Sunday, December 4, 2011

Տէրսիմի Բանավէճը Կը Շարունակուի Նորանոր Պահանջներու Լոյսին Տակ

«ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐԽԻՒԸ ՉԻ ԲԱՒԵՐ, ՊԷՏՔ Է ԲԱՑՈՒԻ ՆԱԵՒ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՐԽԻՒԸ»

«Մարմարա» օրաթերթ, Ստամբուլ, 03.12.2011: Տէրսիմի մէջ 1936-ին եւ յաջորդական թուականներուն ժողովուրդին դէմ կատարուած սպանդը եւ այս մասին Նախագահ Կիւլի վերջին յայտարարութիւնը պատճառ դարձած են որ այժմ շատեր իրենց ուշադրութիւնը դարձնեն դէպի այս նիւթի շուրջ Սպայակոյտի Նախագահութեան արխիւը: Նախագահ Կիւլ անցեալ օր ըսած էր որ մեծ պետութիւնները իրենց անցեալի պատմութենէն չեն վախնար, ինք կը խորհի որ Տէրսիմի մասին կարելի է բանալ պետութեան արխիւները եւ անոնք բաց են արդէն: Բայց հոսկէ հոնկէ կը բարձրանան ձայներ, որոնք անկէ ալ աւելին կը պահանջեն: Այդ ձայներէն մէկը Թունճէլիցի շարժանկարիչ Էօզկիւր Ֆընտըքի ձայնն է: Էօզկիւր Ֆընտըք ըսաւ որ պետական արխիւներու բացումը բաւարար չէ, պէտք է բացուի նաեւ այս նիւթի շուրջ Սպայակոյտի Նախագահութեան արխիւը: Եւ Էօզկիւր Ֆընտըքի այս կարծիքը կարեւոր կը դառնայ անով որ այս շարժանկարիչը ութ տարիներէ ի վեր կը զբաղի Տէրսիմի խնդրով ու մինչեւ այսօր հինգ վաւերագրական շարժանկարներ նկարահած է 1937-38 թուականներու Տէրսիմի անցուդարձերուն մասին:

Էօզկիւր Ֆընտըք դժգոհ չէ Տէրսիմի հարցով այսօր ստեղծուած բանավէճին գնացքէն, միայն թէ ան աւելին կ’ուզէ եւ կը գանգատի Ճէ.Հէ.Փէ.-ի կեցուածքէն:

Ան դիտել կուտայ որ երկար տարիներէ ի վեր կարօտն ունէին այն հանգրուանին որ ստեղծուած է այսօր: Իր դարձուցած վաւերագրական ժապաւէններէն «Սեւ վակոն» անուն ժապաւէնին մէջ ան խօսեցուցած է Տէրսիմի դէպքերուն ականատես դարձած զինուորներ ու աքսորուած Տէրսիմցիներ: Ան ծանր լեզուով քննադատեց Ճէ.Հէ.Փէ.-ի Կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուն, որ երբ վարչապետ Էրտողան Տէրսիմի համար պետութեան անունով ներողութիւն խնդրեց, «վարչապետը Հայկական Սփիւռքին պէս խօսիլ սկսաւ» ըսած էր: Քըլըճտարօղլու այն անձն է որ հարցազրոյց ըրած է այդ շրջանի Ապահովութեան Տնօրէն Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլի հետ, ուստի ո՞վ Տէրսիմի ճշմարտութիւնը աւելի լաւ պիտի գիտնայ, եթէ ոչ ան: Մինչդեռ ան Տէրսիմի մասին ըրաւ այնպիսի լուսաբանութիւներ որոնք ցոյց կուտան թէ Ճէ.Հէ.Փէ.-ի կուսակցապետը տակաւին որքան Քէմալիսթ, որքան յետադիմական, որքան պաշտօնական պետական գաղափարախօսութեան տէր մէկն է: Արդէն Ճէ.Հէ.Փէ. կուսակցութիւնն ալ ճիշդ այս մտայնութեամբ դիրք գրաւեց Տէրսիմի հարցին դէմ: Մինչդեռ այս կուսակցութիւնը հիմա պէտք է կատարէ իրմէ սպասուած պարտականութիւն մը:

Էօզկիւր Ֆընտըք կը յիշեցնէ թէ 1935-ին քուէարկուեցաւ Թունճէլիի օրէնքը, 1937-ին ալ ընդունուեցաւ Նախարարաց Խորհուրդի որոշումը: Հիմա շատեր հարց կուտան թէ Աթաթիւրքին տեղը ի՞նչ էր այս պատահարներուն մէջ: Էօզկիւր Ֆընտըք կը պնդէ որ շատ բացայայտ է որ Աթաթիւրք այս խնդրին մէջն է եւ ան է որ կատարած է այս գործողութիւնը: Ան միակ անձն է որ քաղաքական այդ շրջանի գաղափարախօսութեան լոյսին տակ իրականացուցած է Տէրսիմի գործողութիւնը:

Էօզկիւր Ֆընտըք կը պաշտպանէ այն կարծիքը թէ հիմա պէտք չէ հարցը խեղդել այն հարցումին մէջ թէ ո՞վ ըրաւ այս գործողութիւնը: Ինք աւելի քան 250 ականատեսներու հետ խօսած է եւ իւրաքանչիւր անձ, որուն հետ խօսած է, ինքնին փաստաթուղթ մըն է: Մանուկնե՜ր որոնք դիակներու տակէն ազատեցան, մայրե՜ր որոնք իրենք զիրենք իրենց զաւակներուն վահան դարձուցին: Հիմա ոչ մէկը իրաւունք ունի բանավէճի նիւթ դարձնելու այսպիսի տառապանք մը ապրած ժողովուրդի մը ցաւերը: Այս պատճառաւ ալ պայման է որ երեւան հանուին ճշմարտութիւնները: Կարեւոր չէ որ հիմա ով կը գտնուի Ճէ.Հէ.Փէ.-ի գլուխը, որովհետեւ արդէն յայտնի է այս կուսակցութեան մտայնութիւնը: Այս կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է ամբողջ ժողովուրդը նոյնանման կերպարի մը վերածելու քաղաքականութեան վրայ: Ասոնք են որ հնարած են նախադասութիւններ ինչպէս «Թուրքը Թուրքէն ուրիշ բարեկամ չունի» կամ «Երանի անոր որ Թուրք եմ կ’ըսէ»: Այս նախադասութիւնները գաղափարական լոզունգներու վերածուեցան ու լեռներու վրայ իսկ արձանագրուեցան, ըսաւ Թունճէլիցի շարժանկարիչ Էօզկիւր Ֆընտըք:

No comments: