Թուրքիան է՛ եւ դեռ երկա՜ր ատեն պիտի մնայհայութեան միա՛կ թշնամին
Որքան ալ միամտութիւնը պատած ըլլայ շատերուն, որոնց կարգին, դժբախտաբար, Հայաստանի կարգ մը բարձրաստիճան իշխանաւորներուն իրենց երբեմն որդեգրած թաց դիւանագիտութեա՜մբ առաջնորդուելու հանգամանքին, թէ այսօրուան Թուրքիան պիտի շուտով միանայ եւրոպական ընտանիքին, եւ Հայկական հարցը իր լուծման փուլին մէջ մտած պիտի ըլլայ, փաստերը ուրիշ բան ցոյց կու տան: Անոնք չարաչար կը սխալին, ինչպէս սխալած էին, անցեալ դարու սկիզբը մեր ազգային յեղափոխական կազմակերպութիւնները իթթիհատականներուն իշխանութեան գալու օրերին եւ կամ մեր միւս միջազգայնական կարմիր յեղափոխականները խորհրդային օրերուն՝ թէ քեմալականները յառաջացեալ ու արդիականացած բարեկամներն են ռուս, ազերի եւ հայ եղբայրական ժողովուրդներուն:
Այդպիսի բան գոյութիւն չունի եւ դժուար թէ գոյութիւն ունենայ շուտով կամ գալիք տասնամեակներուն: Պէտք է կրկնել ու մի՛շտ կրկնել, որ տարբերութիւն չկայ օսմանցի թուրքին ու իթթիհատական թուրքին միջեւ, եւ կամ՝ քեմալական թուրքին ու տարիներով իշխանութեան վրայ եղող զինուորական թուրքին ու այսօրուան կրօնամոլ թրքական իշխանութիւններուն միջեւ: Երբե՛ք: Թուրքը թուրք է իր էութեամբ: Վկա՛յ մանաւանդ մեր Հրանտը:
Թուրքը պիտի մնայ թուրք այնքան ատեն, որ մենք հայերս չունինք զօրաւոր պետական իշխանութիւն, չունինք մանաւանդ ամուր տնտեսութիւն եւ կազմակերպուած եւ ազդու սիփւռք: Մեր միասնական ոյժի գոյակցութեամբ է, որ այսօրուան Թուրքիան պիտի տարբերի երէկուան ու այսօրուան Թուրքիայէն: Ո՛չ միջազգային բարեկամ թէ դրացի պետութիւնները, ո՛չ ազնիւ ու սրտցաւ մարդկային իրաւանց հաստատութիւնները եւ ո՛չ ալ սա կամ նա պետութեան կողմէ որդեգրուած ճանաչումները պիտի կարենան ոյժ բանեցնել Թուրքիոյ, ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր, ճանչնալու իր կողմէ կազմակերպուած Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնելու հայկական հողերն ու գոհացնելու մէկ ու կէս միլիոն զոհերու անգին գինով կրուած մեր պահանջքները: Այդպիսի բան գոյութիւն չի կրնար ունենալ:
Որպէս պետութիւն, ազգային իշխանութիւններ թէ քաղաքական կազմակերպութիւններ մանաւանդ լրջանալու ենք եւ ծրագրելու ենք գալիք տասնամեակներու համար մեր իրաւունքներու ձեռքբերման նոր միջոցներ: Ինչ որ կարգ մը գետիններու վրայ արձանագրուեցան յաջողութիւններ, երբեմն պարագայական եւ երբեմն ի գին գերագոյն զոհողութեանց, պարզապէս հայութիւնը պահած եղան հաւատքին, թէ շարունակելու ենք տակաւին մեր ազնիւ պայքարը, գոնէ օգտակար ըլլալու մեր ազգապահպանման սրբազան գոյապայքարին: Այսքա՛ն:
Քաղաքական նոր դասաւորումներով, երբ Ռուսաստան վճռած է վերադառնալ քաղաքական մեծ ասպարէզ որպէս գերհզօր պետութիւն, նոր հորիզոններ կրնան բացուիլ մեր ժողովուրդին դիմաց, ինչպէս փլուզումովը Խորհրդային Միութեամբ, երբ մէկ օրէն միւսը ստացանք Հայաստանի անկախութիւնը: Չգիտցանք եւ մինչեւ այսօր ալ հեռու ենք գիտակցելէ ատոր իրա՛ւ արժէքը: Ի՜նչ անկախութիւն, երբ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին երեսուն տոկոսը ապրուստի համար գաղթած է Ղազախստանի տափաստաններն ու սկանտինավեան երկիրներու սառնարանները:
Պա՛հն է աչալրջութեամբ դիմաւորել այս հանգրուանը ու պատրաստ գտնուիլ օգտուելու համար գալիք առիթէն: Անշուշտ երթը այս ճանապարհին եւս պիտի չըլլայ դիւրին, մանաւանդ Ղարաբաղի ապագան տակաւին կը մնայ անստոյգ եւ աւելին՝ բաժնուած կը մնայ Հայաստանի քաղաքական մտածողութիւնը նախագահական վերջին երեք ընտրութիւններէն ի վեր: Մանաւանդ այս տարուան յետընտրական դէպքերու լոյսին տակ, երբ անմիաբանութիւնը սկսած է բեւեռնալ այլեւս Երեւանի քաղաքական բեմին վրայ: Իշխանաւոր եւ ընդդիմադիր ճակատներ հեռատեսութեամբ դիմաւորելու են ապագայի ակնկալուած անակնկալ փոփոխութիւնները մեր տարածաշրջանէն ներս:
Անշուշտ Թուրքիան եւ իր որդեգիր Ատրպէյճանը մնայուն կերպով կը հետեւին Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր քաղաքական կեանքին, շա՛տ մօտէն:
Թուրքիան երբե՛ք վազ չէ անցած իր հի՜ն աշխարհակալ ծրագրէն՝ պանթուրանիզմէն, իրեն համար մեծ քաղաքական ու տնտեսական նշանակութիւն ունի օր մը դարձեալ դառնալու խալիֆան իսլամական աշխարհին ու թրքախօս իր երէկի հարազատ Կեդրոնական Ասիոյ ցեղախումբերուն: Տակաւին մենք՝ հայերս ենք իր այդ ճիւաղային ծրագրին արգելք եղողները: Ու արեւմուտքը վերջապէս պիտի ողջունէ եւ դիմաւորէ նման ծրագիր մը Ռուսաստանը առնելու աքցանի մէջ եւ Չինաստանին դիմաց նոր պատ մը բարձրացնելու համար: Ու եթէ կը հետեւինք տակաւին նոր օրերու ամերիկաեվրոպական տխուր քաղաքականութեան, երբեք տարբեր չէ երէկի անկլօսաքսոն ռազմավարութենէն:
Մեծ եղեռնի այս տարելիցին ալ այս մտածումներով դիմաւորենք եւ մնանք արթուն պահակները մեր արդար իրաւունքներուն եւ հնարամիտ ու միակամ ոյժերով ծրագրենք ազգային նոր քաղաքականութիւն մը գալիք տարիներուն համար:
Սակայն բնաւ չմոռնանք, որ մինչ այդ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ մեր միա՛կ թշնամին:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
«ԱԶԳ», 24.04.08

Tehran Time
Yerevan Time

No comments:
Post a Comment