ լծակներու միջոցով լռեցնել “Ե.Հ.”ը: Դատի օրերուն պարզուեցաւ որ թերթին քաղաքական ըլլալ-չըլլալու մասին պետութեան մօտ աշխատանք տարած էին կարգ մը հայ “բծախնդիր ու մաքրամաքուր” կուսակցական ղեկավարներ, մինչդեռ պետութիւնն ու նախարարութիւնը այնքան ալ շահագրգռուած չէին հայ թերթի մը ներքին հարցերով զբաղելու: “Երիտասարդ Հայ”ը հրապարակէն դուրս նետելու ծրագիրներուն մէջ կիրարկուեցաւ նաեւ տնտեսական ազդակը: Այսպէս, ատեն մը ետք յայտնի դարձաւ որ անուղղակի ճնշումներու պատճառով նուազած են գովազդները, որովհետեւ կուսակցականներ գտնուած են, որոնք հետեւողականօրէն ճնշում բանեցնելով իրենց “հսկողութեան” տակ գտնուող վաճառատուներուն վրայ, ի վերջոյ յաջողած են “համոզել” զանոնք որ հրաժարին գովազդներ տալէ: Չուշացաւ նաեւ “դրական” հակազդեցութիւնը: Արդարեւ, ՀՅԴ-ի հովանիին տակ հրապարակ իջաւ երիտասարդական հետաքրքրական ամսագիր մը՝ “2001”-ը, որպէսզի երիտասարդ ընթերցողները հրապուրուին ա՛յս հրատարակութեամբ: Թ.- Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ “ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ”ԷՆ Չորս տասնամեակ հեռաւորութենէն նայելով “Երիտասարդ Հայ”ին, որպէս հայ իրականութեան մէջ իր տարողութեամբ ու բազմազանութեամբ առաջին երիտասարդական անկախ թերթերէն մին, նախ եւ առաջ պէտք է հաստատել որ թերթը հայ երիտասարդութեան ներշնչեց ինքնավստահութիւն ու սեփական կարծիքը անվարան յայտնելու քաջութիւն: Ընթերցողները կարօտով կը յիշեն այն պահերը, երբ անհամբեր կը սպասէին իւրաքանչիւր նոր համարին: “Վստահ էինք որ ամէն մէկ թիւին մէջ նորութիւն մը պիտի ըլլար”, կ'ըսէ Լոս Անճելըս հաստատուած Մարտիկ Գէորգեան, որ կը զբաղի ապահովագրութեամբ, “հետաքրքրական էին վերլուծումները ընկերային զանազան երեւոյթներու, հայ մամուլին մէջ քիչ կը հանդիպէինք հարցախոյզներու եւ անկախ տեսակէտներու: “Ե.Հ.”ը յաճախ կը հրամցնէր նման բաներ”: Ի՞նչն էր ուսանելի հինգ տարուայ կարճ կեանք մը ունեցած “Ե.Հ.”էն: Անիկա “ցնցեց հայ ազգային կեանքը, թօթափեց գաղթականի հոգեբանութիւնը, երազներով ապրող երիտասարդութիւնը իրապաշտութեան ճամբան առաջնորդեց”, կը գրէ Լ. Թապագեան: Ճիշդ տրուած գնահատական մը արդարեւ: Գրիգոր Մահտեսեան, Պէյրութի Սէն Ժոցեֆ համալսարանէն, այժմ Ֆրանսա հաստատուած, կը գրէ. “Իսկապէս որ մեզի համար յստակ չէր՝ ո՞վ ենք, ի՞նչ ենք: Շուարած էինք՝ հա՞յ ենք, լիբանանցի՞, որքանո՞վ մէկը կամ միւսը… “միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն”ը երգելով ատրճանակ կը պարպէին օդին մէջ”: Այսօր աշխարհի զանազան կողմերը սփռուած “Ե.Հ.”ականներ կը գտնուին ազգային, մշակութային, կրթական ու տնտեսական ասպարէզներէ ներս բաւական պատասխանատու դիրքերու վրայ: Անոնք ազգային նոր մտածելակերպ մը մատուցին հայ երիտասարդութեան, մանաւանդ կաղապարներէն դուրս ելլելու եւ հայահոծ գաղութներու մէջ հայ դատի հետապնդումն ու անոր հնարաւոր յաջողութիւնը տեսնելու նոր տեսադաշտ մը պարզեցին: Հիմնադիրներէն խիզախ մտաւորական Պետրոս Թերզեան, այժմ Ֆրանսայի “Հայաստան Հիմնադրամի” նախագահ եւ հրատարակիչ ֆրանսական Petrol շաբաթաթերթին, կու տայ այսպիսի գնահատում. “Ե.Հ”ը հիւանդ ընկերութեան մը մէջ՝ հիւանդ սփիւռքի մը մէջ, առողջութիւն տենչացող ճիչ մըն էր”: Դժբախտաբար “Ե.Հ.”ի գործը մնաց անաւարտ, բայց իրականութիւն է նաեւ այն փաստը որ սփիւռքի տարածքին իրարու ետեւէ լոյս տեսած կարգ մը թերթերու հիմնադիրները ներշնչուեցան “Երիտասարդ Հայ”էն: Այս ալ ուսումնասիրութեան նոր նիւթ մըն է, որ կը կարօտի յաւելեալ հետազօտութեան: Այս առնչութեամբ, որպէս օրինակ, պարտաւոր եմ յիշել Armenian International Magazine-ի պարագան: AIM-ի հիմնադիրներուն մեծ մասը, ներառեալ տողերուս հեղինակը, միշտ ալ գովասանքով կը խօսէին “Ե.Հ”ի ու անոր ոդիսականին մասին. մեր զրոյցներուն եւ կարծիքներու փոխանակութիւններուն ընթացքին “Ե.Հ.”ի իւրատեսակ ներկայութիւնը կը զգայինք յաճախ: Ատենն է որ ուրիշներ նոյնպէս գրիչ առնեն եւ իրենց փորձառութիւնը թուղթին յանձնեն, արդարութիւն ըրած ըլլալու համար հնգամեայ, թէեւ կարճ, բայց հայ իրականութեան մէջ զգալի ազդեցութիւն ձգած “Երիտասարդ Հայ”ին:

No comments: