Tuesday, January 17, 2012

Թուրքիայի համալսարանում՝ Հայագիտության ամբիոն

Հայաստանցի Լեզուաբաններ՝ Հայկանոյշ Մեսրոպեան Եւ Թամար Ալիքսանեան Մօտ Օրէն Պաշտօնի Պիտի Ձեռնարկեն Past.am. 17-1-2012- Անցեալ շաբաթավերջին, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք այցելութիւնը երկու արժէքաւոր Հայաստանցի մտաւորականներու՝ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Լեզուաբանական Համալսարանի դասախօս, բանասէր, գիտութիւններու թեկնածու, տոցէնթ Հայկանոյշ Մեսրոպեանի, Գաւառի Պետական Համալսարանի Հայոց լեզուի ամպիոնի դասախօս՝ Թամար Ալիքսանեանի, որոնք եկած էին մեզի տեղեկացնելու թէ իրենք մօտ օրէն պաշտօնի պիտի ձեռնարկեն Թրաքիոյ Համալսարանին մէջ, որպէս հայերէն լեզուի դասախօսներ։ Մեր հիւրերը յայտնեցին մեզի թէ Գերմանիոյ Կէօթէ Էնսթիթիւի միջնորդութեամբ, որոշուած է Հայերէն Լեզուի ամպիոն հաստատել Թուրքիոյ մէջ եւ ասոր համար ընտրուած է Էտիրնէ քաղաքի Թրաքիա Համալսարանը։ Տեղեկացանք որ այս որոշման հիման վրայ երեք տարիէ ի վեր փոխադարձ շփումներ կը կատարուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Լեզուաբանական Համալսարաններու դասախօսներուն եւ տեսուչներուն միջեւ։ Գործակցութեան նախաքայլը առնուած է հետեւեալ կերպով. Թրաքիոյ Համալսարանի Լեզուագիտութեան բաժնի Դասախօս Փրօֆ. Տօքթ. Սէվինչ Մատէն Սաքարիա, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ հրաւէր ստացած է եւ 2010ին Երեւանի մէջ գործող օտար լեզուներու համալսարաններուն մէջ դասախօսութիւններ սարքած էր, գերմաներէնի ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով։ Այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացած է որ ծրագիրներ մշակուին Թուրքիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, լեզուներու փոխանակման եւ ուսուցման գործակցութիւն հաստատելու համար։ Այս ծրագրի հիման վրայ, Թրաքիոյ Համալսարանի տեսուչ, պատմաբան Փրօֆ. Տօքթ. Էնվէր Տուրան, Հայաստան գացած է, ծանօթութիւններ հաստատած է Հայերէն լեզուի մասնագէտ դասախօսներու հետ, վերադարձին, անոնց հետ համացանցային ճամբով երկխօսութիւններ մշակած է եւ յարմար նկատած է որ Հայաստանցի մեր այս երկու լեզուաբանները որպէս դասախօս պաշտօնի կոչուին իրենց համալսարանին մէջ։ Մեր յարգելի հիւրերը՝ Հայկանոյշ Մեսրոպեան եւ Թամար Ալիքսանեան յայտնեցին մեզի որ իրենք կրնան թէեւ դասաւանդել արեւմտահայերէնով, բայց իրենց առաջարկուած է դասաւանդել արեւելահայերէնով, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ հասնին Հայաստանցիներու հետ երկխօսութիւն հաստատելու կարելիութիւնն ունեցող, արեւելահայերէն լեզուի քաջատեղեակ անձեր։ Հայաստանցի դասախօսները պատմեցին որ անցեալ շաբաթ Թուրքիա եկած, պատասխանատուներու կողմէ դիմաւորուած եւ առաջին հերթին Էտիրնէի Համալսարանը գացած են։ Էտիրնէի մէջ չափազանց ջերմ ընդունելութեան արժանացած եւ պաշտօնի ձեռնարկելու համար պայմանագրութիւն ստորագրած են։ Աչքէ անցուցած են այն յարկաբաժինները, որ ապահովուած է իրենց կեցութեան համար։ Տեսած են նաեւ Համալսարանի այն մասնասենեակները, որոնք իրենց անուններով մկրտուած են եւ պիտի տրամադրուին իրենց։ Ուրախացած են տեսնելով Հայաստանի դրօշակը, որ տեղ գրաւած է բազմաթիւ երկիրներու շարքին։ Շրջած են դասարաններու մէջ եւ գրատախտակին վրայ գրած են. «Սովորում ենք հայերէն»։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրաքիոյ Համալսարանին մէջ կը դասաւանդուին բազմաթիւ լեզուներ, որոնց կարգին տեղ պիտի գրաւէ նաեւ հայերէնը։ Յաջողութիւն մաղթեցինք Հայաստանցի մեր թանկագին մտաւորականներուն։ «Մ»

No comments: