Thursday, September 20, 2012

Սիրիայի Ազատ բանակը հերքում է

Սուրիոյ ընդդիմադիր ազատ բանակը Հալէպահայերու սպաննութեան պատասխանատուն կը համարէ
վարչակարգի ուժերը Սուրիոյ Ազատ Բանակի Հալէպի մէջ գործող գումարտակներէն մէկը հրապարակեց տեսագրուած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ, Հալէպի օդակայանի ճամբուն եւ հայաշատ թաղամասերուն մէջ գործող ընդդիմադիր ուժերու ղեկավար Ալի Պալօ կ'անդրադառնայ Հալէպահայերու սպաննութեան վերջին դէպքերուն: Յայտարարութիւնը ցուցադրուեցաւ Արաբական հեռուստակայաններու վրայ: Տեսագրութենէն օրինակ մը հասաւ նաեւ Ռատիօ Սեւանին: Նշենք, որ տեսագրութիւնը կարելի է գտնել նաեւ youtube.com կայքէջին վրայ, հետեւեալ link-ով` http://www.youtube.com/watch?v=xoNF2CBPRho Յայտարարութեան մէջ թարգմանաբար կ'ըսուի. «Սուրիոյ Ազատներ գումարտակի անունով, կը դատապարտենք Սուրիացի քաղաքացի Հայերու ուղղութեամբ կատարուած հրաձգութիւնները, Հալէպի օդակայանի ճամբուն վրայ եւ քաղաքի այլ շրջաններուն մէջ, Պաշշար Էլ Ասատի աւազակախումբերուն ձեռամբ: Կը հերքենք մեր պատասխանատւութիւնը այդ յարձակումներուն, որոնց նպատակն է համայնքային եւ ցեղային հակամարտութիւն յառաջացնել: Մենք, Սուրիացիներս, միասնական ենք, բոլոր համայնքներով եւ խաւերով: Կեցցէ՛ ազատ Սուրիան»: Ռատիօ Սեւան Լրատուական Բաժանմունք

No comments: