Sunday, October 11, 2009

Հայաստանի Ազատագրության Հայ Գաղտնի բանակը հերքում է

ՀԵՐՔՈՒՄ Կը հերքենք Երևանի «Առաւօտ» օրաթերթի այսօրուայ համարին մէջ մեր կազմակերպութեան անունով հրապարակուած, առանց թուականի, կեղծ յայտարարութիւնը ուր ըսուած է՝ Հ.Ա.Հ.Գ. Բանակը զօրավիգ կը հանդիսանայ Հ.Հ.-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ գործընթացին: Նոյնպէս կը հերքենք մեր կազմակերպութեան տարբեր համակիրներու տեսակետներն ու յայտարարութիւնները, Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ին վերագրելու միեւնոյն թերթի կողմէ պարբերական քայլերը: Այս թերթը երբէք չէ հրապարակած Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի պաշտօնական յայտարարութիւնները, ընդհակառակը միայն տպագրած է մեր կազմակերպութեան անունով կեղծ յայտարարութիւններ եւ թրքամէտ յօդուածներ: Հ.Հ.-Թուրքիա յարաբերութիւններու ճակատագրական եւ զգայուն ներկայ գործընթացի գծով Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի հրապարակային լռութիւնը չի նշանակէր, որ մեր կազմակերպութիւնը ուշադրութեամբ չի հետեւիր ընթացող զարգացումներուն եւ համապատասխան քայլեր չի նախաձեռնէր անոնց նկատմամբ: Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ն իրեն կը վերապահէ իրաւունք, այդ քայլերու մասին հանրութեանը հաղորդակից դարձնելու պահը: 10.10.2009 Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ

1 comment:

M.A.cacho NALPA. said...

Harkely hayrenagitzner; Getze ASALA iev polor iejpairnerun vor irentz ariunovu Hayastane ge baybanen iev mer chi yantchatz dedenerunis ge harkek, nuinisk mezi Diasporadai menatchatz hayerunerun; Shnoragalutiuner ge haytem iev misht harach.- Miguel Angel Nalpatian(1942).- Mar del Plata.- Buenos Aires.- Rca Argentina.- orgwelcome@hotmail.com www.armeniarebelde.unlugar.com