Sunday, September 14, 2008

«Ա՜Խ, ԱՂԲԱՐԻԿ»

Այս օրերին եռակի ու քառակի խոսքաշատ են թուրքական թերթերը հայ-թուրքական հարաբերությունների մասին նյութերով: Բարեբախտաբար, օգտվելով Գյուլի Հայաստան այցին հետեւած դրական մթնոլորտից, աշխույժ են նաեւ մեր ժողովրդի եթե ոչ բարեկամ, այլ գոնե մարդկայնական արժեքներին հավատացող թուրք լրագրողները: Նրանցից նշանավոր լրագրող Ահմեդ Ալթանը «Թարաֆ» («Կողմ») թուրքական թերթի սեպտեմբերի 7-ի համարում ստորագրել է սրտառուչ մի գրություն` թուրք ընթերցողին ուղղված մարդասիրական կոչով: Հոդվածը թարգմանաբար լույս է ընծայել Պոլսո «Մարմարա» օրաթերթը, որից եւ արտատպում ենք: Երբ գրութիւն մը գրեմ հայերու մասին, տարօրինակ կերպով ձեռքս կ՛երկարի դէպի մարդոց սիրտը կոտտացնող մեղեդի մը: Ջութակի հատու ձայն մը եւ կամ դուդուկի տխուր երաժշտութիւն մը ունկնդրել կ՛ուզեմ: Թէեւ այս երկրին մէջ չեն սիրեր որ խօսուի, սակայն հայեր երկրագունդի վրայ ամէնէն մեծ ցաւերէն մէկն ապրեցան որպէս ժողովուրդ: Յանկարծ չըսէք, թէ «անոնք ալ մեզ սպանեցին»: Իսկապէս ամօթ է այդպիսի բան մը ըսել: Ռուսական սահմանի վրայի հայկական հրոսախումբերն ու Բուրսայի հայ կինը, Ադանայի տարեց մարդը, Սվասի մանուկը ի՞նչ կապ ունին իրարու հետ... Բացի հայ ըլլալէ: Իթթիհատականները անգթօրէն ցեղասպանութիւն մը գործադրեցին: Շատ անգթօրէն: Կեցէ՛ք, վայրկեան մը... Խնդրեմ, կեցէ՛ք... Եւ խորհեցէք... Գիշեր մը ձեր տան մէջ նստած էք, ձեր դուռը կը զարնուի եւ ստիպողաբար կ՛առնեն ու կը տանին ձեզ: Ձեր տան դուռը այդպէս բաց կը մնայ: Ճամբայ կ՛իյնաք: Կէս գիշերին, խառն ի խուռն ու յոգնած բազմութիւններու ձեւով լեռնային ճամբաներէն կ՛անցընեն ձեզ: Ճիշդ ձեր քովը տարեց կին մը յանկարծ ուժասպառ գետին կը փռուի: Կը խարազանեն զայն: Այդպէս ալ թփրտալով կը մեռնի: Իր լացող թոռնիկը կը զարնեն ժայռերուն: Կը կարծէք, թէ հէքիա՞թ են բոլոր ասոնք: Դուք գիտէ՞ք, թէ ինչ կը նշանակէ «Թեշքիլաթ-ը մահսուսան», այսինքն «յատուկ կազմակերպութիւնը»: Իթթիհատականներու այդ սարսափելի կազմակերպութիւնը: Պատահա՞ծ է, որ ձեր կինը բռնաբարեն ձեր աչքերուն առջեւ: Պատահա՞ծ է, որ ձեր ամուսինը կուրծքէն զարնեն եւ սպանեն ձեր աչքերուն առջեւ: Պատահա՞ծ է արդեօք, որ ձեր տան մէջ նստած ճաշելու ընթացքին, պարզապէս թուրք ծագում ունեցած ըլլալու պատճառով ձեզ գետնի վրայ քարշ տալով առնեն ու տանին: Միայն ու միայն հայկական ծագում ունեցած ըլլալու պատճառով է, որ հազարաւոր մարդոց դէմ այդպէս վարուեցան: Հայ ըլլալէ զատ ուրիշ ո՛չ մէկ պատճառ կար, որ անոնք սպանուէին: Մենք խիղճ մը ունինք: Պարզապէս անոր համար, որ նոյն արիւնը կը կրենք, ուրեմն այդ ոճրագործները, իթթիհատականները եւ «թեշքիլաթ-ը մահսուսայի՞ն» կողմը պէտք է բռնենք, թէ ոչ` պէտք է արտասուենք ուրիշ ազգէ մը սերած մանկան մը մահուան համար: Գիտէ՞ք արդեօք, թէ իթթիհատականները քանի հազարաւոր հայեր ժայռերու դէմ տալով սպանեցին: Սպանեցին միայն անոր համար, որ հայ էին անոնք: Գետերու մէջ խեղդամահ ըրին: Սուիններով դաշունահարեցին ու սպանեցին, երբ անոնք յոգնած եւ ուժասպառ` գետնին փռուեցան: Սպանեալ հայերու ինչքերը թալանեցին: Խորհեցէք անգամ կը, քաղցրաձայն հայ հարսի մը, կատակասէր, սեւաչեայ հայ մեծ մայրիկի մը, իր խոշոր ձեռքերով քարերուն շունչ տուող քարակոփ հայ վարպետի մը մասին... Սիրահարած հայ երիտասարդի մը... Դեռահաս հայ կնոջ մը մասին: Խորհեցէք այս բոլորին մասին: Եւ խորհեցէք այս բոլորին մասին, կէս գիշերին, լեռնային ճամբու մը վրայ: Անօթի, յոգնած, ուժասպառ եւ առանձին: Ոջլոտած: Հիւանդ: Գիտակից` թէ դէպի մահ կ՛առաջնորդուին: Գիտակից` որ դէպի մահ կը քալեն: Եւ կը սպանուին: Հարիւր հազարաւոր անձեր: Հարիւր հազարաւոր հայեր...: Անոնց ցեղը կարեւո՞ր է իսկապէս: Խորհեցէք անգամ մը, որ ձեր ամուսինը իր կուրծքէն կը քաշեն ու կը տանին, ցցելով ժայռի մը վրայ: Խորհեցէք, որ ձեր կինը ձեր թեւի տակէն կը քաշեն ու կը տանին ժայռի մը ետին պղծելու: Իսկապէս, բնաւ պիտի չյուզուի՞ք արդեօք, որ այդ անձերը միայն հայ ծագում ունեցած ըլլալու պատճառով է, որ այդպիսի տանջանքներու ենթարկուեցան: Վայրկեան մը, երկվայրկեան մը միայն դուք ձեզ այդ մարդոց տեղ դրէք: Պահ մը միայն անոնց այդ անճարութիւնը զգացէք: Ձեր սիրած մարդու սպանութեան ինչ ըլլալը հասկնալու համար ձեր ներաշխարհը պրպտեցէք անգամ մը: Եւ քանի որ թուրք ենք, ուրեմն պէ՞տք էր, որ մարդոց ապրած այդ տառապանքները անտես առնենք: Իթթիհատականները շատ մեծ մեղք գործեցին: Շատ մարդ սպանեցին: Ցեղ բնաջնջեցին, անցան: Եւ մենք, տարիներ շարունակ, արգիլեցինք այդ մարդոց, որ անոնք իրենց սիրելիները յիշեն սրտակեղեք երգերով: Այդ սրտակեղեք երգերն իսկ շատ տեսանք անոնց: Միշտ սուտ խօսեցան մեզի: «Անոնք ալ մե՛զ մեռցուցին», ըսին: Ռուսական սահմանին վրայ մահմեդական թուրքերը մեռցնող հայկական հրոսախումբեր կային եւ անոնք սպանուեցան: Անոնք ալ վայրենի էին: Բայց Մալաթիոյ, Բուրսայի, Սվասի, Մարաշի, Ադանայի կիները, մանուկները, այրերը, ծերերը ի՞նչ կապ ունէին այդ հրոսախումբերուն հետ: Իթթիհատականները զանոնք սպանեցին պարզապէս անոր համար, որ հայ էին անոնք: Աւելի վերջ ալ մեր սպանած անձերու թոռներուն բարկացանք, որովհետեւ անոնք կ՛ուզէին «այդ օրեր»էն խօսք բանալ: Եթէ ձեր մեծմայրը, մեծհայրը, մայրը, հայրը սպանէին, պիտի չուզէի՞ք բարձրաձայն աղաղակել այդ մասին: Պիտի չուզէի՞ք զգալ, որ պարտական էք անոնց: Պարապ տուէք իթթիհատականներուն, ոճրագործներուն, արիւնարբու հրացանակիրներուն: Դուք մօտիկ էք ո՛չ թէ անոնց, այլ մեռեալներո՛ւն: Դուք մարդ էք: Եւ հիմա «անոնց» երկիրը կ՛երթանք: Չեմ գիտեր պիտի կարենա՞նք յաջողիլ, բայց... Երանի՜ թէ անցեալի այդ օրերու յիշատակին մեր աչքերն ալ արցունքոտէին ու «ներեցէք մեզ» կարենայինք մրմնջել: Թերեւս մեր բոլորին կռնակէն մեծ բեռ մը կը թեթեւնար եւ թերեւս այնտեղ թաւ բեխերով տարեց հայ մը պահ կը ժպտէր մեր բոլորին համար սահմանուած գնացքի այդ ճամբուն վրայ: «Թարաֆ»-«Մարմարա»

No comments: