Tuesday, September 20, 2011

Անկախության գրավականը բանակն ու ընկերային արդար վիճակն է. ՍԴՀԿ ԿՎ

Հայաստանի անկախութեան 20 ամեայ յոբելիարին կապակցութեամբ, ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհավորէ Հայ ժողովուրդը՝ Հայրենիքի, Ղարաբաղի, թէ Սփիւռքի տարածքին:
Կար ժամանակ երբ անկախութեան գաղափարը իր ծրագրին մէջ առաջինը բանաձեւած եւ որպէս այդպիսին երկար տարիներ հայ իրականութեան մէջ, միակը հանդիսացող Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը կամբաստանուէր «ցնորատեսութեան» եւ երեւակայական գաղափարներ հետապնդելու մէջ: Ահա այսօր, անկախութիւնը 20 տարիներ կտրած իրականութին է ե արմատացած կենսակերպ:
Այս առթիւ առաջին հերթին կը շնորհաւորենք անկախութեան պայքարի թոհուբոհին մէջ ծնած ու ձեաւորուած հայկական բանակը՝ անկախութիւնն ու անկախութեան նուաճումները արտաքին թշնամիներին պաշտպանելու միակ երաշխիքը:
Մեր հաստատ համոզմամբ անկախութիւնը կամրապնդուի աւելիով ե այն կը դառնայ անխոցելի երբ ներքին կեանքին մէջ եւս խորանայ ժողովրդավարութիւնը, նուազագոյնի իջնայ դասակարգերու միջև ահաւոր բևեռացումը:
Ազգային մարտունակ ու կազմակերպուած բանակ ու ընկերային արդար իրավիճակ. Ասոնք ենք այն գրաւականները, որոնցով հայ ժողովուրդն իր անկախ ու ինքնիշխան կեանքով պիտի նուաճէ նոր, բարձուքներ եւ նոր 20 ամեակներ:
Փառք դժուարին պայմաններու պայմաններու մէջ անկախ հայրենիք կերտած հայ ժողովուրդին:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցության Կեդրոնական Վարչություն
Երեւան. 20.09.2011

No comments: