Wednesday, November 30, 2011

«ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ ՀՐԱՀԱՆԳԵՑ« ՄԵՆՔ ԱԼ ԶԱՐԿԻՆՔ»

Ճինտօրուք Կը Պատմէ Թէ Ճէլալ Պայար Ինչեր Ըսած Էր Տէրսիմի Դէմ Կատարուած Գործողութեան Մասին

«Մարմարա» օրաթերթ, Ստամբուլ, 29.11.2011: «Ռատիքալ»-ի աշխատակից Էզկի Պաշարան ցնցիչ հարցազրոյց մը ունի յայտնի քաղաքագէտ Հիւսամէնտտին Ճինտօրուքի հետ« որ երկար տարիներ փաստաբանը հանդիսացած է Ճէլալ Պայարի: Տրուած ըլլալով որ Տէրսիմի ջարդը կատարուած էր Ճէլալ Պայարի վարչապետութեան օրով« յօդուածագիրը Ճինտօրուքին հարցուցած է թէ Պայար ինչեր պատմած ըլլալու էր իրեն Տէրսիմի մասին: Ճինտօրուքի պատասխանը բաւական կարծր ու ցնցիչ է: Ըստ Ճէլալ Պայարի պատմածին« այդ թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր ամբողջական տիրապետութիւնը հաստատած էր «Միսաքը Միլլի»-ով ճշդուած սահմաններէն ներս« ամենուրեք« բացի Թունճէլիէն« որ կը մերժէր ճանչնալ Թուրքիոյ հանրապետութեան տիրապետութիւնը: Թունճէլիի մէջ ընդդիմադիրները իրենք զիրենք Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս կը նկատէին« տուրք չէին վճարեր« ոստիկան զօրաց ուժերը ներս չէին ընդուներ: Թունճէլիի աշխարհագրութիւնն ալ յարմար էր այսպիսի ըմբոստ կեցուածքի մը: Բազմաթիւ օրէնքներ քուէարկուեցան Թունճէլիի մասին« բայց անոնք ալ օգուտ չունեցան: «Այն ատեն Աթաթիւրք «զարկէք» ըսաւ ու մենք ալ զարկինք» ըսեր է Պայար: Կատարուած գործողութեամբ ու ջարդով Թունճէլին եւս միացուած եղաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Այսպէս պատմած է եղեր Ճէլալ Պայար:

Ճինտօրուք այն կարծիքը կը յայտնէ որ ճիշդ չեն խօսիր այն մարդիկը որոնք այսօր կը պնդեն որ Աթաթիւրք լուր չունէր Տէրսիմի գործողութենէն« այդ թուականին արդէն հիւանդ էր« եւայլն: Ասիկա ճիշդ չէ« առանց Աթաթիւրքի գիտակցութեան ոչ այսպիսի գործողութիւն մը կը կատարուէր« ոչ ալ Աթաթիւրքի հոգեզաւակը Սապիհա Կէօքչէն կրնար մասնակցիլ այսպիսի գործողութեան մը: Այս պատճառաւ անիրաւութիւն է Տէրսիմի պատասխանատուութիւնը ամբողջովին բեռցնել Ինէօնիւին կամ Պայարին վրայ: Աթաթիւրքի նպատակը յստակ էր« ան ուզած էր Թունճէլին առնել Թուրքիոյ տիրապետութեան սահմաններէն ներս: Այդ շրջանի քաղաքական գործիչները կրնայի՞ն առարկել« դէմ գալ Աթաթիւրքի հրահանգներուն: Մնաց որ Պայար եւ այսպիսի անձեր կարծր պատերազմէ եկած մարդիկ էին ու անոնք չէին գանգատեր նմանօրինակ խիստ միջոցառումներէ:

Միայն թէ« ըստ Ճինտօրուքի« վարչապետին ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ« կառավարութիւնները գնայուն են« պետութիւնն է որ մնայուն է եւ որպէսզի Պետութիւնը ներողութիւն խնդրած ըլլայ« պայման է որ քննիչ յանձնախումբ մը կազմուի Խորհրդարանէն ներս: Այն ատեն անիկա երեւան կը հանէ գործուած սխալները« հատուցում կը վճարէ այս ջարդէն վնասուածներուն:

Միայն թէ Ճինտօրուք մտահոգ է որ ասկէ վերջ ուրիշ հարցեր երեւան կուգան: Ասոնցմէ գլխաւորն է Հայկական հարցը: Եթէ Տէրսիմի համար ներողութիւն խնդրես« Հայկական Սփիւռքը պիտի չհարցնէ՞ թէ իր խնդիրը ինչ պիտի ըլլայ: Եւ եթէ ատոր համար ալ ներողութիւն խնդրուի« Ամերիկեան ապահովագրութեան ընկերութիւնները անտանելի գումարներ պիտի պահանջեն Թուրքիայէ: Աւելին կայ: Թերեւս պէտք պիտի ըլլայ նաեւ ներողութիւն խնդրել Ապտուլլահ Էօճալանէն:

No comments: