Saturday, October 20, 2012

Ընտրվեց Երուսաղեմի պատրիարքի տեղապահ

«Լրագիր», 20.10.2012: 19 Հոկտեմբեր, 2012-ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գումարեց իր ԻԱ Նիստը: Ժողովին մասնակից էին 29 միաբան հայրեր՝ Երուսաղէմէն եւ արտասահմանի հայոց թեմերէն: Ժողովը բացուեցաւ հանգստեան աղօթքով Երուսաղէմի հոգելոյս Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանին հոգւոյն համար: Ժողովին օրակարգային հարցն էր ըստ Միաբանական Ուխտի 24-րդ կանոնի միանուն քուէով ընտրել Պատրիարքական Տեղապահ: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը խաղաղ կերպով կատարեց Տեղապահի ընտրութիւնը, որուն որպէս արդիւնք Սրբոյ Աթոռոյս Էքումենիք եւ Արտաքին Յարաբերութեանց Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան, ձայներու ճնշող մեծամաս-նութեամբ, ընտրուեցաւ Պատրիար-քական Տեղապահ: Ժողովի աւարտին նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալական խօսքն ուղղեց ժողովականներուն իրենց վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին: Նորընտիր Տեղապահ Սրբազանը պէտք է նախագահէ հոգելոյս Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան արարողութեանց: Նորընտիր Տեղապահին պարտականութիւնն է նաեւ հոգելոյս Պատրիարքին մահուան քառասունքէն յետոյ ձեռնարկել նոր Պատրիարքի ընտրութեան:

No comments: