Saturday, October 10, 2009

Բաց Նամակ Հայաստանի Հանրապետութեան

Վսեմաշուք Նախագահին եւ Իշխանութիւններուն Վսեմաշուք տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 31 Օգոստոս 2009ին համաձայնեցուած երկու արձանագրութիւնները մեծ մտահոգութիւն պատճառած են ամբողջ հայութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, քանի անոնց ընդունած կարգ մը կէտերու ընդմէջէն կը վտանգուին Հայ Դատն ու Հայկական Արդար Պահանջանտիրութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական փաստացիութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման հրամայականը, յետ-ճանաչման հատուցումներու թըղթածրարը, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնախնդիրը՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի իրաւականութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ վերեւ յիշուած երկու արձանագրութիւններուն 10 Հոկտեմբեր 2009ին կայանալիք հապճեպ ստորագրութիւնը մեզ գիտակցօրէն պիտի դնէ անվերականգնելի եւ պատմական սխալի մը առջեւ, որ կրնայ խախտել հայ ժողովուրդի միասնակամութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ պառակտում յառաջացնել: Որպէս Կիպրոսի հայ համայնքը բաղկացնող կառոյցներ՝ Եկեղեցի, Ազգային Իշխանութիւն, քաղաքական ղեկավարութիւն եւ համայնքի կազմակերպութիւններ, մեր բողոքի ձայնը կը միացնենք մեր Հայրենաբնակ եւ Սփիւռքահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ահազանգ բարձրացնելու այս վտանգաւոր հաւանականութեան դիմաց: Հայաստան իրաւունք ունի բաց սահմաններ ունենալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, սակայն որպէս իշխանաւորներ պարտիք երաշխաւորել ցեղասպանութեան փաստը, Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան ու Արցախեան հիմնախնդիրի իրաւացիութիւնը, աjլապէս, այսպիսի անընդունելի փաստաթուղթերու ստորագրութիւնը, ամբողջ հայութիւնը դրած կþըլլայ անդառնալի, անվերականգնելի եւ խիստ վտանգաւոր կացութեան մը առջեւ: Արդ Պարոն Նախագահ, կը խնդրենք չաճապարել եւ խնդրայարոյց կէտերը լրջօրէն յստակեցնել,հարկ եղած սրբագրութիւնները կատարել եւ ապա միայն ստորագրութեամբ վաւերացնել: Որեւէ փաստաթուղթ հիմնուած պէտք է ըլլայ պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ: Յուսով ենք, որ նկատի կþառնէք մեր մտահոգութիւնները: Յարգանօք եւ լաւագոյն մաղթանքներով, Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Կիպրոսի Հայոց Ազգային Իշխանութեան Թեմական Ժողով Կիպրոսի Հայոց Ազգային Իշխանութեան Վարչական Ժողով Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի կառոյց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի կառոյց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի կառոյց Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կիպրոսի «Սօսէ» Մասնաճիւղ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն - Կիպրոս «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.-Հայ Երիտասարդաց Միութիւն Լիմասոլի Հայ Երիտասարդաց Միութիւն Լառնաքայի Հայ Ակումբ Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Երիտասարդական Միութիւն «Արձագանգ» Ամսաթերթի Խմբագրութիւն «Ազատ Ձայն» Ամսաթերթի Խմբագրութիւն «Կիպրահայեր» Ելեկտրոնիք Շաբաթաթերթի Խմբագրութիւն

No comments: