Wednesday, November 30, 2011

«ՏԷՐՍԻՄԻ ՀԱ՞ՐՑՆ ԱԼ ԹՈՂՈՒՆՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԸ»

«Մարմարա» օրաթերթ, Ստամբուլ, 29.11.2011: «Սթար» թերթի մէջ Ճաֆէր Սոլկուն հրատարակած է «Պատմաբանները ի՞նչ բան պիտի վիճաբանէին Տէրսիմի խնդրին մէջ» խորագրեալ յօդուած մը« ուր ան կը քննադատէ Տէրսիմի խնդրին մէջ Ճէ Հէ Փէի (Ժողովրդա-Հանրապետական կուսակցություն) մերժողական կեցուածքը: Ճէ Հէ Փէ¬ի համար Տէրսիմը առիթ մըն էր վերանորոգուելու« սակայն Գըլըճտարօղլու փախցուց այդ առիթը« կþըսէ ան:
Յօդուածին ամէնէն հետաքրքրական կողմը այն է թէ ան դիտել կուտայ որ« հակառակ Տէրսիմի մասին ժխտումի քաղաքականութեան« Ճէ Հէ Փէ նոր ծաւալ մը շահեցուց բանավէճին: Ճէ Հէ Փէ¬ի յայտարարութիւններէն յայտնի դարձաւ որ այս կուսակցութիւնը կþուզէր Տէրսիմի հարցը յանձնել պատմաբաններուն« այլ ոչ թէ քաղաքագէտներուն: Այս նախադասութիւնը յաճախ լսած էինք 1915-ի հայկական տեղահանութեան խնդրի կապակցութեամբ եւս« կը գրէ յօդուածագիրը: Այնպէս կը թուի որ այն շրջանակները որոնք մեր մօտիկ անցեալի կեղտոտ էջերուն հետ երես առ երես գալէ կը խուսափին« ամէն անգամ որ դէմ յանդիման մնան իրենց համար անախորժ նիւթի մը հետ« պիտի թաքնուին հարցը պատմաբաններու փոխանցելու առաջարկի մը ետին:
Մինչդեռ գոնէ Տէրսիմի խնդրին մէջ այլեւս պէտք չկայ պատմաբաններու« քանի որ այս դէպքը հեռաւոր անցեալի կամ պատմութեան խորհուրդներուն մէջ մնացած հարց մը չէ« 1938-էն ասդին տակաւին կենդանի ականատեսներ կան: Հարցը պատմաբաններու կամ ակադեմականներու պաղարիւն վիճաբանութեան հարցը չէ եւ ասիկա հարց մըն է որ կը շարունակէ արիւնիլ որքան ատեն որ այսպէս թաղուած կը մնայ:
Յօդուածագիրը դիտել կուտայ նաեւ որ Ճէ¬Հէ¬Փէ չուզեց այս խնդրին անդրադառնալ« բաւական ալ խրտչելով այն հարցումէն թէ Աթաթիւրք եւս տեղեակ էր Տէրսիմի ջարդէն: Յօդուածագիր Ճաֆէր Սօլկուն« որ արդէն Տէրսիմի մասին ստուար ուսումնասիրութիւն մը ունի եղեր« դիտել կուտայ որ փաստաթուղթեր կան այն մասին թէ Աթաթիւրք տեղեակ էր: Յօդուածագիրը կը նշէ երկու փաստաթուղթեր« առաջինը 1936 թուականին Խորհրդարանի բացման օրը Մուսթաֆա Քէմալին ճառախօսութիւնն է« կարելի է կարդալ Խորհրդարանի Ատենագրութիւններուն մէջ: Այս ճառախօսութեան մէջ Աթաթիւրք կþըսէ թէ Տէրսիմը մեր ամէնէն կարեւոր ներքին խնդիրն է« ասիկա պալար մըն է եւ այս հարցը պէտք է արմատէն լուծուի« այս մասին կառավարութեան կը տրուին բոլոր լիազօրութիւնները:
Երկրորդ փաստաթուղթն ալ 4 Մայիս 1937 թուակիր նախարարներու խորհուրդի որոշումն է: Ասոր տակ ստորագրած են Աթաթիւրքը եւ սպայակոյտի նախագահ Ֆէվզի Չաքմաք: Այս փաստաթուղթը ցոյց կուտայ որ Տէրսիմի մասին բանակին հրահանգ տրուած է մաքրագործում ընելու:

No comments: